Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի Ցուցահանդէսին

Մայիս 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն հովանաւորութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ հիւրերու:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան անունով ողջունեց բոլոր ներկաները արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացման առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հիւրընկալութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատան գործակցութեան համար` յանուն ձեռնարկի յաջողութեան:

Այնուհետեւ Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ. Պօղոս Քիւրտեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար, ապա նշեց, որ ձեռնարկը լաւագոյն առիթն է արժեւորելու ժողովուրդներու մշակութային առողջ յարաբերութիւնը:

Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ մշակոյթներու փոխադարձ յարաբերութեան լաւագոյն օրինակը եւ կրողը կը հանդիսանայ ծնած ըլլալով հայկական գիւղի մը մէջ եւ ուսանելով արուեստի երկիր Իտալիոյ մէջ: Դեսպանը խօսելով արուեստագէտին գործերուն մասին ըսաւ, որ անոնք մէկ միջավայրի, մէկ տարածքի եւ մշակոյթի չեն պատկանիր, անոնցմէ իւրաքանչիւրը  կը կրէ իւրայատուկ ոճ ու ձեւ: Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը իր գործերով դուրս կու գայ դէպի համաշխարհայինը եւ համամարդկայինը` հաղորդակից  դարձնելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու:

Նոյն առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասսիմօ Մարոթթի: Ան  գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի բացման առիթով, ապա իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Գրիգոր Կարապետի գործերը արտացոլումն են տարբեր մշակոյթներու, որոնք հարստութիւն եւ արժէք կը հաղորդեն արուեստին: Դեսպանը յայտնեց նաեւ, որ արուեստներու երկիր Իտալիոյ մէջ մասնագիտացած ու Իտալիոյ մշակոյթով հաղորդուած արուեստագէտը կամուրջ կը հանդիսանայ երեք տարբեր ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու միջեւ:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետ: Ան նշեց, որ ցուցահանդէսը կը միտի մէկտեղել հայ, լիբանանեան ու իտալական ինքնութիւնները եւ երեք երկիրներու մշակոյթները : Գ. Կարապետ ըսաւ, որ երեք տարբեր մշակոյթներու միացումը կը զօրացնէ, առաւել արժէքներով եւ գեղեկցութեամբ կը հարստացնէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը: Մշակոյթներու միութիւնը մարդկային մտքի ձեռքբերման ամէնէն գեղեցիկ երեւոյթն է: Ան յայտնեց նաեւ, որ ուր ալ գտնուած է աշխարհի տարածքին, լիբանանեան ինքնութիւնը  հպարտութեամբ զարդարած է իր կեանքը: Իր խօսքի աւարտին  ան շնորհակալութիւն յայտնեց  Հայաստանի եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն ցուցահանդէսին հովանաւորութեան համար:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Գրիգոր Կարապետի 37 գործերը իրենց գոյներու եւ խորքային իւրայատկութեամբ: Իւրաքանչիւր պատկեր իւրայատուկ  խորհրդաւորութիւն մը կը ներշնչէր դիտողին:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ ուրբաթ, 5 մայիսին, եւ շաբաթ, 6 մայիսին առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 4:00:

Նախորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը Կը Ստանձնէ Իր Պաշտօնը

Յաջորդը

Համաս Կ՛ընդունի 1967-ի Սահմաններով Պաղեստինեան Պետութիւնը` Առանց Ճանչնալու Իսրայէլը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?