Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Եղեռնի 102-ամեակի Հսկում Այնճարի Մէջ

Ապրիլ 26, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի 102-ամեակի հսկում:

Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով. ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց Կարէն Անտոնեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Կարէն Անտոնեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի կոտորածները կը կազմէին Օսմանեան պետութեան` Հայաստանը հայաթափ ընելու քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը, բայց դիւային այդ ծրագիրին գործադրութիւնը գլխաւորաբար սկսաւ 1915 թուականի ապրիլ 11-14-ի ձերբակալութիւններով ու սպանութիւններով` արեւմտահայ գրողներու, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու, քաղաքական ու կուսակցական ղեկավարներու եւ մանաւանդ երիտասարդ խաւին: Այդ դէպքերուն անմիջապէս յաջորդեցին քաղաքներէն եւ գիւղերէն հայ բնակիչներուն տեղահանումն ու անոնց բնաջնջումը: Մէկուկէս միլիոնէ աւելի նահատակ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստ մարդկային, հողային ու մշակութային իմաստներով: Ճիշդ է, որ այսօր անցած են 102 տարիներ այդ անմարդկային ու հայասպան ոճիրէն, բայց մեր սրտերուն խոր ու ցաւոտ վէրքերը  կը շարունակեն արիւնիլ: Սակայն հարկ է միաժամանակ հաստատել, որ մեր նախահայրերու սխրագործութիւնը` Մուսա Լերան հերոսամարտին, նաեւ կու գայ ապացուցել, որ հայ ազգը չի խոնարհիր թշնամիին դիմաց, այլ խիզախօրէն կը դիմադրէ անոր»:

Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով. «Սակայն այս բոլորը այսօր կը թուին մնացած ըլլալ անցեալի արխիւներուն մէջ, որովհետեւ դժբախտաբար դարձած ենք անտարբեր, անտարբեր ո՛չ միայն մեր հայապահպանման պայքարին նկատմամբ, ո՛չ միայն մեր դատի հետապնդման մէջ, այլ նաեւ մեր ազգի կործանման վտանգին դէմ յանդիման»: Կարէն Անտոնեան կոչ ուղղեց հայ երիտասարդներուն` պահպանելու մեր լեզուն, մեր գիւղերն ու պատիւը, պաշտպանելու զանոնք ու վերջ դնելու այս բոլոր յոռի երեւոյթներուն:

Բացման խօսքին յաջորդեց Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Նայիրի» երգչախումբին ելոյթը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի. երգեցին «Մայր հայրենիք» երգը: Ապա բեմ բարձրացաւ աւետարանական դպրոցի նուագախումբը, որ ներկայացուց Արթուր Մեսչեանի «Աշխարհի ցաւով» երգը: Անկէ ետք Նազանի Ադամեան եւ Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն սրտով» հատորը:

Օրուան բանախօսն էր Դաւիթ Գազանճեան, որ ըսաւ, թէ «19-րդ դարու վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդը ապրեցաւ յեղափոխական զարթօնք,  այդ տարիներուն ծնունդ առին հայկական կուսակցութիւնները, որոնց հիմնական դերը եղաւ կազմաւորել եւ համախմբել ցանցառ կերպով գործող, ինքնապաշտպանական աշխատանքներ տանող հայկական խմբաւորումները: Ան աւելցուց, որ ասոր զուգահեռ, Օսմանեան կայսրութիւնը արդէն իսկ սկսած էր իր հեռակայ ծրագիրի իրականացման առաջին աշխատանքներուն: Երկրին մէջ արդէն արիւնահեղութիւնը սկսած էր»:

Դ. Գազանճեան շարունակեց. «Օսմանեան կայսրութեան գերագոյն նպատակն էր կազմել փանթուրանական մեծ պետութիւն մը` զուրկ այլ ազգերէ եւ կրօններէ: Այս ծրագիրի իրականացման գլխաւոր խոչընդոտը կը հանդիսանար հայ ժողովուրդը: Ժողովուրդ մը, որ կառչած է իր հողին ու արմատներուն, ժողովուրդ մը, որ գիտէ ստեղծագործել, պայքարիլ եւ գոյատեւել: Մէկ խօսքով, թուրք ցեղին ամբողջովին հակառակ նկարագիրով ժողովուրդ:… Պէտք էր տեղէ մը սկսիլ, հայ ժողովուրդին միտքն ու հոգին զարգացնող մտաւորականութիւնը մէկ գիշերուան մէջ վերացաւ: Սիամանթոն իր աչքերով տեսաւ եւ ապրեցաւ այն կարմիր լուրերը, զորս լսած էր բարեկամէն, անոր հոգեվարքի ջահը մարեցաւ, բայց անմար մնաց յոյսի ջահը: Դանիէլ Վարուժան ապրեցաւ սարսուռներ, լսեց հեթանոս երգեր, բայց չկրցաւ ունկնդրել հացին երգը, ան նահատակուեցաւ քաջ գիտնալով, թէ ցեղին սիրտը պիտի չմեռնի: Իսկ Գրիգոր Զօհրապը այլեւս պիտի չտեսնէր ծանօթ դէմքեր եւ ոչ ալ զրուցէր Եւրոպայի ուղեւորներու հետ: 100 տարի առաջ ուզեցին տկարացնել եւ քարտէսէն ջնջել Հայաստանը, սակայն այսօր ան աւելի ուժեղ է շնորհիւ իր աշխարհասփիւռ հայերուն, որոնք հասակ առին օտար ափերու վրայ եւ գիշեր ցերեկ կ՛աշխատին յանուն Հայ դատին, յանուն հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդի բոլոր արդար իրաւունքներու վերատիրացման»:

Բանախօսը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ 100  տարի առաջ թուրքերը ուզեցին ճզմել, բնաջնջել հայ ժողովուրդը, սակայն չյաջողեցան, որովհետեւ Վարուժանի, Զօհրապի ու Մաշտոցի զաւակները ոտքի ելան պահանջատիրական ոգիով:

«Այնքան ատեն որ պահանջատէր երիտասարդներ ունի մեր ազգը, մեր դատը անմար կը մնայ եւ ջահը կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ: Կեցցէ՛ պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը, կեցցէ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ Հայ դատը, մինչեւ որ հասնինք արդարութեան բագինին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին», եզրափակեց Դաւիթ Գազանճեան:

Այնուհետեւ, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը:

Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանին կողմէ:

Հսկումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ երգով մը, որ ներկայացուց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Համբիկ Յովսէփեան:

Ներկաները սրահէն դուրս գալով ականատես եղան կրակով ներկայացուած հատուցման ժամուն:

Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը, առաջնորդութեամբ շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն, ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:

Հսկումը աւարտեցաւ աղօթքով` գիւղի հոգեւոր հայրերուն կողմէ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակը

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Եւ «Դրօշակ» Մասնաճիւղեր. Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում` Քաղաքապետարանի Ժողովրդային Բնակարաններուն Կից Կառատան Մէջ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?