Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցին Նշեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական Ընտրութեան Եւ Օծման 22-րդ Տարեդարձը

Յունիս 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 յունիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իշխանութեան ներքեւ գործող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք, որուն ընթացքին հոգեւորականներ աւետարանական հատուածներ կարդացին եւ աղօթքներ առաքեցին` բարւոք ծառայութիւն եւ արեւշատ օրեր մաղթելով Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ անսասանութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, օրուան պատարագիչ հայր սուրբը` Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան, իր քարոզին մէջ օրուան աւետարանական պատգամը ուղղելէ ետք հաւատացեալներուն, վեր առաւ վեհափառ հայրապետին նուիրեալ ծառայութեան բազում երեսները` յատկապէս շեշտելով. «Երբ վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսական գահ բարձրացաւ, ժամանակը հասած նկատեց, որ այս աթոռը դուրս գար իր նեղ սահմաններէն եւ բացուէր անսահման աշխարհին, եւ այս անսահման աշխարհին մէջ ծնունդ տար սահման չճանչցող գործունէութիւններու»:

Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, միաբան հայրեր, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ թափօր կազմած` ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան ուղերձ կարդաց Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան եւ ըսաւ, որ վերջին քսան տարիներուն Անթիլիասի տարած գործունէութիւնը ի՛նք թող վկայէ վեհափառ հայրապետի մտքի հանճարին ծորումը Կիլիկիոյ դարաւոր գանձանակին մէջ: «Եւ եթէ այժմ, մենք սա պահուն չարտայայտուինք, Անթիլիասի մայրավանքին սա սուրբ քարերը իրե՛նք պիտի աղաղակեն եւ ըսեն. վեհափա՜ռ… քսաներկու տարիներ Անթիլիասի երկնակամարին վրայ շողաց ձեր իմաստութեան անկորնչելի արեւը, որուն լոյսով լուսաւորուեցաւ բովանդակ հայ սփիւռքը», նշեց հայր սուրբը:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոսը նախ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց իր անձին նկատմամբ արտայայտուած բոլոր բարեմաղթանքներուն համար եւ յիշեցուց, որ «մեր եկեղեցին ծառայութեամբ կը պայծառանայ եւ անոր առաքելութիւնը ծառայութեամբ կը կենսագործուի ժողովուրդի կեանքին մէջ: Անձերը, կաթողիկոսներէն սկսեալ, միջոցներ են պարզապէս եւ ո՛չ նպատակ»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Անցնող քսաներկու տարիներուն ընթացքին, իմ շուրջս ունենալով մեր միաբան հայրերը եւ մեր ժողովականները փորձեցի մեր եկեղեցւոյ ծառայական գանձանակին մէջ, Աւետարանին բառերով, իմ համեստ լուման դնել: Թերութիւններ վստահաբար որ ունեցանք, ձախողութիւններ կրնայ ըլլալ որ ունեցանք, սակայն ես կը հաւատամ, որ անցնող տարիներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ հաւատքով, սիրով ու նուիրումով ինքզինք իրագործեց բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ»:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը եզրափակեց նշելով. «Ամեակները հրաւէր են ինքնաքննութեան, ինքնահայեցողութեան ու ինքնասրբագրումի. ամեակները նաեւ մարտահրաւէրներ են աւելի՛ն ըլլալու, աւելի՛ն տալու` ծառայութեան ճամբով Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին եւ մեր արդար դատին»:

«Հայրապետական մաղթերգ»-ի եւ «Կիլիկիա» քայլերգի կատարումներէն ետք, ներկաները աջահամբոյրով իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնեցին վեհափառ հայրապետին եւ շնորհաւորեցին իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձը:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցը Յաջողութեամբ Ներկայացուց «Սինտիպատի Ճամբորդութիւնները» Խորագիրով Իր Ելոյթները

Յաջորդը

Գեղամ Արք. Խաչերեան Ընտրուեցաւ Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ

RelatedPosts

Գաղութային

«Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լրատուութեան Ճշգրտութեան Բանալիներէն Մէկուն

Յունուար 28, 2023
Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին
Գաղութային

Արցախի Զօրակցական Հաւաք Այնճարի Մէջ` Ընդդէմ Ազրպէյճանի Կողմէ Ծաւալուած Հայաթափման Արշաւին

Յունուար 28, 2023
«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ
Գաղութային

«Հայ Ազգային Երգը» Նիւթով Դասախօսութիւն ԼՕԽ-ի Կեդրոնին Մէջ

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In