Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Ապրիլեան Ուղիով Ազգային- Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

Ապրիլ 27, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ուղիով ազգային երգերու երեկոյ կատարողութեամբ արցախցիներ` «Էքս Ֆեքթըր»-ի մրցումի աւարտական փուլին հասած Եուրի Ադամեանի եւ Նարեկ Վահանեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Հրայր Պարսումեան: Ան յայտնեց, որ 1915-ին թուրքը անմարդկային ամէն միջոց օգտագործելով փորձեց բնաջնջել հայութիւնը, սակայն ճակատագիրի դաժանութեան յանձնուիլ մերժող հայը ինքն իր նահատակներուն ընդմէջէն յարութիւն առած ոտքի ելաւ, շարունակեց ապրիլ, կառչած մնաց կեանքին ու ազատութեան եւ երեք տարի ետք միայն կերտեց մայիսեան անկախութիւնը, ապա ՀՅԴ-ի միջոցով կազմակերպեց «Նեմեսիս»-ի գործողութիւնը, տարաւ զինեալ պայքար` Լիզպոնի տղոց եւ իրենց ընկերներուն նման տղաք նուիրելով արդարութեան խորանին, կտրեց միջազգային լռութեան շղթան` լսելի դարձնելով պահանջատէր հայու արդար ձայնը, որ կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդար հատուցումը:

Շարունակելով իր խօսքը` Պարսումեան ըսաւ, որ համայն հայութիւնը Հայաստանով, Արցախով ու սփիւռքով տարաւ Արցախի ազատագրական պայքարը եւ նուիրելով իր լաւագոյն տղաքը եկաւ հաստատելու, որ մենք ենք տէրը մեր Արցախին: Ան նաեւ յայտնեց, որ տարի մը առաջ, երբ ազրպէյճանական զօրքերը անակնկալ յարձակումներու դիմեցին Արցախի դէմ, հայութիւնը դարձաւ մէկ բռունցք եւ մէկ մարմին ու ետ շպրտեց թշնամին:

«Մենք հզօր ազգի զաւակներ ենք եւ չենք յանձնուիր ճակատագիրին, այլ կը կերտենք մեր ճակատագիրը ու կը պայքարինք մեր նպատակներուն համար: 24 ապրիլը մեզի համար սուգի ու ողբի օր չէ, այլ` մեր ուխտի վերանորոգման առիթ, ուր բոլորս միասին կ՛ուխտենք հաւատարիմ ըլլալ Հայ դատին»,  հաստատեց Հրայր Պարսումեան եւ կոչ ուղղեց ներկայ պատանիներուն ըլլալու տիպար ու բարի, մնալու հայ, հեռու մնալու օտարամոլութենէն եւ յոռի երեւոյթներէն, որովհետեւ անոնք են հայութեան ապագան եւ անոնք պիտի շարունակեն Հայ դատի պահանջատիրական երթը:

Եզրափակելով իր խօսքը` Պարսումեան մաղթեց, որ արցախցի երգիչներ Եուրի Ադամեանի եւ Նարեկ Վահանեանի անսպառ ձայները մեզ տանին դէպի հոն, ուր կը գտնուի ամէն հայու սիրտն ու հոգին, դէպի երկիր, դէպի հայրենիք եւ բոլորս միասին վերանորոգենք մեր ուխտը` մնալու հաւատարիմ մեր սկզբունքներուն, մեր գաղափարներուն, մեր նպատակներուն եւ մանաւանդ մեր գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Այնուհետեւ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Եուրի Ադամեան եւ Նարեկ Վահանեան հանդիսատեսներուն փոխանցեցին արցախեան շունչը` մեկնաբանելով ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Տուն իմ հայրենի», «Ախ էն երկրի հողին մատաղ», «Հայ զինուոր», «Դաշնակ Դրօ», «Ո՛վ հայոց մայրեր», «Արա զօրավար», «Մշեցու զաւակ», «Կեանք ու կռիւ», «Արցախ», «Կարօտ», «Ելէք հերոսներ», «Արցախիս», «Ես չեմ ուզում», «Հայաստան», «Իմ Արցախում», «Գալիս եմ ետ»: Եուրի Ադամեան մեկնաբանեց նաեւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին նուիրուած «Չսպիացող ապրիլ» երգը, որուն բառերը ինք յօրինած է, ինչպէս նաեւ կիթառի վրայ նուագելով երգեց «Թռչէի մտքով տուն» երգը:               Իսկ  Նարեկ Վահանեանի մեկնաբանութեամբ «Հոռովել» եւ Եուրի Ադամեանի մեկնաբանութեամբ «Արշալոյս» երգերուն տուտուկի վրայ ընկերակցեցաւ Կասիա Էճիտեան:

Նախորդը

Հայաստանեան Համալսարաններու Պատասխանատուներ Արեւելումի Հանդիպում Ունեցան Լիբանանահայ Վարժարաններու Բարձրագոյն Կարգերու Աշակերտներու Հետ

Յաջորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ. Դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու Կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութենէն Անմիջապէս Ետք Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Պարզած Իրավիճակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?