Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող օրերուն ընթացքին Սուրիոյ օդուժը հարուածած է Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը, որոնք տակաւին տեղակայուած են Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններէն Ժոպարի մէջ` պատճառելով զգալի վնասներ եւ կործանելով որոշ դիրքեր:
Ժոպար-Այն Թարմա գիծին վրայ տեղի կ՛ունենան բուռն բախումներ: Հրետանային եւ հրթիռային հարուածներ կը ստանան նոյն ահաբեկչական դիրքերը: Ասոր դիմաց ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները հրթիռակոծման կ՛ենթարկեն Ապպասիին, Զապլաթանի, Պապ Թումա, Պապ Շարքի շրջանները` պատճառելով նիւթական վնասներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:



