Յունաստանի հայոց թեմը, կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի նախագահութեամբ, իր Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց շաբաթ, 24 եւ կիրակի, 25 յունիս 2017-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահին մէջ:
Յաջորդական երեք նիստերով` իրաւասու քուէով քառասուն ազգային երեսփոխաններէ բաղկացած Յունահայոց թեմական ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, յարակից խորհուրդներուն եւ թաղականութեանց երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութիւնը` համապատասխան արժեւորումի ենթարկելով արձանագրուած թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛ կաղացումներն ու թերացումները:
Թեմական Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունեցաւ եւ կատարեց թեմակալ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին տրամադրած թեմակալ առաջնորդի թեկնածուներու եռանուն ցանկին հիման վրայ, ժողովը յառաջիկայ վեց տարիներու պաշտօնավարութեան շրջանի համար թեմակալ առաջնորդ ընտրեց Գեղամ արք. Խաչերեանը:
Այնուհետեւ, Յունահայոց Ազգային թեմական ժողովը կատարեց նաեւ ընտրութիւնը Ազգային վարչութեան` հետեւեալ կազմով. Արաքսի Աբէլեան, Զապէլ Այվազեան, Նազար Աւագեան, Կոստան Եզեկէլեան, Պետրոս Կիւրիւնլեան, փրոֆ. Սերգօ Յարութիւնեան, Թագւոր Յովակիմեան, Պօղոս Չոլաքեան, Վերա Պլեճեան, տոքթ. Արթին Վարդանեան եւ տոքթ. Ստեփան Փափազեան: