Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Կազմակերպած 129-րդ Մամլոյ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Արժեւորման Հոլովոյթը` Խորհրդային Իշխանութեան Շրջանին

Յունիս 24, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 23 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 129-րդ մամլոյ լսարանը` «խորհրդային իշխանութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը (Պատմագիտական արժեւորումներու հոլովոյթը 1920-1991)» խորագրեալ նիւթին շուրջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ դասախօսութեան նիւթին: Ապա Յակոբեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը` ամերիկեան Միշիկընի համալսարանի-Տիրպոռնի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի վարիչ դոկտ. Արա Սանճեանը:

Դոկտ. Սանճեան անդրադարձաւ խորհրդային իշխանութեան օրերուն Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրին գծով ցուցաբերուած պաշտօնական կեցուածքին` քաղաքական թէ գրական-մշակութային մարզերուն մէջ:

Հիմնականին մէջ կեդրոնանալով 1920-էն 1991 երկարող ժամանակաշրջանին վրայ, դոկտ. Սանճեան անդրադարձաւ այս շրջանի գլխաւոր իրադարձութիւններուն` երկու գլխաւոր փուլերու վրայ: Ան նախ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ եւ ո՞ր տարիները Հայոց ցեղասպանութեան շրջան պէտք է կոչել: Ըստ ոմանց անիկա 1894-1923 երկարող շրջանին գործադրուած հակահայ ջարդերն են, ըստ ուրիշներուն` 1915-1916 տարիներու ընթացքին պատահածը, իսկ այլ խումբի մը համար` 1915-1923-ին տեղի ունեցած ջարդը: Դոկտ. Արա Սանճեանին համաձայն, ժամանակագրական նշեալ սահմանագծումներէն 1915-1916 տարիներու դէպքերը իբրեւ Ցեղասպանութիւն կը բնորոշուին:

1920-1965 իբրեւ առաջին փուլ նկատի ունենալով` դասախօսը դիտել տուաւ, թէ այս շրջանին ակներեւ է, որ որեւէ ակնարկութիւն չկայ Հայոց ցեղասպանութեան կամ Եղեռնի մասին խորհրդային պատմագրութեան մէջ: Ան թուեց այդ օրերու ղեկավարներէն Ալեքսանդր Միասնիկեանը, Աշոտ Յովհաննիսեանը եւ Արտաշէս Կարինեանը:

Մինչեւ Եղեռնի յիսնամեակ (1965) երկարող շրջանը ինքնին կարելի է բաժնել ենթաբաժանումներու: 1920-1935 տարիներուն հայ պոլշեւիկներու պաշտօնական դիրքորոշումը գլխաւորաբար դէմ էր բոլոր տեսակի ազգայնականութիւններուն եւ կը դաւանէր «պոլշեւիկները խաղաղութիւն բերին Անդրկովկասին» կարգախօսը: Ըստ նոյն այդ մտածողութեան հայոց ջարդերու պատասխանատուները ցարիզմն ու բոլոր կայսերապաշտ պետութիւնները, արեւմտեան միսիոնարները, ռուսահայ քաղքենիութիւնը, արեւելահայոց թէ արեւմտահայոց մէջ գործած հայկական բոլոր կուսակցութիւններն են (բացի պոլշեւիկներէն):

1935-էն ետք անոնք կը փորձեն նոր էջ բանալ` «յեղափոխականացնել ու խորհրդայնացնել ամբողջ Արեւելքը»:

Այս հոլովոյթին մէջ քեմալականները կրնան կամայ թէ ակամայ առանցքային դեր խաղալ: Նոյն շրջանին հայ գաղթականներու եւ որբերու աստիճանական ներգաղթ կ՛արձանագրուի: Գաղթաշխարհի հայ բանուորները պէտք է մասնակցէին հակադրամատիրական պայքարին:

Գրական-մշակութային առումով առաջին տասնամեակին ուշագրաւ ոչինչ կայ արեւմտահայութեան մասին, բացի Սուրխաթեանի մէկ գործէն:

Միայն 1930-ական թուականներուն է, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան մասին կ՛ակնարկուի: Մինչեւ 1930-ի կէսերը ազգային պատմութեան նիւթ չէր դասաւանդուէր դպրոցներուն մէջ: Մինչեւ 1935 ոչ ոք կ՛անդրադառնայ Եղեռնին, բացի Լէոյէն (Առաքել Բաբախանեան): Իսկ ծագումով հրեայ Եւգինի Տարլէ 1928-ին գրած է «Եւրոպան Իմպերիալիզմի շրջանին» աշխատութիւնը, որմէ որոշ հատուածներ հայերէնի թարգմանելով հրապարակած է Վահան Մինախորեան` «Հայրենիք»-ի մէջ: Իր աշխատութեան մէջ Հայոց եղեռնին անդրադարձած Տարլէ ստալինեան շրջանին ձերբակալուած, աքսորուած, ապա ներում ստանալով վերադարձած է Մոսկուա եւ դարձած Ստալինի մտերիմներէն:

Նոյն այդ շրջանին սակայն (1920-1935), իրողական գետնի վրայ արձանագրուած են հակասական երեւոյթներ, ինչպէս` հարիւր հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներու գոյութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Արեւմտահայաստանի բնակավայրերու անուններով նոր աւաններու ստեղծում (Նոր Զէյթուն, Նոր Այնթէպ):

