ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին:
Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը ներկայացնող երէց-պարմանուհիները, խմբապետական կազմերը, մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Շրջանային խմբապետական կազմը, շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաքուեցան Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանայի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ապրիլ 23-ը հայ սկաուտին համար պայքարի օր է, պահանջատիրութեան օր է»: Ան աւելցուց, որ տարիներու աւանդութեան նման, Պիքֆայայի յուշարձանին առջեւ հաւաքուած սկաուտները կը վերանորոգեն իրենց խոստումը, թելադրելով, որ այս խոստումին հաւատարիմ մնալով անոնք շարունակեն պահանջել հայութեան ազգային արդար իրաւունքները, մինչեւ որ հասնինք Հայ դատի պահանջատիրութեան ամբողջական յաղթանակին:
Ապա «Յառաջ, նահատակ» քայլերգի եւ «Կիլիկիա» երգի երգեցողութեամբ սկաուտները միասնաբար ուխտեցին վառ պահելՀայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի անունով ծաղիկներ զետեղեցին` առ ի յարգանք մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն անթառամ յիշատակին:
Պէտք է յիշել, թէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքներուն ծիրին մէջ նաեւ նախաձեռնեցին ու պատրաստեցին յատուկ տեսերիզ մը, որ զետեղուած է դիմատետրի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտներուն հետեւեալ էջին վրայ. https://www.facebook.com/ScoutsOfHomenetmenLebanon/?ref=aymt_homepage_panel
Իսկ երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը ներկայացնող 400 սկաուտներ ներկայ գտնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման սուրբ եւ անմահ պատարագին` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ: Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խումբերը տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ: