Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 17 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Վիգէն Դարբինեան տուաւ իր Լիբանան այցելութեան եզրափակիչ երգահանդէսը:
Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ Վիգէն Դարբինեան ներկաներուն հրամցուց իր հին ու նոր երգերէն` հեղինակային թէ վերամշակուած: Դարբինեանին հանգստացնող ձայնը հնչեց կարծես անցորդի մը համար պատրաստուած բեմայարդարումէն, թէեւ անոր Լիբանան գտնուելուն խորագիրն է «Վերադարձ»: Բեմը կը բաղկանար փոքրիկ կլոր սեղանի մը շուրջ զետեղուած աթոռէ մը, որ դատարկ կանգնած էր փակ պատուհաններով պատի մը տակ ու լուսաւորուած փողոցի աղօտ լոյսով: Այս մթնոլորտին մէջ կանգնելով բեմին վրայ` Դարբինեան հանդիսատեսին հրամցուց 23 երգեր, ինչպէս` «Զինուորին մօր երգը», «Սարերի հովին մեռնեմ», «Առանց երգի ծիծեռնակ», «Մայր իմ աննման», «Մինակ», «Եարը մարդուն եարա կու տայ», «Վերադարձ նոյն ծառի ճիւղին», «Ազատ աթոռս», «Օրեր-երազ» եւ այլն:
Հեղինակային երգերը ծնունդ առած են արուեստագէտին առօրեայէն եւ ունէին իրենց պատումն ու յիշատակները, որոնք կ՛արտացոլային Դարբինեանին կատարողութեան մէջ: Երգերուն ճամբով Դարբինեան մեզի տարաւ իր առօրեային եւ յիշատակներուն ուղիով… «Կարաւան» երգէն առաջ ան պատմեց, թէ ներգաղթողներուն պատկերը որքա՛ն խոր ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ, մանաւանդ որ անոնց մէջ եղած է իր մեծ մայրը, որմէ բաժնուած պահուն` փոքր տարիքին, երգած է նոյն երգը, «Գնա» երգին մէջ ան յստակօրէն կը պատմէր իր դստեր պսակադրութիւնը, որ տխուր ու ուրախ միահիւսուած զգացումներ յառաջացուցած է իր աղջնակէն բաժնուող հօր էութեան մէջ, խօսելով «Անկեղծ ընկերներ» երգին մասին, ան սրտագին խոստովանութիւն ըրաւ, թէ կը կարօտնայ իր ընկերները եւ միջավայրը` առանց սակայն բանտարկուած ըլլալու անցեալին մէջ: Զգացումներ, կացութիւններ, ապրումներ, որոնք իւրաքանչիւր անձի կեանքին մէջ առկայ են, երբեմն թաքնուած, երբեմն բացայայտ, սակայն կան, եւ երբ հնչէ երգը, տողանցեն բառերը` երաժշտութեան հետ պար բռնած, ունկնդիրը անպայման կը խորանայ իր էութեան խորերը` գտնելու նաեւ իր ներքին խլրտումները:
Դարբինեանին երգացանկը քնարային ըլլալուն կողքին նաեւ պատգամաբեր էր, մեկնաբանուած երգերը, ինչպէս` «Կարօտ», «Կռունկները», «Զինուորին մօր երգը», ազգային շունչով պարուրուած էին, ունէին կոչ ու հրաւէր: Վիգէն Դարբինեան բեմէն յայտնեց, որ սփիւռքը կը պայքարի ու կը գոյատեւէ իր մշակոյթով եւ տակաւին շատ բան ունի կատարելիք` զօրավիգ կանգնելու համար Հայաստանին, որուն գոյատեւման հիմնական կռուանը նոյնինքն սփիւռքն է: Ան ըսաւ, որ 1975-ի լիբանանեան պատերազմը ապացոյց էր լիբանանահայութեան պայքարի ոգիին ու վճռականութեան, որոնց ի տես կը զմայլի արուեստագէտը: Հաւանաբար անոր համար է, որ Վիգէն Դարբինեան իր հեղինակային երգերով կը մնայ արեւմտահայերէն երգեր յօրինող սակաւաթիւ արուեստագէտներէն, հայկական բիւրեղ երաժշտութեամբ հանդէս եկողը եւ արեւմտահայերէն լեզուն ու մշակոյթը այս ձեւով կեանքի կոչողն ու պահպանողը:
Համերգը յոտնկայս ծափահարութեամբ աւարտեցաւ «Անվերադարձ մահով սակայն» երգով, որուն մէջ փառաբանուեցաւ հայրենիքին ու Հայ դատին համար պայքարած ու նահատակուած բոլոր նահատակներուն անմեռ յիշատակը, յատկապէս` Լիզպոնի հինգ հերոսներունը:
Վիգէն Դարբինեանի հարուստ երգացանկը վայելքի, մտորումներու, զգացական ներշնչումներու, առօրեայ ապրումներու իւրայատուկ առիթ մը հանդիսացաւ` անոր իւրայատուկ կատարողութեամբ յատկանշուող: