Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին համալսարանի «Իսամ Ֆարես»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական երեկոյ մը, որոնց ընթացքին զեկուցեց «Մեսեչուսեց ինսթիթիութ օֆ թեքնոլոճի»-ի («Էմ. Այ. Թի.») Մըք Միլըն-Սթիուըրթի պատմութեան օժանդակ դասախօս դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Վանայ Գասարճեան, որ յայտնեց, թէ մինչ 28 երկիրներ ճանչցած են եւ կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդին պատասխանատուութիւնն է լուսարձակի տակ առնել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, երբ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ հայութեան դէմ գործած իր արարքին պատասխանատուութիւնը:
Վ. Գասարճեան սրահը լեցնող հոծ բազմութեան` ակադեմականներու, ուսանողներու, հետազօտողներու եւ կրթական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզեր ներկայացնող պատասխանատուներու ներկայացուց դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլուն` նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Հայկական աւանդներու ակումբը յարմար գտած է կազմակերպել «Փոթորիկէն ետք. Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ մէջ հայոց պարզած իրավիճակը» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը:
Վանայ Գասարճեան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի Քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեանին` այդ դասախօսութիւնը կազմակերպելու իմաստով անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար:
Իր կարգին, դոկտ. Յովհաննէս Կէօքճեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով պէտք է հաստատել, որ հայ ժողովուրդը տակաւին կը յիշէ իր դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը, որ նաեւ մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն ոճիրն է:
Յ. Կէօքճեան շեշտեց պատմութիւնը յիշելու եւ անկէ դասեր քաղելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւս մաս կը կազմէ պատմութեան:
Ան ողջունեց դոկտ. Էքմեքճիօղլուն անոր աշխատասիրած «Ռիքավըրինկ Արմինիա» գիրքին առիթով եւ հրաւիրեց զայն իր դասախօսութեամբ լուսաբանելու ներկաները:
Դոկտ. Էքմեքճիօղլու իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն զինք հրաւիրելու եւ նման ձեռնարկ մը կազմակերպելու առիթով: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ նոր նիւթեր քաջալերելու նախաձեռնութիւնը ողջունելի է:
Դասախօսը, որ պոլսահայ է, սակայն 2002-էն ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, նշեց, որ իր հեղինակած «Ռիքավըրինկ Արմինիա» գիրքը հրատարակուած է 2016-ի սկիզբը` նշելով, որ գիրքին մէջ ինք ներկայացուցած է Պոլսոյ մէջ հայութեան իրավիճակը եւ անոր գոյատեւման պայքարը` Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք:
Դոկտ. Էքմեքճիօղլու դասախօսութիւնը բաժնեց հիմնական երեք մասերու. Ա) 1915-1922, որ կոչուեցաւ Ա. ժամանակաշրջան, Բ) 1922-1923 մէկ տարուան փոխանցման շրջան եւ Գ) 1923-1933 Բ. ժամանակաշրջան:
Դոկտ. Էքմեքճիօղլու անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք տիրող կացութեան` հաստատելով հայ կնոջ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահպանումին եւ ապաքինման մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու որոշ թիւ մը մնացած էր Պոլիս` նկատի ունենալով, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք դաշնակից ուժերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն տիրացած էին: Սակայն 1923-ին, Լոզանի համաձայնագիրին լոյսին տակ դաշնակից ուժերը հեռացած էին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնուած` վերջ տալով հայուն ազատութեան մէջ ապրելու յոյսերուն:
