72 տարեկանին մահացած է բեմադրիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ռուբէն Գէորգեանց:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Ռուբէն Գէորգեանցի մահուան առիթով պիտի ստեղծուի թաղման կառավարական յանձնախումբ:
Ռուբէն Գէորգեանց ծնած է 30 նոյեմբեր 1945-ին, Երեւան: 1968-ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի բեմադրութեան բաժանմունքը` Վարդան Աճէմեանի արուեստանոցը: 1971-ին աշխատած է Երեւանի վաւերագրական ժապաւէններու սթիւտիոյին մէջ` իբրեւ բեմադրիչ: 1982-1989 թուականներուն եղած է «Հայֆիլմ» շարժապատկերի սթիւտիոյի վաւերագրական ժապաւէններու ստեղծագործական միաւորման գեղարուեստական ղեկավարը: 1989-էն եղած է փաստավաւերագրական ժապաւէններու «Հայկ» շարժապատկերի սթիւտիոյի տնօրէնն ու գեղարուեստական ղեկավարը: 1995-1998 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ: 1998-ին դասաւանդած է Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին մէջ (2003-էն` փրոֆեսէօր):
Նկարահանած է շուրջ 70 ժապաւէն: Մասնակցած է բազմաթիւ հայկական եւ միջազգային շարժապատկերի փառատօներու եւ արժանացած 21 վկայականի եւ մրցանակներու, որոնցմէ 6-ը` գլխաւոր: Հեղինակած է 3 գիրք:
1982-ին արժանացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի, 2006-ին` Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչման:



