Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներ» Աշխատանոցի Մասնակիցներուն Նուիրուած Գնահատանքի Երեկոյ

Յունիս 17, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին, երէկ` ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցի մասնակիցներուն ի պատիւ գնահատանքի երեկոյ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սրբուկ Ճենանեան, որ անդրադարձաւ 30 ապրիլին տեղի ունեցած «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցին, որուն մասնակից 92 փոքրիկները գնահատելու նպատակով կազմակերպուած էր այդ հաւաքը: Ան դիտել տուաւ, որ աշխատանոցին նպատակն էր փոքրիկները ծանօթացնել մամուլի հրատարակութեան եւ խմբագրական աշխատանքներուն: Սրբուկ Ճենանեան դիտել տուաւ, որ այս առաջին փորձառութեան արձանագրած յաջողութիւնը անակնկալ էր բոլորին համար, մանաւանդ որ փոքրիկները ստեղծագործած էին երեւակայելով եւ իրենց երեւակայութիւնը գիր ու գիծով մարմնաւորելով` շեշտելով, որ միօրեայ հաւաքական աշխատանքին հպարտալից արդիւնքն էր «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մայիսի բացառիկ թիւը:

Սրբուկ Ճենանեան հաստատեց, որ այս դրական արդիւնքին արժեւորումը կատարելու եւ փոքրիկները գնահատելու նպատակով կայացած այդ ձեռնարկին նպատակն է նաեւ խթանել զանոնք` շարունակելու այս գործը եւ ապագային իրենց ներդրումը բերելու մամուլի աշխատանքին: «Ուրեմն կը շնորհաւորենք «Փոքրիկ լրագրողները»` մաղթելով անոնց յաջողութիւն ու բարձր դիրքեր, որովհետեւ մեր փոքրիկներուն յաջողութիւնը մեր յաջողութիւնն է, հայ ազգին յաջողութիւնն է», ըսաւ ան` շնորհակալութիւն յայտնելով «Պզտիկ-մզտիկ»-ի մայիսի թիւի հովանաւոր ԱՖՀԻԼ հաստատութեան:

Ապա խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ԱՖՀԻԼ-ը իր հիմնադրութեան օրէն նեցուկ կը կանգնի եւ կ՛օժանդակէ գաղութին մէջ կազմակերպուող այն նախաձեռնութիւններուն, որոնց նպատակը լիբանանահայուն բարօրութիւնը, բարգաւաճումն ու սերունդներու դաստիարակութիւնն է: Ան նման նախաձեռնութիւն մը կարեւոր եւ գնահատելի նկատեց` համահաւասար շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներուն, որոնք նման աշխատանքով իրենց ծառայութիւնը մատուցած կ՛ըլլան գաղութին մէջ մարդուժի պատրաստութեան գործին` պատրաստելով լրագրողներ, խմբագիրներ, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին մէջ հայ գիրին եւ ընթերցանութեան նկատմամբ սէր սերմանելով:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ «Պզտիկ-մզտիկ» իր ընթացիկ աշխատանքներուն զուգահեռ կը կազմակերպէ տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ` շարադրութեան եւ ուղղագրութեան մրցումներ, զարգացման մրցում, իսկ ներկայիս` փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց, որուն ընթացքին աշակերտները առիթ ունեցան թափ տալու իրենց երեւակայութեան, ամբողջ օրուան մը տեւողութեան լրագրողի ու խմբագիրի աշխատանք կատարելու, մասնակիցները թերթին խոհանոցային առօրեային ծանօթացնելու:

Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ այս աշխատանոցը ո՛չ միայն «Պզտիկ-մզտիկ»-ի արձանագրած յաջողութիւնն է, այլ «Ազդակ»-ի իրագործումներէն մէկը կը նկատուի, ինչ որ նաեւ պարտաւորեցնող է` զայն աւանդութեան վերածելու առումով, որովհետեւ այս նախաձեռնութեան շուրջ համախմբուած են վաղուան լրագրողները:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէններուն` անոնց ընդառաջումին համար, ուսուցիչներուն` գործակցութեան, ծնողներուն` հոգատարութեան, փոքրիկներուն` խանդավառութեան, իսկ հովանաւորին` հաւատքին ու նեցուկին համար:

Ապա Յակոբ Լատոյեանն ու Շահան Գանտահարեանը մասնակցութեան վկայագիրներ յանձնեցին 92 փոքրիկ լրագրողներուն:

 

Նախորդը

Կարօտի Նամակ Շողիկ Բարիքեանին

Յաջորդը

Նշելով Թուրքիոյ Պարագան. «Իսլամ Եղբայրները Ամբողջութեամբ Ահաբեկչական Նկատելը Պիտի Բարդացնէ Մեր Միջազգային Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Թիլըրսըն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?