Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն. Միացեալ Պաշտամունք` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

April 26, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի Հայ աւետարանական հովուական ժողովի երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին կատարուեցաւ միացեալ պաշտամունք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն,  Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Պաշտամունքը կը վարէին  վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, վեր. Հրայր Չոլաքեան եւ պատ. Սեւակ Թրաշեան:

Պաշտամունքի պատգամաբերն էր պատ. Սեւակ Թրաշեան: Ան կարդաց հատուած մը Եզեկելի մարգարէութենէն, ուր Աստուած ցոյց տալով մարդուն դաշտին մէջ սփռուած ոսկորները կ՛ըսէ անոր, թէ այս չորցած ոսկորները եթէ լսեն Աստուծոյ խօսքը: Ան անոնց մէջ հոգի պիտի դնէ ու պիտի կենդանացնէ: Ջիղով, միսով ու մաշկով պիտի պատէ զանոնք եւ շունչ պիտի դնէ անոնց մէջ, ու անոնք կենդանանալով պիտի գիտնան, թէ ինքն է Տէրը: Այդ բոլոր ոսկորները իրարու միացան եւ մարդոց հսկայ բանակ մը կազմեցին, իսկ երբ Տէրը անոնց մէջ շունչ փչեց, անոնք  կենդանացան: Պատուելի Թրաշեան կարդաց նաեւ 90-րդ սաղմոսէն հատուած մը: Պատուելի Թրաշեան իր պատգամը շարունակեց նշելով, թէ 102 տարի անցած է, եւ մենք տակաւին կը քալենք: 102 տարի առաջ ստիպողաբար քալեցինք դէպի անապատ, դէպի սպանդ, կախաղան: 102 տարիներու ընթացքին անցանք դժուար փուլերէ, իսկ այսօր կանք եւ գոյութիւն ունինք: Պատուելի Թրաշեան աւելցուց, որ երբ 102 մեծ թիւը տանք, կրնայ ըլլալ քիչ մը յուսահատինք, նեղուինք կամ պոռթկանք, որ 102 տարիներ անցան եւ մեր իրաւունքները տակաւին խլուած են ու տակաւին ազդեցիկ ուժեր աշխարհի մէջ անտարբեր կը գտնուին: Միւս կողմէ, 102 թիւը նշելով ոմանք, ի մասնաւորի օտարներ, զարմանքով եւ ապշելով, ինչպէս նաեւ հիացումով կ՛անդրադառնան հայ ժողովուրդին յիշողութեան, միասնակամութեան եւ պահանջատիրութեան ոգիին: Պատուելի Թրաշեան շեշտեց, որ մեր պատմութիւնը յարութեան պատմութիւնն է, ինչպէս Աստուածաշունչէն ընթերցուած հատուածի: Անապատին մէջ դաժան մահուան դատապարտուած ժողովուրդը, կրցաւ դուրս գալ անապատէն եւ վերակենդանացաւ Աստուծոյ շնորհիւ ու կամքով: Պատուելի Թրաշեան շեշտեց. «Աստուած կեանք շնորհեց մեզի ապրելու իբրեւ հայ»: Ան շնորհք ըրաւ, որ վերականգնենք մեր եկեղեցիները, դպրոցները, մեր մշակոյթը: Ան շնորհեց մեզի պետութիւն եւ ազատ ու անկախ հայրենիք, որ շատ կարեւոր երաշխիք մըն է սփիւռքի գոյատեւման համար: Ան յոյս յայտնեց, որ այս ոգեւորութիւնն ու խանդավառութիւնը միայն ապրիլ ամսուան յատկացուած չըլլայ, այլ ըլլայ ամէնօրեայ որոշում, գիտակցութիւն եւ ապրելակերպ:

Պաշտամունքի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսաբնակ գեղանկարիչ Տիպար Աբարթեանի «Վերականգնում» ցուցահանդէսի բացումը` հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի:

Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ներկայացուց գեղանկարիչը, ապա վեր.  Գարակէօզեան ուղղեց իր սրտի խօսքը:

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Ապրիլեան Նահատակներուն

Յաջորդը

Այցելելէ Ետք Նիւ Եորքի Հայկական Եկեղեցին. Զախարովա. «Այսօր Սրտով Հայ Ժողովուրդին Հետ Ենք»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Յայտարարութիւն

September 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.