Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Եւ «Դրօշակ» Մասնաճիւղեր. Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում` Քաղաքապետարանի Ժողովրդային Բնակարաններուն Կից Կառատան Մէջ

Ապրիլ 26, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» եւ «Դրօշակ» մասնաճիւղերուն երէկ` երեքշաբթի, 25 ապրիլին նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը:

Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ եւ ջահերթ` Ամանոսի հրապարակէն մինչեւ քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններուն կից գտնուող կառատունը, ուր գործադրուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը: Կառատան մուտքին ցուցադրուած էին նկարներ, որոնք կ՛արտացոլէին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը:

«Աննահանջ պայքար դէպի միացեալ Հայաստան» խորագիրը կրող ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն Մարիա Եանըքեան: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 102 տարի ետք հայը տակաւին կը շարունակէ կառչած մնալ իր դատին ու սկզբունքներուն եւ ամէն գնով վճռած է պայքարիլ հասնելու համար իր գերագոյն նպատակին, համախմբուիլ հայրենի հողին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հողին վրայ, աւելցնելով, որ ներկայիս ունինք աւելի շատ կարելիութիւններ, որոնք կը նպաստեն դէմ դնելու բոլոր այն ուժերուն, որոնք կը փորձեն կասեցնել մեր պայքարը: Եանըքեան յորդորեց ներկաները չյուսալքուիլ` շեշտելով, որ ներկայիս աւելի մօտեցած ենք վերատիրանալու մեր հողերուն, վերանորոգելու մեր պապերուն ուխտը` ցոյց տալով անոնց, որ մենք կը գոյատեւենք եւ կը պայքարինք իրենց շունչով ու երազով: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ ԼԵՄ-ը 44 տարիներ շարունակ եղած է լիբանանահայութեան սիրտը, կենսատու ուժը, եւ իր մէջ կ՛եռայ պահանջատիրութեան տաք արիւնը: «ԼԵՄ-ի խօսքն ու գործը սուրբ են եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն: ԼԵՄ-ի սրբազան գործը լիբանանահայութեան եւ ամբողջ սփիւռքահայութեան խղճի ձայնն է: Ըլլանք վճռակամ, պայքարող եւ պահանջատէր Հայ դատի պահապան զինուորներ», եզրափակեց Եանըքեան:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Վերապրում» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանը, ապա հայ ժողովուրդին վերապրումը սփիւռքի մէջ, իսկ Ալիսիա Իշխանեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Մահուան տեսիլք» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Շանթ Յարութիւնեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 102 տարիներ անցած են հայոց եւ աշխարհի պատմութեան մէջ ահաւոր հետք ձգած անմարդկային Ցեղասպանութենէն, որուն ընթացքին մէկուկէս միլիոնէ աւելի հայեր տեղահանուեցան, աքսորուեցան եւ ջարդուեցան` աւելցնելով, որ թշնամին փորձեց իրականացնել իր երկար տարիներու համաթուրանական երազը` մեկնակէտ ունենալով մեր հողերու բռնագրաւումը եւ նախահայրերու բնաջնջումը: Ան նկատել տուաւ, որ 102 տարի ետք կու գանք ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, որ թուրք պետութեան գործադրած այս ոճիրը տակաւին անպատիժ կը մնայ: Կու գանք յիշեցնելու նաեւ, որ թշնամին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ. հայը մնացած է հայ եւ ապրած հայօրէն: «Թշնամին կրցաւ բռնագրաւել մեր հողերը, սակայն չկրցաւ ու ոչ մէկ օր կրնայ չէզոքացնել մեր ինքնութիւնը», հաստատեց Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութեան 102-ամեակին` մեր աշխատանքային ուղեցոյցները ունին արտաքին եւ ներազգային ճակատներ, որոնք պէտք է զուգահեռ ընթանան:

