Լուռ Ու Պատգամող Ջահերթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս
Հսկում` Պայքարը Շարունակելու Երիտասարդական Վճռակամութիւնը Վերանորոգելով Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն երիտասարդական ջահերթ մը ընթացք առաւ դէպի Անթիլիասի մայրավանք` լռութեամբ յիշեցնելով լիբանանցիները, թէ 102 տարի առաջ հայութիւնը ենթարկուեցաւ ահաւոր Ցեղասպանութեան, որուն հեղինակները նաեւ լիբանանցիներուն չխնայեցին, հակառակ անոր որ վերջինները կը փորձեն անտեսել իրենց պատմութիւնը: Խորհրդաւոր ջահերթը ժամը շուրջ 8:00-ին հասաւ մայրավանք, ուր լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` իր երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներով,...



















