Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին. Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին

Մայիս 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրութեան 125-ամեակին եւ անոր վախճանման 110-ամեակին առիթով:

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան ժողովրդային եւ մտաւորական դէմքերու վկայակոչութիւններ Խրիմեան Հայրիկի մասին:

Տեսերիզը պատրաստուած էր Առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կողմէ:

Օրուան բանախօսն էր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի նկարագրային գիծերուն, կեանքին, գործունէութեան ու վարկին յաչս հայ ժողովուրդին, որ իրաւամբ զինք կոչած էր «Հայրիկ»:

«Ամէն մարդ երկու հայր ունի` իրը եւ Ամենայն Հայոց Հայրիկը», Աւագեան մէջբերեց Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի մէկ վկայութիւնը Խրիմեան հայրիկի մասին: «Հայրիկ կոչումը մոռցնել տուաւ Խրիմեանի եկեղեցական բոլոր տիտղոսները, մինչեւ իսկ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անոր հանգամանքը, նշեց պատգամախօսը եւ աւելցուց: «Կոչում մը, որ անցնող տասնամեակներուն անպայման բան մը ըսաւ մեզի, բան մը ըսաւ հայութեան մէջ ծնած, հայութենէն ամբողջովին չկտրուած ամէն հայու»:

«Խրիմեան մեր մէջ եղաւ ազգային տոհմիկ արժէքները անմահացնող մեծագոյն դէմքը, դպրոցի եւ մամուլի ճամբով հայութեան մէջ ազգային գիտակցութիւն սերմանողը եւ մեր նորագոյն պատմութեան գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիրը», ընդգծեց Աւագեան` մաղթելով, որ նորահաս սերունդները Խրիմեանով ճանչնան մեր ազգի պատմութիւնը, Խրիմեանով պեղեն հայ կեանքը եւ Խրիմեանով ծանօթանան հայ մարդու առաքինութիւններուն եւ բարոյական հիմերուն: Ան հաստատեց, որ Խրիմեան Հայրիկ հայութեան կեանքին մէջ նոր էջ բացող ռահվիրայ մը եղաւ:

Անդրադառնալով օրուան մեծարեալի կեանքին պատմական տուեալներուն` Աւագեան յիշեցուց, որ հայոց Մկրտիչ Խրիմեան հայրապետի ամբողջ ճիգը հայը իր հայրենիքի մէջ պահելն ու անոր նիւթական վիճակի բարելաւումն էր: «Իր մտածումներով Խրիմեան մեր ժամանակակիցն է, ան կը հաւատայ, որ հայութեան հոգեւոր եւ նիւթական բոլոր ուժերը պէտք է կեդրոնացնել Հայաստանի մէջ եւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի հայը չլքէ հայրենի հողը, չարտագաղթէ հայրենիքէն», շեշտեց Վիգէն Աւագեան:

Արտայայտուելով Խրիմեան Հայրիկի ազգային համոզումներուն մասին` օրուան բանախօսը անհրաժեշտ նկատեց «Հայութեան առաջին հերթին հաց եւ լոյս տալ, որովհետեւ միայն այս երկուքը ունեցողը կրնայ հետապնդել աւելի մեծ նպատակ` քաղաքական ազատութիւն», մէջբերելով խօսքերը Հայրիկին, որուն համար տգիտութիւնն ու աղքատութիւնը յեղափոխութեան մեծագոյն խոչընդոտներն են:

Աւագեան խօսեցաւ նաեւ Խրիմեան Հայրիկի գրական վաստակին մասին` դիտել տալով, որ Խրիմեան Հայրիկը իր գրականութեան ընդմէջէն Հայաստա՛նն է, որ կը ներկայացնէ: Խրիմեան Հայրիկի համոզումով, ազգերը միայն հացով չեն ապրիր, թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ նաեւ բարոյական կեանքով, եւ այդ կեանքը տուողը տունն ու ընտանիքն են: Ընտանիքն է, որ կ՛ապահովէ ազգին ուժն ու կեանքը, ընդգծեց Աւագեան:

Բանախօսը անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ի պատգամի պատմական թելադրականութեան` դիտել տալով, որ հայութիւնը թէեւ բան չշահեցաւ Պերլինի վեհաժողովէն, սակայն վերագտաւ Հայաստանը, հայրենիքը: «Մարդիկ ի վերջոյ կը համոզուին, որ հայկական հարցին լուծումը եւրոպական դիւանագիտութեան գրասենեակներէն անդին` հայ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, «Դէպի երկիր»-ի եւ «Յարատեւ կռիւ»-ի ուղեցոյցներուն մէջ է», ընդգծեց Աւագեան:

Ապա բանախօսը անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոսութեան շրջանի (1892-1907) պայմաններուն եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ուր ան մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ Համիտեան կոտորածներէն ճողոպրած գաղթականները Էջմիածինի մէջ տեղաւորելու համար: Նմանապէս ան խիզախօրէն կը դիմակալէ ռուսահայութեան սպառնացող վտանգը եւ անզիջող կեցուածքով կ՛ընդդիմանայ հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման ցարական որոշումին: «Խրիմեան կը դառնայ ազգային կամքի, դիմադրական կորովի խորհրդանիշ, դիտել տուաւ Աւագեան եւ աւելցուց. «Խրիմեան եղաւ մնայուն գործի եւ սկզբունքի մարդ, իր բոլոր ասպարէզներուն մէջ, Վարագայ վանքի վանահայրութենէն մինչեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւն ու մինչեւ իր վերջին շունչը` 29 հոկտեմբեր 1907»:

Եզրակացնելով, բանախօսը ըսաւ, որ 5 մայիս 1892-ին, Խրիմեանի կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակից 72 թեմերու շարքին կը նշուի նաեւ Պէյրութը` իբրեւ 48-րդ թեմ, որ օրին մաս կը կազմէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Պէյրութը առանձին պատգամաւոր չէ ունեցած, այլ` Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Սահակ եպս. Խապայեան ներկայացուցած է Պէյրութի թեմը` «Այո» քուէարկելով ի նպաստ Խրիմեան Հայրիկի ընտրութեան:

«125 տարի ետք, այսօր, յիշատակի այս հանդիսութեամբ, ո՛չ միայն Պէյրութի, այլեւ` ամբողջ Լիբանանի հայութիւնը, իր ներկայացուցիչներով, Խրիմեանի շնորհուած այդ «Այո»-ն կը վերանորոգէ, կը վերահաստատէ եւ կ՛ըսէ.

«Ո՛ւր որ ալ լինես, ո՛ւր որ ալ երթաս,
Քու փայլուն ջահէդ, Հայրիկ ջան,
Մեզի լոյս կու տաս», եզրափակեց Վիգէն Աւագեան:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցան ջութակահար Յովիկ Գարախանեան եւ Համազգայինի «Այգ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանին:

Նախորդը

Բարի Լոյս 32. Գօտեպնդող Երեւոյթ

Յաջորդը

Ամբողջ Աշխարհի Քիւրտերուն Միաւորուելու Կոչ Ուղղելով` «Թուրքիոյ Միակ Խնդիրը Էնվեր Փաշայի Քաղաքականութիւնը Յամառօրէն Շարունակելն Է» Կ՛ըսէ Պայտեմիր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?