Լ. Էքմեքճիօղլու ընդարձակ ակնարկով մը անդրադարձաւ այդ ժամանակաշրջանին պոլսահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յաղթահարած մարտահրաւէրներուն` հաստատելով, որ ազգային վերածնունդի համար հարկ էր ամոքել վէրքերը ազգին այն տարրին, որ ամէնէն աւելի վնասուած էր: Էքմեքճիօղլու շեշտեց, որ իգական սեռն էր այդ տարրը` նկատի ունենալով ճիւաղ օսմանցիներուն կողմէ հայ մօր, քրոջ եւ դստեր դէմ գործուած ահաւոր վայրագութիւնները:
«Եւ այդ պատճառով ալ սկսաւ որբերը պատսպարելու աշխատանքը, որ նախաքայլը եղաւ ազգային վերածնունդին», ըսաւ ան:
Դոկտ. Էքմեքճիօղլու նշեց, որ Ա. ժամանակաշրջանին հայը կորսնցուց ամէն ինչ որ ունէր, իսկ փոխանցման շրջանին` վրայ հասաւ այլ սարսափ մը, որ մարմնաւորուեցաւ դաշնակից ուժերուն Թուրքիայէն հեռացումով, որուն պատճառով տասնեակ հազարաւոր հայեր փախուստ տուին Պոլիսէն:
Իսկ Բ. ժամանակաշրջանին հայերը արդէն իսկ վերածուած էին փոքրամասնութեան, անոնք զրկուած էին քաղաքացիի լիիրաւ իրաւունքներէն եւ կ՛ապրէին իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:
Էքմեքճիօղլու անդրադարձաւ նաեւ Պոլսոյ մէջ աշակերտական մակարդակէն սկսեալ գործադրուող թրքացումի աշխատանքին` ընդգծելով, որ թրքացումի քաղաքականութեան բանեցումին զուգահեռ հայերը իրենց հայկականութիւնը պահեցին:
Իր գիրքին համար կատարած ուսումնասիրական աշխատանքները ներկայացնելու ընթացքին ան անդրադարձաւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող շարք մը հայկական պարբերաթերթերու, ինչպէս` «Սարկաւագին տարեցոյցը», «Հայ Խօսնակ» եւ այլ հրատարակութիւններու, որոնցմէ ամէնէն աւելի շեշտը դրաւ պոլսահայութեան մէջ կիներու իրաւունքներու հիմնական պաշտպան Հայկանուշ Մարքի հրատարակած «Հայ Կին» հրատարակութեան վրայ` ցաւով յայտնելով, որ 1933-ին վերջ գտած էր անոր հրատարակութիւնը:
Էքմեքճիօղլու շեշտեց, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով պոլսահայութիւնը իր իւրայատուկ պատմութիւնը ունի` յատկապէս պոլսահայութեան հայկական ինքնութիւնը պահպանելու իմաստով: «Աւելի՛ն. հայկական ֆեմինիզմը հայրենասիրութեան անբաժանելի մէկ մասնիկն է», ըսաւ ան:
Էքմեքճիօղլու ընդգծեց նաեւ, որ քեմալականացող` արեւմտականացող ու արդիականացող Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին պոլսահայութիւնը համեմատաբար աւելի հանգիստ սկսած է շնչել իր ապրած երկրին մէջ, առանց թրքանալու:
«Անշուշտ, հայութեան դէմ կատարուածը ամբողջ ազգ մը բնաջնջելու նպատակ կը հետապնդէր: 1924-էն ի վեր Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն արգիլուած է իրենց պատմութիւնը դասաւանդել, սակայն իւրաքանչիւր հայու տան մէջ կայ պատմութիւն, երգ, երաժշտութիւն, որ կը խօսի կորուստի մասին: Այս բոլորը այնքան հզօր են, որ դուն ինքդ կը գիտնաս այդ պատմութիւնը` առանց սորվելու զայն», եզրափակեց դոկտ. Էքմեքճիօղլու:
Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Էքմեքճիօղլու պատասխանեց դասախօսութեամբ հմայուած եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու հետաքրքրութեամբ զինուած ներկաներուն հարցումներու տարափին, որ տեւեց շուրջ 45 վայրկեան:
Հարցումներու աւարտին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբը յուշանուէրով մը պարգեւատրեց դոկտ. Էքմեքճիօղլուն: