Գաղութային

400-է Աւելի Պատանիներ Կը Մասնակցին  ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Ճամբարին

400-է Աւելի Պատանիներ Կը Մասնակցին ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Ճամբարին

Արդէն անցած է մէկ շաբաթ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» ծրագիրի աշխատանքներուն սկսման` Հայաստանի Կոտայքի մարզի Չարենցաւան եւ Արցախի Մարտունի շրջաններուն մէջ: Առաջին օրէն իսկ մեծ թիւով պատանիներ արձանագրուած են ԶՈՄ-ի կազմակերպած ճամբարներուն: Առաջին օրը ներկայ գտնուած են մօտ 300 պատանիներ, իսկ հիմա արդէն թիւը կը հասնի աւելի քան 400 պատանիներու: Խանդավառութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, յատուկ եւ եզակի դրոշմ...

Պաշտօնական Բացումը` Այսօր.  ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Ընթացք Առին Մեծ Ոգեւորութեամբ

Պաշտօնական Բացումը` Այսօր. ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Ընթացք Առին Մեծ Ոգեւորութեամբ

- Մասնակիցները Յարգանքի Իրենց Տուրքը Մատուցեցին Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Եւ Այցելեցին Հայկական Բանակի Զօրամաս Այսօր երեկոյեան, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 7:30-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած են միութեան 100-ամեակին: Կը սպասուի, որ բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուին եւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեն հայրենի պետական հիւրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու նախագահ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Տէր Պետրոսեան, ՀՄԸՄ-ի...

Վախճանեցաւ Նորայր Եպս. Աշըգեան (1956-2017)

Երէկ վախճանեցաւ Կիլիկեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Նորայր եպս. Աշըգեան: Աւազանի անունով Մովսէս, ծնած է 1956 թուականին, Քեսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանին մէջ: 1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով 1973-ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է: 1976-ին աւարտելով դպրեվանքը, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով Նորայր աբեղայ: Մինչեւ 1979, վանական պաշտօններու առընթեր, դպրեվանքին մէջ...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան  Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը Եւ Կեդրոնական  Վարչութեան Անդամ Վաչէ Նաճարեանը

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը Եւ Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Վաչէ Նաճարեանը

20 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանը: Նախարարը կարեւոր նկատեց համահայկական կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի 10-րդ մարզախաղերը հայրենիքի մէջ կազմակերպելու համար եւ նշեց, որ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեայ յոբելեաններու նախաշեմին նման լայնածաւալ ձեռնարկի մը կազմակերպումը իւրայատուկ...

«Մեր Մանուկներն Ու Պատանիները Պէտք Է  Կազմաւորուին Հոգեւոր Ու Բարոյական  Արժէքներով»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Մանուկներն Ու Պատանիները Պէտք Է Կազմաւորուին Հոգեւոր Ու Բարոյական Արժէքներով» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 20 յուլիս 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքներուն գործակցութեամբ կազմակերպուած «Սուրբ գրոց ամառնային վարժարան»-ի աշակերտները: Հակառակ այն իրողութեան, որ յիշեալ հանդիպումը չէր ծրագրուած, սակայն վեհափառ հայրապետը շուրջ կէս ժամ հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ, լսեց աշակերտները, իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց եւ գնահատեց դասատու...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 27 Դիմումի Ընդառաջում

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը յունիս ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 27 դիմումի, մինչ մայիս ամսուան ընթացքին ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 18 պարագայ: Այսպէս, հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութիւն) դիմում կատարած են 13 զոյգեր, որոնցմէ 9-ն պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացած են ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութիւն) դիմում կատարած 16 պարագաներն ալ արժանացած են...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը  Մեկնեցաւ Հայաստան

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հայաստան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Հայաստան` մասնակցելու համար Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-29 յուլիսին, Երեւանի մէջ: Լիբանանի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի ութ խումբերով` չորս պասքեթպոլ (երկու կրտսեր տղաք, կրտսեր աղջիկներ եւ երէց աղջիկներ, երկու ֆութսալ տղաք, երկու ֆութպոլ (կրտսեր եւ երէց տղաք): Մեծ թիւով մարզիկներ պիտի մասնակցին նաեւ անհատական հետեւեալ խաղերուն` ճատրակ, թենիս, լող, փինկ...

Լիբանանցի Պատանիները` Մասնակցեցան  «Ասպետ» Մարզահայրենասիրական Ճամբարին

Լիբանանցի Պատանիները` Մասնակցեցան «Ասպետ» Մարզահայրենասիրական Ճամբարին

«Ապառաժ»-ի լրագրողներէն Լուսինէ Թեւոսեան կը գրէ, թէ 10-էն 17 յուլիսին Լիբանանէն Արցախ հասած 15 հայ պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը անցուցած են Ասկերանի շրջանի Այգեստան գիւղին մէջ կազմակերպուած «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին մէջ: «Նարնջագոյն» դասակի պատանիները 7 օրուան ընթացքին գիտելիքներ ձեռք բերած են` ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, զինուորական ծառայութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ մասնակցած են մշակութային եւ մարզական հետաքրքրական ձեռնարկներու: Լիբանանահայ պատանիներու...

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղեր

Քանի մը օր ետք սկիզբ կ՛առնեն ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-էն 29 յուլիս 2017-ին, Երեւանի մէջ: Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10-րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան` նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018-ի աւարտ: Մարզախաղերուն կը...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Պահ մը եթէ վերյիշենք, թէ ի՛նչ պայմաններով եւ պատճառներով հիմնուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը Լեւոն Շանթի, Համօ Օհանջանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ ուրիշ մեծութիւններու կողմէ, սփիւռքացեալ այդ դժուար պայմաններուն մէջ, կը նկատենք, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Անոնք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ծանուցումովը կը ստեղծէին այնպիսի զէնք մը, որ լաւագոյնն էր հայուն ինքնութիւնը պահելու եւ...

