Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սին Էլ Ֆիլի Հայութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Շեշտեց, Որ Մեզ Միացնողը Հայկականութիւնն Է

Յունիս 16, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունիս երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Պլու Ճինզ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Սին էլ Ֆիլ շրջանի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի միջեւ:

«Դրօ» կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հրատ Պէպէճեան: Ան ըսաւ, որ հանդիպումը առիթ մըն է, որ կապ մը հաստատուի եւ կազմուի այն հաւաքականութիւնը, որ տէր է հայեցի սկզբունքներուն եւ կոչումին:

Այնուհետեւ Սին էլ Ֆիլի հայ բնակիչներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հպարտութիւն  եւ ուրախութիւն է առաջին անգամ նման հանդիպումի մը ներկայ գտնուիլը: Սին էլ ֆիլի հայերով բնակեցուած  թաղամասին հետ թէեւ առիթ չէ եղած ֆիզիքապէս հանդիպելու, բայց իրարու հետ եղած ենք ամէն անգամ, երբ կարիքը զգացուած է:

Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ հանդիպումին հիմնական նպատակը հայ ժողովուրդի զաւակները գուրգուրանքի առարկայ դարձնելն է, մանաւանդ այն շրջաններուն մէջ, ուր հայու ինքնութեան վտանգող երեւոյթներ կան, ուր քիչ թիւով հայեր շրջապատուած են աւելի մեծ  թիւով ոչ հայերով: Ան շեշտեց. «Մեզ միացնողը հայկականութիւնն է, ո՛ւր որ ենք պաշտպանենք հայութիւնը, հայը, ո՛վ որ է, ո՛ւր ալ բնակի, պաշտպանենք զինք իբրեւ հայ. մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է վստահ ըլլան, որ մենք պատրաստ ենք հարցերն ու կարիքները լուծելու մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին տունը միւսին տունը պիտի ըլլայ, մեր ակումբները եւ միութիւնները, բոլորին տուներն ու միութիւնները պիտի ըլլան»:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ նման հանդիպումներ միշտ ալ պիտի ըլլան, ապա կոչ ուղղեց Պուրճ Համուտի դրացի, բայց կղզիացած շրջանին, ըլլալու միասին, իրարու հասնելու, մնալու մէկ եւ միասնակամ:

Իր խօսքի աւարտին երեսփոխան Բագրատունի ուշադրութեան յանձնեց ՀՅԴ-ի 126-ամեակին առիթով կուսակցութեան հիմնած հայկական ինքնութեան պահպանման չորս Ֆոնտերը` Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ, Հայ ընտանիքի բազմացման ֆոնտ, Հայ մանուկի ֆոնտ եւ  Հայ ուսանողի ֆոնտ, որոնք արդէն սկսած են գործել, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մեր գրասենեակները  եւ մենք ձեր ծառայութեան տակ ենք, բոլորս մեր ժողովուրդի ամրացման, համայնքի հզօրացման, ինքնութեան պահպանութեան ծառայութեան մէջ ենք»:

Ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ աշխատանքի հիմնական նպատակը իրարու ծառայելն է, իրարու հետ յառաջ երթալն է: Ան հաստատեց, որ երեսփոխանութիւնը, նախարարութիւնը, քաղաքապետութիւնը, թաղապետութիւնը նպատակներ չեն, այլ  պարզապէս միջոցներ: Աւետիս Կիտանեան ըսաւ, որ նման հաճելի հանդիպումները միշտ ալ պիտի շարունակուին: Ան յայտնեց, որ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ պիտի փորձէ օգտակար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն երեսփոխանական գրասենեակ` տրամաբանական հարցերով:

Ընթրիքը կայացաւ մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ:

Նախորդը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան «Երազէն Անդին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

«Թուրքիա Պիտի Չընդունի Իրաքի Քիւրտերու Անկախութեան Հարցով Հանրաքուէի Արդիւնքը» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?