Չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2017-ին, Հայաստանի Սահմանադրութեան օրուան առիթով, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան կարդաց Սահմանադրութեան օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձը: Այնուհետեւ յայտնեց, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին ներդրած իր աւանդին համար «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմինէ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով պարգեւը խմբագիրին յանձնեց Տիգրան Գէորգեան:
Պօղիկեան խօսք առնելով` նախ շնորհաւորեց ներկաները Սահմանադրութեան օրուան առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` զինք նման պարգեւի մը արժանացնելուն համար, աւելցնելով, որ նման պարգեւատրում մը պատիւ է, միաժամանակ մղիչ ուժ` աւելի աշխուժ թափով աշխատելու ե՛ւ հայկական մամուլի, ե՛ւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման ոլորտներուն մէջ:
Այնուհետեւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին եւ հայրենի թէ սփիւռքահայ բոլոր այն լրատուամիջոցներուն, որոնք պատերազմի տարիներուն կիսեցին տագնապը, մնայուն կապի մէջ մնացին խմբագրութեան հետ ու սատար հանդիսացան տեղեկատուական ճշգրիտ փոխանակման:
«Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր պաշտօնակից «Գանձասար»-ի գլխաւոր խմբագիրը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: