«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով Լիբանանահայ 15 Աշակերտներ Ուղղուեցան Արցախ
Կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 15 աշակերտներ երէկ կէսօրին հասան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան եւ ուղղուեցան Արցախ` մասնակցելու համար «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին: 2016-ին կամքէ անկախ պատճառներով արձանագրուած մէկ տարուան դադարէ ետք, այս տարի 7-րդ տարին ըլլալով դարձեալ կազմակերպուած է այդ ճամբարը: Լիբանանահայ գաղութին համար արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած մարզահայրենասիրական այս ճամբարին ընթացքին լիբանանահայ աւարտական...


















