Հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ուրբաթ, 5 մայիս 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Հիլթոն-Հապթուր Կրանտ» պանդոկին մէջ, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատունը ներկայացուց գրող եւ ուսումնասիրող Ռուբէն Աւշարեանի «Արձանագրութիւններուն մէջ» խորագիրը կրող երկու հաստափոր հատորները, որոնք կը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխանները` 1922-էն, այսինքն հիմնումէն մինչեւ 2017 թուական: Զոյգ հատորները ներկայացուց նախկին նախարար Քարիմ Բագրատունի: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն: Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները լոյս կ՛ընծայենք մեր յաջորդ թիւով: