Նախագահութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, անցնող շաբաթավերջին` ուրբաթ, 23 եւ շաբաթ, 24 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ աւելի քան 1700 հանդիսատեսներու դիմաց «Սինտիպատի ճամբորդութիւնները» խորագիրով, ամիսներու վրայ երկարող տքնաջան աշխատանքէ ետք երկու ելոյթներով հանդէս եկաւ «Գայեանէ» պարի դպրոցը, որուն պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու առաքելութիւնը ներկայիս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ դարձած է անհրաժեշտութիւն, եւ նկատի ունենալով, որ արուեստը իւրաքանչիւր աշակերտի կազմաւորման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի, հետեւաբար Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի առաքելութիւնն է մանուկներուն ջամբել պարային կշռոյթներն ու ձեւերը` միաժամանակ առաջնորդելով զանոնք դէպի հայկական մշակոյթը:
Երկու մասերէ բաղկացած յայտագիրին առաջին բաժինով ներկայացուեցան հայկական ազգագրական «Տօնական պար», «Շալախօ», «Սիրուս կը սպասեմ», «Վաղարշապատ», ինչպէս նաեւ օտար ազգագրական` յունական, հնդկական, վրացական, ֆրանսական, եւրոպական եւ այլ պարեր, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին պարի դպրոցի բոլոր խումբերը, այսինքն` շուրջ 300 մանուկներ, պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնց բեմական գեղեցիկ կատարումները եւ պարային շարժումներու ներդաշնակութիւնը կ՛արտացոլային իւրաքանչիւր պարի մէջ: Դադարէն ետք ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի տհոլահարներու համոյթը, որ ներկայացուց երաժշտական կատարում մը:
Երկրորդ բաժինով թատերապարով մը ներկայացուեցաւ «Սինտիպատի ճամբորդութիւնները», որ կը ներառէր երեք պատմութիւն` Սինտիպատի ճամբորդութիւնը, Ալի Պապա եւ 40 աւազակները եւ Ալատինի հեքիաթները: Այս բաժինով «Գայեանէ» պարի դպրոցի տաղանդաւոր աշակերտները հանդիսատեսը փոխադրեցին Պաղտատ, ուր կ՛ապրէր Սինտիպատ, նաեւ զիրենք մասնակից դարձուցին Սինտիպատի արկածախնդրութիւններուն եւ զանազան երկիրներ այցելութիւններուն:
Ուշագրաւ էին տարազներու առանձնայատկութիւնն ու գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ թատերապարի յարդարանքին իրագործումը:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ պարուսոյց Ժաքլին Մակինեան:
«Գայեանէ»-ի աշակերտները վայելքի պահեր ապրեցուցին հանդիսատեսներուն` անոնց հրամցնելով ամբողջ տարուան մը վրայ երկարած աշխատանքի արգասիքը: Անշուշտ ասիկա յաջողութեամբ իրականացաւ շնորհիւ պարուսոյցներու բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին: