3 մայիս 2017-ին Իզապել Մոթա իր նոր պաշտօնը ստանձնեց իբրեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար` յաջորդելով Արթուր Սանթոս Սիլվային, որ այդ պաշտօնը վարած էր 2012-2017 ժամանակաշրջանին:
Իզապել Մոթա հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ է 1999-էն ի վեր. Նախագահ ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ` անցեալ 7 դեկտեմբերին տեղի ունեցած լիագումար ժողովին:
Մոթա ծնած է Լիզպոն, 1951-ին, եւ Լիզպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է` տնտեսագէտի մասնագիտութեամբ: 1973-էն ի վեր աշխատանքային ընդարձակ փորձառութիւն ունեցած է` պետական, համալսարանական եւ այլ մարզերու մէջ ղեկավար դիրքեր վարելով:
Անոնց շարքին պէտք է յիշել, թէ 1978-1986-ին ելեւմուտքի նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ընդհանուր փոխտնօրէն եղած է, իսկ 1987-1995-ին` Շրջանային ծրագրաւորման եւ զարգացման պետական քարտուղար, պատասխանատու ըլլալով Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու` ի նպաստ Փորթուգալի զարգացման ծրագիրներուն: