Գեղամ Արք. Խաչերեան Ընտրուեցաւ Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ
Յունաստանի հայոց թեմը, կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի նախագահութեամբ, իր Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց շաբաթ, 24 եւ կիրակի, 25 յունիս 2017-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահին մէջ: Յաջորդական երեք նիստերով` իրաւասու քուէով քառասուն ազգային երեսփոխաններէ բաղկացած Յունահայոց թեմական ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, յարակից խորհուրդներուն եւ թաղականութեանց երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութիւնը` համապատասխան արժեւորումի ենթարկելով արձանագրուած թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ կաղացումներն...




















