Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով երէկ` 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի երաժշտութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երաժշտական տպաւորիչ համերգ:
Յովհաննէս Քարախանեան ջութակի, Պեթի Սալխանեան-Քուրթեան դաշնակի, Հրաչ Իսահակեան սրինգի եւ Նայիրի Ղազարեան թաւջութակի վրայ մեկնաբանեցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի եւ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններէն:
Չորս երաժիշտները մեծ վարպետութեամբ եւ տպաւորիչ կերպով հայկական շունչով լեցուցին սրահը` երաժշտասէրներուն պարգեւելով բարձրորակ երաժշտութիւն ըմբոշխնելու իւրայատուկ առիթ: Տարբեր առիթներով ներկաները բուռն ծափողջոյններով արտայայտեցին իրենց գնահատանքն ու գոհունակութիւնը: