Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տըքուենէի, Սապթիէի, Նիու Ռաուտայի, Մար Ռուքոզի Եւ Մանսուրիէի Հայութեան Հետ Ունեցած Հանդիպումին Ընթացքին Յակոբ Բագրատունի Հաստատեց, Որ ՀՅԴ-ն Ծնած Է Իր Ժողովուրդին Ծառայելու

Յունիս 24, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 23 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Նաքուզի Քէյվ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Տըքուենէի, Սապթիէի, Նիու Ռաուտայի, Մար Ռուքոզի եւ Մանսուրիէի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ:

Հանդիպումին սկիզբը ներկաները ողջունեց «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Յակոբեան, որ բացատրեց, թէ այս հաւաքին նպատակն է մնայուն կապ հաստատել նշեալ շրջաններու հայ բնակիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ կոմիտէի ծրագիրին` հայութեան տուները այցելելու:

Ան հաստատեց, որ ակումբին դռները միշտ բաց են բոլորին առջեւ, իսկ կոմիտէն միշտ պատրաստ է լսելու բնակիչներուն դիմագրաւած խնդիրները` փորձելով առաւելագոյն չափով լուծումներ գտնել անոնց:

Ապա  ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ուրախութիւն յայտնեց նման հանդիպումներու կայացման համար, որովհետեւ անոնք առիթ են անգամ մը եւս մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաստատելու, որ ժողովուրդէն ծնած Դաշնակցութեան առաքելութիւնն է գործել ի խնդիր այդ ժողովուրդին:

Ան դիտել տուաւ, որ եթէ զանազան պատճառներով կուսակցութիւնը թերացած է ոչ հայահոծ շրջաններու բնակիչներուն հետ մնայուն կապ պահելու իմաստով, ատիկա չի նշանակեր, որ հետաքրքրուած չէ անոնցմով, այդ պատճառով ալ այս առիթները կը ստեղծէ կապերը աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու համար` հաւատալով, որ լիբանանահայութեան գոյատեւման առանցքը կը հանդիսանայ անոր բոլոր զաւակներուն միասնականութիւնը, հաւատքը հայկականութեան նկատմամբ, կառչածութիւնը մեր ինքնութեան:

Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ այս հաւաքները քաղաքական նպատակ չունին, ոչ ալ ընտրութիւններուն ծառայեցնելու միտում կայ անոնց մէջ, այլ անոնց առանցքը կը հանդիսանայ այն իրականութիւնը, որ այսօր եւս հայութիւնը տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է, իսկ զանոնք դիմագրաւելու համար պէտք է միշտ միասին ըլլայ, անկախ կուսակցական կամ միութենական պատկանելիութենէն, որովհետեւ հայութեան համախմբումով միայն կարելի կ՛ըլլայ մնալ զօրեղ ու պահպանել հայկականութիւնը, որ ամէն բանէ վեր է ու կարեւոր: Երեսփոխան Բագրատունիի համաձայն, Դաշնակցութիւնը միշտ ալ պատասխանատու զգացած է իւրաքանչիւր հայու նկատմամբ, ուր ալ գտնուի ան, որքան ալ հեռաւոր շրջաններու մէջ բնակի:

Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնած ինքնութեան պահպանման ծառայող տարբեր ֆոնտերու մասին, որոնք տրամադրելի են համայն լիբանանահայութեան անխտիր` հաստատելով, որ ֆոնտերու գումարներու տրամադրումը արդէն ընթացք առած է: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` բոլոր պարագաներուն դիմելու Երեսփոխանական գրասենեակ, ուր ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի օժանդակելու մեր հայորդիներուն:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ այս բոլոր աշխատանքները կը տարուին, որպէսզի պահպանուի հայկական միջավայրը, հայկականութեամբ բաբախուն Լիբանան մը ժառանգ ձգուի յառաջիկայ սերունդներուն` կառչելով այն հաւատքին ու յանձնառութեան, որ հայը հայուն կողքին պէտք է ըլլայ միշտ:

Ապա արաբերէնով իր սրտի խօսքը ուղղեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ ժողովուրդին հետ ըլլալը Դաշնակցութեան համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ ժողովուրդին շնորհիւ եւ անոր հետ է, որ կարելի է նուաճումներ արձանագրել, ուստի լիբանանահայութեան ծառայելը պարտաւորութիւն է: Ան կոչ ուղղեց բոլորին դիմելու կուսակցութեան տարբեր գրասենեակները, որոնց միջոցով իւրաքանչիւր լիբանանահայու հարցերու հետապնդում պիտի կատարուի: Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ հայութեան միասնականութեան, ինչ որ տեղացիներուն նախանձը շարժելու կողքին, նաեւ կը փաստէ, որ հայութիւնը իսկապէս կարելիութիւնը ունի համախմբուած աշխատելու, մարդուժ տրամադրելու Լիբանանին, ծառայելու այս երկրին` տարբեր բնագաւառներուն մէջ ներդրումներ կատարելով եւ անոր բարգաւաճման ի խնդիր գործելով:

Ան բացատրութիւն տուաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնած ինքնութեան պահպանման ծառայող տարբեր ֆոնտերուն մասին, նաեւ նշեց, որ ժողովուրդը պէտք է անվարան դիմէ Դաշնակցութեան, որպէսզի լուծուին առկայ խնդիրները:

Ընթրիքին ընթացքին մթնոլորտը խանդավառեց Վիգէն Տիշչեքենեան` նուագակցութեամբ Շանթ Տիշչեքենեանի:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Կազմակերպած 129-րդ Մամլոյ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Արժեւորման Հոլովոյթը` Խորհրդային Իշխանութեան Շրջանին

Յաջորդը

Չեխիոյ Նախագահը Իր Երկրին Եւրոպական Միութենէն Հեռանալը Կ՛ուզէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In