Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Գրոց Ամառնային Վարժարանը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

July 8, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներուն, երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ին, Ս. Գրոց ամառնային վարժարանը սկսաւ իր աշխատանքներուն` մասնակցութեամբ 13-17 տարիքի պատանի-պարմանուհիներու:

Այս առիթով չորեքշաբթի, 5 յուլիսին ամառնային վարժարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հանդիպում մը ունեցաւ մասնակիցներուն հետ: Առաջնորդ սրբազանը մեծապէս գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ նշեց, որ ամառնային այս դպրոցի անդրանիկ փորձը արդէն իսկ կը ծառայէ իր նպատակին: Շահէ եպս. Փանոսեան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային յաւելեալ ճիգով եւ նախանձախնդրութեամբ կազմակերպուին նմանօրինակ բնոյթի աւելի մեծ եւ ծաւալուն ծրագիրներ:

Յայտնենք, որ ամառնային դպրոցի մասնակիցները երկուշաբթիէն չորեքշաբթի օրերուն ընթացքին ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ կը հետեւին դաստիարակչական-կրթական ծրագիրի: Անոնք Աստուածաշունչի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան պահերուն ընդմէջէն կը ստանան հոգեւոր դաստիարակութիւն:

Ծրագիրին նաեւ մաս կը կազմեն սննդագիտութեան, առողջապահութեան, անգլերէնի, ընդհանուր զարգացման, գծագրութեան, ձեռային աշխատանքներու, մարզանքի եւ ինքնաարտայայտման նպաստող պահերը: Այս բոլորին կողքին մասնակիցները պիտի ծանօթանան վկայեալ եւ յաջողութիւններ արձանագրած մարդոց, որոնք իրենց ասպարէզի փորձառութիւնը պիտի ներկայացնեն աշակերտներուն:

Նշեալ ծրագիրի կողքին, մասնակիցները պիտի ունենան ուրախ ժամանցի բազմաբնոյթ հաւաքներ եւ խաղեր, որպէսզի ամառնային արձակուրդը անցընեն հաճելի մթնոլորտի մէջ: Հինգշաբթի օրերը յատկացուած են արտադասարանային պտոյտներու, որոնց առաջինը տեղի ունեցաւ 6 յուլիսին, «Առնաուն Վիլէյճ»-ին մէջ: Ամառնային վարժարանը կ՛աւարտի 10 օգոստոսին:

Նախորդը

Սլաք. Արամ Մանուկեան (Սերգէյ)` Հայութեան Զարկերակի Արիւնատուն

Յաջորդը

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.