Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Մէջ. Լիբանանեան Առումով Իր Մեծութեամբ Առաջին Քաղաքապետական Բնակարանային Ծրագիրի Գործադրութիւնը Ընթացք Ստացաւ

Յունիս 23, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, գործադրուեցաւ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» համալիրի բնակարանային շէնքերու առաջին փուլը, որ համալիրի հիմքերու պեթոնապատման աշխատանքն էր: Սոյն աշխատանքին ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը:

Շինարարական աշխատանքի ընթացքին վրայ լոյս սփռելու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ:

Հարցազրոյցին սկիզբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ըսաւ, որ քաղաքապետական խորհուրդը տարիներ շարունակ աշխատած է Քեմփ Սանճաքի թիթեղաշէն շրջանը սեփականացնելու հարցով: 26 ապրիլ 2001-ին Պուրճ Համուտի  քաղաքապետական խորհուրդը իր հերթական նիստին որոշում տուած է պետական ծրագրաւորումը փոփոխութեան ենթարկելու: 16 հոկտեմբեր 2002-ի թիւ 8919 հրամանագիրին համաձայն, չեղեալ կը նկատուի պետական ծրագրաւորումը, որ քաղաքապետական խորհուրդը նախապէս որոշած էր փոխել: 29 նոյեմբեր 2002-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը որոշում կու տայ սեփականացնելու  Քեմփ Սանճաքի թիթեղաշէն շրջանը, իսկ 17 նոյեմբեր 2003-ի թիւ 11371 հրամանագիրին համաձայն, իրաւունք կը տրուի բնակարանային շէնքեր, վաճառատուներ եւ կառատուներ կառուցելու Քեմփ Սանճաքի տարածքին վրայ: 7 նոյեմբեր 2003-ին Լեռնալիբանանի դատարանին կողմէ կ՛որոշուին թիթեղաշէն տուներու բնակիչներուն փոխհատուցման գումարները: 2010-ին աճուրդի կը դրուին արտօնագիրներն ու քարտէզները: 10 յունիս 2015-ին նահանգապետը կը վաւերացնէ քաղաքապետական խորհուրդի թիւ 65 որոշումը եւ «Սեն Ժաք փլազա»-ի ծրագիրը կը յանձնուի «Քֆուրի» շինարարական ընկերութեան: 24 օգոստոս 2015-ին պաշտօնապէս «Քֆուր»-ի ընկերութեան կը վստահուի ծրագիրի գործադրութիւնը:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յոյս յատնեց, որ 3 տարի ետք մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրուին  բնակարանները: Ան աւելցուց, որ շուտով քաղաքապետարանը մամուլով տեղեակ պիտի պահէ բնակարան ծախելու նախնական պայմանները:

Քաղաքապետը ըսաւ, որ ծրագիրը կը բաղկանայ 3 շէնքերէ` 184 յարկաբաժիններով, սկսեալ 90  քառակուսի մեթրէն մինչեւ 135 քառակուսի մեթր տարածութեամբ: Ան աւելցուց, որ կառուցուելիք շէնքերուն կողքին արդէն սկսած է գործադրուիլ կառատուն մը կառուցելու ծրագիրը, ինչ որ պիտի նուազեցնէ Պուրճ Համուտի ինքնաշարժներու եւ խճողումի խնդիրները: Կառատան կառուցման աշխատանքները մինչեւ 3-4 ամիս կ՛աւարտին, եւ անիկա կը դրուի ժողովուրդին տրամադրութեան տակ:

Քաղաքապետը շեշտեց, որ բնակարաններու վաճառքի նախապատուութիւնը պիտի տրուի շրջանի բնակիչներուն եւ մանաւանդ երիտասարդներուն եւ նորապսակ զոյգերուն:

Պօղոսեան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը մօտէն կը հետեւի ծրագիրի շինութեան աշխատանքներուն եւ միշտ կ՛աշխատի նուազեցնելու ժողովուրդին մտահոգութիւնները: Ան շեշտեց, որ ծրագիրը երբե՛ք վաճառականական նպատակներ չի հետապնդեր, այլ կը նպատակադրէ պահել Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծը:

Քաղաքապետը նաեւ աւելցուց, որ երբե՛ք պէտք չէ մոռնալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ջանքերը, որոնց միջոցով աւելի հեզասահ ընթացան օրինական, պետական եւ մնացեալ բոլոր աշխատանքները:

Հարցազրոյցի աւարտին քաղաքապետը ըսաւ. «Ծրագիրին ընդհանուր տարածութիւնն է 10 հազար քառակուսի մեթր։ Ծրագիրի բնակարանային բաժինի կառուցման սկիզբը հանդիսացաւ 22 յունիսին գործադրուած հիմքերու պեթոնապատումը, որուն ծիրին մէջ զետեղուեցաւ 3650 խորանարդ մեթր պեթոն: 14 ժամ պիտի տեւէ պեթոնապատման աշխատանքը: Պէտք է նշել, որ նման ծրագիրներ չեն եղած Լիբանանի տարածքին, եւ իր մեծութեամբ առաջին քաղաքապետական ծրագիրն է լիբանանեան կեանքին մէջ»:

 

Նախորդը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են  Արցախի Միւս Բնակավայրերէն
Գլխաւոր լուրեր

Շուշի Շրջանի 4 Գիւղեր Կտրուած Են Արցախի Միւս Բնակավայրերէն

Մարտ 30, 2023
Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը  Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի  Պաշտպանած Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

Քալիֆորնիոյ Համագումարի Դատական Յանձնախումբը Ընդունած Է Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Հայ Դատի Յանձնախումբի Պաշտպանած Բանաձեւը

Մարտ 30, 2023
Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան  Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին Կը Հաստատէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ ՀԱՊԿ-ի Առաքելութեան Տեղակայման Պատրաստակամութիւնը

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In