Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի Անհատական Գործերու Ցուցահանդէսին Բացումը

Յուլիս 7, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, երէկ` հինգշաբթի, 6 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի 41 իւղաներկ եւ 1 ջրաներկ գործերէ բաղկացած անհատական ցուցահանդէսին բացումը:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց ցուցասրահին մէջ լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ գեղանկարիչ Սեւակ Արմէնեանի ստեղծագործութիւնները հիւրընկալելու առումով:

Արմէնեանի արուեստին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր արուեստի գործերով կը զանազանուի ուրիշներէն` աւելցնելով, որ Սեւակ Արմէնեանի գործերուն մէջ երկրաչափական, նաեւ բնութենէն առնուած ձեւեր կան: Ան հաստատեց, որ Արմէնեան կը ստեղծէ իր երեւակայութենէն բխած նոր տիեզերք մը, որ գերիրապաշտ է եւ կը փորձէ տեսանելի նոր բառապաշար մը ստեղծել արուեստին մէջ: Թերզեան նկատել տուաւ, որ Արմէնեանի գործերը քաոսային եւ քաոսային-վերացական ըլլալով հանդերձ իմաստալից են ու հասկնալի կը դառնան մեզի, որովհետեւ ան կը գործածէ մեզի ծանօթ ձեւեր եւ գոյներու խաղեր:

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով հաստատեց, որ Սեւակ Արմէնեան ցուցասրահի հիմնադրութեան սիւներէն մէկն է, մնայուն ներկայութիւն է ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած աւելի քան 90 ցուցահանդէսներու, մասնակից եղած է աւելի քան 6 հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ այսօր կը ներկայանայ իր անհատական ցուցահանդէսով, որուն ընդմէջէն պիտի վայելենք իր աւելի քան 1 տարուան աշխատանքին արգասիքը: Արմէնեան լիբանանահայ գեղանկարչական մարզը լաւապէս կ՛ուսումնասիրէ եւ չկայ ցուցահանդէս մը Լիբանանի մէջ, որուն ներկայ եղած չըլլայ: Շարունակելով իր խօսքը` Հաւաթեան ըսաւ, որ արուեստը գոյութիւն ունի իւրաքանչիւրիս մէջ եւ արուեստին ճամբով մենք գեղեցիկը, լաւը եւ բարին ընտրելու ճիգին մէջ ենք` աւելցնելով, որ Արմէնեան առօրեայ կեանքին մէջ իր արուեստին հարազատ ցոլացումն է: Կը ձգտի բարիին, կատարեալին, պատրաստակամ եւ ծառայող երիտասարդ մըն է, որուն համար միշտ փնտռուած է իր ընկերական շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ հարազատներուն կողմէ: Հաւաթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց արուեստագէտին հօր` Սարգիս Արմէնեանին, որ ցուցասրահին հիմնադրութեան, յառաջդիմութեան եւ զարգացման մէջ իր անջնջելի դրոշմը ունի մինչեւ օրս: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, որոնք սիրով ստանձնած են ցուցահանդէսին հովանաւորութիւնը:

Հաւաթեան ըսաւ, որ սոյն ցուցահանդէսին առիթով յղացած են գաղափար մը, որ պիտի վերածեն աւանդութեան: Ցուցահանդէսներու ընթացքին երբեմն պիտի զետեղեն պաստառ մը, որուն վրայ արուեստագէտը կը սկսի ստեղծագործել, ապա ներկաներն ու այցելուները կը շարունակեն գծել եւ պաստառը կը վերածեն արուեստի գործի մը: Հետեւաբար ան խնդրեց ներկաներէն, որ իւրաքանչիւրը վրձինի հարուած մը զարնէ զետեղուած պաստառին վրայ, որպէսզի յետոյ անիկա դառնայ արուեստի հարազատ եւ ջերմ արտայայտութիւն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 22 յուլիս 2017 եւ բաց է ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

Նախորդը

«Գանձասար»-ի Խմբագիրը Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Շարունակէ Եւրոպական Համարկման Հոլովոյթը» Կ՛ըսէ Շիմշեք

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?