Աւելին` Խորհրդային Հայաստանի պետական զինանշանին վրայ Արարատի նշումը:

Դոկտ. Սանճեան երկրորդ փուլը նկատի ունի 1935-էն ետք, ուր 1935-1941 ուշագրաւ փոփոխութիւններ չկան, մինչ 1930-ական թուականներուն կարեւոր փոփոխութիւններ եղած էին Խորհրդային Միութեան մէջ:

1941-էն ետք «բարի» եւ «չար» դասակարգերուն կ՛աւելնան, «բարի» եւ «չար» ազգեր որակումները:

1943-ին հայոց պատմութեան դասագիրքերը կը ներառուին Խորհրդային Հայաստանի կրթական ուղեգիծին մէջ: Այս դասագիրքերուն մէջ հայոց պատմութեան անդրադարձը կը կատարուի մինչեւ 18-րդ դար:

1935-էն ետք, յատկապէս Մոնթրոյի համաձայնութենէն ետք Թուրքիոյ եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ կապերը կը վատթարանան: Համայնավարութեան իմաստը կը փոխուի Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան գծով լռութիւնը կը շարունակուի: Լոյս կը տեսնէ Եղիշէ Չարենցի «Մահուան տեսիլ»-ը: Իսկ «Կարօտախտ»-ի հեղինակը կը ձերբակալուի` իբրեւ հակախորհրդային գրութեան հեղինակ: Տարօրինակօրէն սակայն, Կոմիտասի նուիրուած աշխատանքներ կը կատարուին (ինչպէս` Կոմիտասին նուիրուած Սարգիս Մուրատեանի «Վերջին գիշերը» խորագրեալ գեղանկարը), ինչ որ արտասովոր երեւոյթ էր Խորհրդային Միութեան մէջ հոգեւորականի մը նկատմամբ:

1941-1945 ժամանակաշրջանին հետզհետէ հայրենասիրական նիւթեր կ՛արծարծուին մամուլի, գրականութեան եւ արուեստի մէջ: Նոյն շրջանին զգուշաւոր կերպով Գերմանիան կը սկսի մեղադրուիլ իբրեւ պատասխանատու Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայոց ջարդերուն: 1945-1953` ստալինեան վարչակարգի վերջին տարիներուն, Խորհրդային Միութիւնը հողային պահանջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ: Այս գծով օրուան ղեկավարութիւնը Խորհրդային Հայաստանէն կը պահանջէ թղթածրար մը պատրաստել Թուրքիայէն հողային պահանջի գծով:

1946-1948-ի ներգաղթի շրջանին, 89 հազար հայեր կը վերադառնան Խորհրդային Հայաստան: Նոյն շրջանին լոյս կը տեսնէ պուլկարահայ Օննիկ Փանիկեանի (Զարմունի) «Մահից դէպի կեանք»-ը:

1945-1947 շրջանին թաքուն պատերազմական պատրաստութիւններ կը տեսնուին եւ սփիւռքի ներուժի օգտագործման կարելիութեան մասին կը մտածուի:

1953-1964 խրուշչովեան տարիները կը յատկանշուին հակասական տրամադրութիւններով: Խորհրդային Միութեան կողմէ հողային պահանջէ հրաժարում, մինչ 1957-ին լոյս կը տեսնէ Եղեռնին անդրադարձող առաջին պատմութեան դասագիրքը: Նաեւ կը սկսին լոյս տեսնել Եղեռնի զոհ գրագէտներու գործերը (Սիամանթօ, Դ. Վարուժան, եւ այլն): 1963-ին լոյս կը տեսնէ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ը, 1964-ին` ռուսերէնը: 1964-ին` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը»:

1965-ի մարտ-ապրիլ ամիսներուն յիսնամեակին կ՛արտօնուի Եղեռնի հրապարակային ոգեկոչում :

29 նոյեմբեր 1967-ին պաշտօնական բացումը կը կատարուի Եղեռնի յուշակոթողին` Ծիծեռնակաբերդի մէջ:

Կարէն Դեմիրճեանի օրով, ժողովուրդի կողքին, նաեւ ղեկավարութիւնը կ՛ուղղուի Ծիծեռնակաբերդ եւ ամէն տասնամեակի յատուկ հաղորդում կը պատկերասփռուի: «Փրաւտա» յատուկ յօդուածով կ՛անդրադառնայ Եղեռնին 1965-ին-1975-ին եւ 1985-ին:

Ապա դոկտ. Սանճեան ներկայացուց մինչեւ 1991 արձանագրուած պատմագրական արժեւորումի հոլովոյթը:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանն Ու «Ազդակ»-ը Կը Թուայնացնեն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Գործերը

Յաջորդը

Տըքուենէի, Սապթիէի, Նիու Ռաուտայի, Մար Ռուքոզի Եւ Մանսուրիէի Հայութեան Հետ Ունեցած Հանդիպումին Ընթացքին Յակոբ Բագրատունի Հաստատեց, Որ ՀՅԴ-ն Ծնած Է Իր Ժողովուրդին Ծառայելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In