Բանախօսը ըսաւ, որ Թուրքիայէն հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու պահանջները կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ. ա) Այսօրուան Թուրքիան պէտք է յստակօրէն գիտակցի եւ կրէ Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներն ու անոր պատասխանատուութիւնը. բ) Թուրքիան հայ ազգին նկատմամբ իր յանցագործութեան համար պէտք է հատուցման ուղղութեամբ արագ եւ բովանդակալից քայլերու ձեռնարկէ. գ) Հայ ազգի տարածքային իրաւունքներու վերականգնում, որ պէտք է ներառէ իրաւական հիմք ունեցող Ուիլսընի` 22 նոյեմբեր 1920-ին հրապարակած վերջնական պարտադիր վճիռը եւ ներառէ նահանգներու ու տարածքներու վերամիաւորումը Հայաստանին` դէպի Սեւ ծով ճամբու ապահովումով. դ) Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է հայ եկեղեցւոյ վերադարձնէ եկեղեցապատկան կառոյցներն ու կալուածները:

Շարունակելով իր խօսքը` Յարութիւնեան ըսաւ, որ Հայ դատի աշխատանքներուն յաջորդ առանցքը պէտք է հանդիսանայ Արցախը, որ կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուելով միշտ վտանգի տակ է թշնամի ցեղասպան ազրպէյճանական ներթափանցումի փորձերէն: «Մեր պայքարի յաղթանակը մեզմէ կախեալ է, մեր իրականութենէն, յաջորդող սերունդներու հայեցի դաստիարակութենէն: Ազգային ինքնութեան պահպանումը ամէնէն կարեւոր կռուաններէն մէկն է այդ յաջողութեան: Կարելի չէ ապրիլ այն իրականութեան հետ, որ Ցեղասպանութենէ փրկուած ազգ ենք, հետեւաբար ինքնութեան վտանգ ապրած, բայց այսօր զիջում ու նահանջ կ՛արձանագրենք մեր ինքնութենէն», շեշտեց Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ լիբանանահայը պէտք չէ ինքնիրեն արտօնէ որեւէ նահանջ` հայ մարդու կերտման հոլովոյթին մէջ: Ցեղասպանութեան մեր զոհերուն ու նորօրեայ նահատակ զինուորներուն պատգամն է հպարտօրէն հայ մնալ ու ապրիլ եւ սերունդները այդ ձեւով դաստիարակել:

Բանախօսը կոչ ուղղեց չքաջալերելու թրքական երեւոյթները, նաեւ արտադրութիւններու վաճառքը եւ զբօսաշրջութեան նպատակով Թուրքիա երթալը` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ այս հակասութեան մէջ: Մէկ կողմէ իրաւունքներու պահանջատիրութիւն ապրիլ 24-ի օրը, բայց տարուան մնացեալ օրերը ամօթալի համակրանք ունենալ թրքաբարոյ երեւոյթներուն նկատմամբ: «Թշնամիին մէջ լաւը տեսնելու եւ օգտագործելու ցանկութիւնն ու իրագործումը դատը տկարացնելու միջոցներ են, որոնցմէ անպայման պէտք է խուսափիլ», հաստատեց Շ. Յարութիւնեան եւ ըսաւ, որ Հայ դատի յաջողութեան տարրերէն է նաեւ սերունդներու ամբողջական իմացութիւնը Հայ դատի եւ Արեւմտահայաստանի մասին` յորդորելով ներկաները ուղղել հայ աշակերտութիւնը մասնագիտանալու Հայ դատի կապուած նիւթերու շուրջ: «Մեր երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը Հայ դատի պահանջատիրութեան ջահակիրներն են: Անոնք են յարատեւ կռիւի ջատագովները: Իրենցմով է, որ մենք կրնանք հաւատալ Արեւմտահայաստանի վերատիրացումին», եզրափակեց Շանթ Յարութիւնեան:

Այնուհետեւ Կայել Ապուսէֆեան մեկնաբանեց «Կեանք ու կռիւ» երգը, ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան անդամները արտասանեցին Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը, իսկ ՀՅԴ «Զաւարեան» եւ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութիւնները երգեցին «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը:

Յայտնենք, որ ձեռնարկի ընթացքին խումբ մը երիտասարդներ, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, այրեցին թրքական դրօշակ մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Ապրիլեան Եղեռնի 102-ամեակի Հսկում Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտական Ապրիլեան Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?