ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գործակցութեամբ, երէկ, կէսօրին, Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Տըպպայէի մէջ հաստատուեցան յատուկ անցարգելներ, ուր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեան աշխատանքին:
ԼՕԽ-ի դրօշներով եւ միութեան նշանակը կրող շապիկներով ու գլխարկներով հանգանակութիւն կատարող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր անոնց խանդավառութիւնը հանգանակութեան դրամահաւաքով: Հանգանակութեան մասնակիցներուն անոնք կը բաժնէին ԼՕԽ-ի յատուկ պիտակներ` հայկական կանացի մեր միութիւնը ծանօթացնելով օտարներուն:
Առաջին անգամ ըլլալով կայացած այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանն ու Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը:
Յայտնենք, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներ այցելեցին անցարգելներուն վրայ հանգանակութեան մասնակցող աշակերտներուն:




