Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայու Ինքնութեան Պահպանումը Սփիւռքի Մէջ Լուրջ Մարտահրաւէր Մըն Է»

July 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոս իր շուրջ համախմբած է, սփիւռքի զանազան գաղութներէն զանազան մասնագիտութեան տէր տարբեր սեռի ու տարիքի պատկանող տարբեր փորձառութիւններ ունեցող աւելի քան երեսուն ազգայիններ` միասնաբար մտածելու, խորհրդակցելու ու քննելու սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը, զինք շրջապատող պայմաններուն եւ տագնապներուն դիմաց: Համահայկական այս լուրջ մտահոգութենէն մեկնած Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայու ինքնութեան պահպանումը սփիւռքի մէջ լուրջ մարտահրաւէր մըն է»:

Այս կացութեան մասին խօսելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հեռու պէտք է մնալ յաճախ մակերեսային, մասնակի ու ժամանակաւոր հարցերէն եւ պէտք է միասնաբար մտածել մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներուն մասին: Սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը նահանջի մէջ է եւ հայու ինքնութիւնը պաշտպանելու կոչուած մեր կառոյցները ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց սկսած են կորսնցնել իրենց ուժականութիւնը: Այս կացութեան դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ»:

Յիշեալ հաւաքը պիտի սկսի յառաջիկայ երեքշաբթի եւ պիտի երկարի երեք օրերու վրայ` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Սոյն հաւաքին վեհափառ հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ` լայնօրէն պարզելով հայու ինքնութեան առնչուած խնդիրները, եւ այս ուղղութեամբ պիտի ներկայացնէ իր առաջարկները: Բացման նիստին խօսք պիտի առնեն նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հայաստանէն հասած հինգ մտաւորականներ:

Նախորդը

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Իր Տարեկան Ելոյթով Նոր Ոստում Մը Արձանագրեց

Յաջորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.