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան  Անփոխարինելի Կը Նկատէ Լիբանանահայ  Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Անփոխարինելի Կը Նկատէ Լիբանանահայ Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը

Երէկ` ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ: «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը: Ապա նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ նախորդող օրերուն Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց....

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հերթական Գործուղումը`  Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հերթական Գործուղումը` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Խորապէս հաւատալով «Դէպի երկիր» կարգախօսին` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց իր` յաջորդաբար 13-րդ տարին ըլլալով տարեկան գործուղումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, նշանաբան ունենալով «Արցախը իմ տունն է» եւ «Կոտայքը իմ տունն է»: Երէկ` ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ի առաւօտեան ժամերուն, զաւարեանական 13 ընկերներ ուղղուեցան հայրենիք` գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման...

Ժիրայր Դանիէլեանին Շնորհուեցաւ  Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային  Ակադեմիայի Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում

Ժիրայր Դանիէլեանին Շնորհուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատուաւոր Դոկտորի Կոչում

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան 21 յունիսի նիստին որոշուեցաւ հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ եւ խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանին շնորհել ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար: 14 յուլիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ այդ դոկտորականը Ժիրայր Դանիէլեանին յանձնեց եւ անոր վաստակաշատ ուղիին մասին խօսեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ դրուատեց անոր ունեցած ներդրումը թէ՛ սփիւռքի...

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց.  Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը»  Խորագրեալ Համախմբումը  Աւարտեց Իր Աշխատանքները

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագրեալ Համախմբումը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

«Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումը երէկ` հինգշաբթի, 13 յուլիսին աւարտեց իր աշխատանքները` յայտարարութիւն մը բանաձեւելով: Վերջին օրուան առաջին նիստին նիւթն էր «Ո՞վ է սփիւռքի հայը, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ (Ինքնութեան պահպանո՞ւմ, վերանորոգո՞ւմ, նոր հասկացողութի՞ւն, նոր մօտեցո՞ւմ)», անոր ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Շիրազ Ճէրէճեան, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ դոկտ. Նանոր Խաչերեան: Շիրազ Ճէրէճեան օրինակներու...

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց.  Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը»  Խորագիրով Հաւաք

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագիրով Հաւաք

Հայկական Ինքնութեան Բնորոշման Ուղիներ` Հայաստան - Սփիւռք Յարաբերութեան Ու Պահանջատիրութեան, Մերօրեայ Մարտահրաւէրներուն, Իսլամացած Հայերու Իրականութեան Լոյսին Տակ Նոր հորիզոններուն դիմաց սփիւռքի պարզած պատկերը, սփիւռքահայուն ինքնահասկացողութիւնն ու ինքնութեան պահպանման ներկայ պայմանները եւ մարտահրաւէրները քննարկելու նպատակով 11 յուլիսին Պիքֆայայի մէջ ընթացք առած համախմբումը իր աշխատանքները շարունակեց երէկ` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Դպրեվանքի սրահին մէջ տեղի ունեցող այս համախմբումին...

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոց

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոց

Չորեքշաբթի, 12 յուլիս 2017-ն իւրայատուկ օր էր «Հաուըրտ Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան համար: Արդարեւ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խրախուսական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, ուր տեղի կ՛ունենար «Հ. Գարակէօզեան»-ի ամառնային դպրոցի ծրագիրը: Երեսփոխան Յ. Բագրատունիին դիմաւորեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Անցնող կրթական տարեշրջանին, «Գագիկ Ծառուկեան» կրթական հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած մասնաւոր կրթաթոշակով, լիբանանահայ վարժարաններէ շրջանաւարտ 13 աշակերտներ իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան համալսարաններուն մէջ: Քաջալերուելով անցնող տարուան յաջողութենէն` «Գագիկ Ծառուկեան» հիմնադրամը 2017-2018 տարեշրջանին եւս պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համալսարանական ուսման հետեւողներու դիմումնագիրներ: Դիմումնագիր ներկայացնելու վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 21 յուլիս 2017-ը: Հետեւաբար, թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ Պուրճ Համուտի Ազգային...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Մեկնարկեց «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց.  Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը»  Խորագիրով Հաւաքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մեկնարկեց «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագիրով Հաւաքը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մտաւորականներու եւ գործիչներու, երէկ` երեքշաբթի, 11 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընթացք առաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» վերնագիրով համախմբումը: Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ տէրունական աղօթքով ու վեհափառ հօր հայրապետական օրհնութեամբ, որմէ ետք...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու (ՄԱՀԱԵ) միութեան, կիրակի, 9 յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ վերընծայումը Քեսապի Հայ աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ: Այս առիթով Պէյրութէն Քեսապ մեկնած էին ՄԱՀԱԵ-Միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Հալէպէն` Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան եւ Կեդրոնական մարմինի անդամներ: ՄԱՀԱԵՄ-ի պատուիրակութիւնը վերանորոգ եկեղեցւոյ բացումէն մէկ օր առաջ...

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ  Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

Երէկ` երկուշաբթի, 10 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Ազգային իշխանութիւններու անդամներուն, Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ: Նախարար Յակոբեան շրջագայեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալու նորակառոյց կրթօճախին: Ապա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց...

Page 257 of 365 1 … 256 257 258 … 365

Արխիւներ