Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրիժառու Թեհլիրեանի Կիսանդրիի Բացում

Մայիս 6, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ` ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ, ուրբաթ, 5 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին բացումը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անունով արաբերէն լեզուով խօսք առաւ Մանօ Մարտիրոսեան: Ան ըսաւ, որ Սողոմոն Թեհլիրեան եղած է այն ֆետայիներէն, որոնք իրենց ուսերուն առին իրենց ղեկավարներուն որոշումի գործադրութիւնը` պատժել բոլոր անոնք, որոնք մտադրեցին, ծրագրեցին եւ գործադրեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ պատճառ դարձան մէկուկէս միլիոն հայերու նահատակութեան, հայ ժողովուրդին ցաւերուն, տառապանքներուն եւ մեր հայրենիքին ու հողերուն բռնագրաւման:

Շարունակելով իր խօսքը` Մ. Մարտիրոսեան նկատել տուաւ, որ 6 մայիսը կը զուգադիպի նաեւ Լիբանանի Նահատակաց օրուան, երբ օսմանեան պետութիւնը կախաղան հանեց լիբանանցի լրագրողներ եւ  մտաւորականներ: Ան ցաւով յայտնեց, որ այս տօնը, սակայն մոռացութեան ենթարկուած է լիբանանեան մակարդակի վրայ:

Անդրադառնալով 2 շաբաթ առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան նշումին` ան հաստատեց հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն ճակատագիրի նմանութիւնը` աւելցնելով, որ ներկայիս թուրք պետութիւնը կը շարունակէ ի գործ դնել օսմանեան պետութեան ունեցած նոյն ժխտական քաղաքականութիւնը:

«Մենք կը մնանք Լիբանանի մէջ, կ՛ապրինք միասին, կը կառուցենք միասին, միասին կը պահենք եւ կը պահպանենք Լիբանանը, միասին կը բաժնեկցինք կեանքի դրական եւ ժխտական կողմերը եւ միասին կ՛աշխատինք երկրի յառաջդիմութեան ու  ժողովուրդին արժանապատուութեան ապահովման ի նպաստ», եզրափակեց Մանօ Մարտիրոսեան:

Օրուան բանախօսը` դոկտ. Լեւոն Աւետանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ 15 մարտ 1921-ին Սողոմոն Թեհլիրեան ահաբեկեց Թալէաթ փաշային, եւ այդ օրհնաբեր օրէն սկսեալ իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակուեցան Թեհլիրեանի օրինակով, գրական գործեր ստեղծուեցան` անոր արարքը յաւերժացնող, երգեր հիւսուեցան  անոր պատուին, դաշնակցութեան ակումբներ օծուեցան անոր անունով: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ս. Թեհլիրեանի կեանքն ու գործունէութիւնը` շեշտելով, որ Թեհլիրեան, իբրեւ բարոյական եւ գաղափարական կերպար, եւ անոր երկու հիմնական արարքները` դաւաճան ու մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանի ու Թալէաթի ահաբեկումները, իբրեւ յեղափոխական արարքներ այժմէական են նաեւ մեր ժամանակներուն համար: Աւետանեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդին պահանջատիրական երթը  յաղթական աւարտի պիտի հասնի Թեհլիրեան նման վճռական, պահանջատէր, կարգապահ ու միաժամանակ համեստ, վեհանձն ու անձնուրաց կամաւորներու գործերով:

Եզրափակելով իր խօսքը` բանախօսը հաստատեց, որ սոյն ակումբը յաճախող պատանիներն ու երիտասարդները պիտի դաստիարակուին ու կազմաւորուին Թեհլիրեանին ոգիով:

«Երիտասարդ թեհլիրեանականները այս ակումբին մէջ, նոյնինքն Թեհլիրեանի պահանջկոտ հայեացքին տակ, պիտի դաստիարակուին ու կազմաւորուին նոյն ոգիով, որ Թեհլիրեանը երբեմն դարձուցած է ֆետայի, երբեմն կամաւորական զինուոր, երբեմն հայահաւաք աշխատանք ծաւալած ազգային գործիչ, ապա` բառին ազնուագոյն իմաստով ահաբեկիչ ու վերջապէս շարքային օրինակելի կուսակցական», հաստատեց ան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քօղազերծումը կիսանդրիին, որ աշխատանքն է արուեստագէտ Վարդան Աւեսեանի: Ձեռնարկը փակուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտըմեանի «Պահպանիչ»ով:

 

Նախորդը

Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. Աղօթեցէ՛ք Ինծի Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Կոչը` Նահատակաց Տօնին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?