Ն. Բ.
Կիրակի, 25 եւ երկուշաբթի, 26 յունիսը լիբանանահայ արուեստասէրներուն համար եղան յատկանշական օրեր` «Զուլալ»` Թենի-Անայիս-Երազ եռեակին հետ կայացած ջերմ եւ իւրայատուկ զոյգ հանդիպումներով, որոնցմէ առաջինը մտերմիկ երեկոյ մըն էր` Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` համերգ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երկուքն ալ լիովին յագեցած հայկականութեամբ եւ անմիջականութեամբ: Արուեստագէտներուն վկայութեամբ, ասիկա իրենց համար եւս կարեւոր եւ սպասուած առիթ էր, որուն համար իսկապէս ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեցին «Զուլալ»-ի անդամները:
Համազգայինի Ուսանողական հաւաքի (Ֆորում) յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս երկու երեկոներուն բացման խօսքերը արտասանեց Մենար Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ հայկական մշակոյթի պահպանման մէջ հայ երգին ունեցած կարեւորութեան եւ դերակատարութեան` հաստատելով, որ անոնց ընդմէջէն կ’արտացոլան հայ մարդուն կենցաղը, առօրեան, վարքն ու բարքը, գիւղական հին կեանքն ու սովորութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ այդ հայկական երգի ու երաժշտութեան մէկական ներկայացուցիչներ են «Զուլալ» Ա քափելլա եռեակին անդամները, որոնց ունեցած միակ նուագարանները իրենց ձայնի լարերն են: Ան հաստատեց, որ «Զուլալ»-ի մատուցած երգերուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ կը բերուի հայկական ժողովրդային երգի անաղարտ պահպանման հրամայականը, որովհետեւ անոնք պահպանած են ու կը տարածեն հայ ժողովրդական անուշ մեղեդիներն ու երգերը:
Իր խօսքին մէջ Մենար Պոյաճեան խօսեցաւ նաեւ ձեռնարկներու կազմակերպիչ մարմինին` Համազգայինի Ուսանողական հաւաքին (Ֆորում) մասին, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց անոր ծաւալած 23-ամեայ գործունէութիւնը` վերջին տասը տարիներուն Հայաստանի մէջ: «Աշխարհի տարբեր գաղութներէ եկած ուսանողներու համախմբումը սփիւռքի տարբեր միջավայրերէ եկած երիտասարդները իրարու ծանօթացնելէ բացի, ունի դաստիարակչական հարուստ ծրագիր մը: Այսպէս, հայրենիքէն հեռու ապրող երիտասարդը հայրենի հողին վրայ կ’ապրի հայկական մշակոյթը, կը ծանօթանայ աշխարհագրական եւ պատմական արժէքներուն եւ իր առջեւ կը բանայ ապագային Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրագործելու առիթներ», ըսաւ Մ. Պոյաճեան` դիտել տալով, որ Համազգայինի ֆորումը ձեւով մը կամուրջ է հայրենիքին եւ սփիւռքահայ երիտասարդին միջեւ:
Ապա հանդիսատեսները վայելեցին «Զուլալ» անուան ամէնէն հարազատ ու իսկական դրսեւորումը հանդիսացող երեք շնորհալի արուեստագէտներուն` Թենի Աբէլեանին, Երազ Մարգարեանին եւ Անայիս Ալեքսանտրա Թեքերեանին կողմէ վերամշակուած հայկական գեղջկական եւ ժողովրդային մեղեդիներով օծուն հայկական արժէքաւոր երգեր, որոնք զոյգ ձեռնարկներուն ներկաները տարին դէպի մեր հայրենի տունը, լոյս սփռեցին հոն տիրող մթնոլորտին ու մտայնութեան վրայ, լուսարձակի տակ բերին հայկական աւանդութիւններն ու կենցաղը, այլ խօսքով` երգի ճամբով մատուցուեցաւ պատմութիւնը հայկական, վերաթարմացաւ յիշողութիւնը, մարմին առաւ հայուն աւանդական հարազատ կեանքը:
Անոնք բեմ բարձրացան իբրեւ մտերիմներ, ժողովուրդին եւ արուեստագէտներուն միջեւ ոչ մէկ պատուար կար, կարծէք անոնք հին բարեկամներ ըլլային եւ` առանց նուագարաններու, զինուած իրենց քաղցր ու մեղմ ձայներով, անոնք «Վասպուրական» եւ «Տէր Մելքոնեան» սրահներուն մէջ գերեցին հանդիսատեսները, գրաւեցին զանոնք, խանդավառեցին, յուզեցին, բաժնեկից դարձուցին իրենց երգին` արժանանալով լիբանանահայ արուեստասէրներուն բարձր գնահատանքին եւ ծափողջոյններուն:
«Զուլալ» հանդէս եկաւ մեր սիրուած ու շատ ծանօթ ժողովրդական երգերու եռաձայն իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ` ճանչցուած կամ իրենց կողմէ բացայայտուած երգերուն միացնելով ձայնային «Զուլալ»-ական խաղեր: Յատկանշական է, որ երեք արուեստագէտներուն հետաքրքրութիւնը զիրենք տարած է գեղջկական, գաւառական երգերու ցարդ անյայտ ուղիներով` ծանօթ երգերուն կողքին անոնց երգացանկը հարստացնելով նոր երգերով` իրենց յատուկ զգեստաւորումով եւ երաժշտական մշակումով:
Ողջունելի ու հաճելի էր նաեւ այն, որ իւրաքանչիւր երգի նախօրեակին «Զուլալ»-ի անդամները տուին կարճ բացատրութիւններ, պատմեցին երգին ծնունդ տուող պատճառներուն ու առիթներուն մասին, զուարթախոհութեամբ անդրադարձան անոնց իմաստին` ստեղծելով անմիջական եւ հանգիստ մթնոլորտ:
Զոյգ նախաձեռնութիւններուն ընթացքին Թենին, Անայիսն ու Երազը կազմեցին շատ համերաշխ ներդաշնակութիւն մը, երեք հոգիէ կազմուած միահիւսուած միութիւն մը, որուն աշխատանքին, տաղանդին եւ մշակումին ու մատուցման յատկանշական ոճին իբրեւ արգասիք երկու սրահներու բեմերուն վրայ հնչեցին երկու անջատ երգացանկեր, որոնցմէ կ’արժէ յիշել «Շողեր ջան»-ը, «Պինկէօլ-Հոյ Նազան»-ը, «Կակօ, մարէ, կարգէ զիս»-ը, «Տունում իմ-ջանիման»-ը, «Թամզարա»-ն, «Սարի սիրուն եար»-ը, «Սարերի հովին մեռնեմ»-ը, «Ղափամա»-ն, «Ես աղջիկ եմ»-ը, «Քամին եանա»-ն, «Արի իմ սոխակ»-ը, «Զինչ ու զինչ տամ»-ը, «Ես պուճուր եմ»-ը եւ այլ երգեր:
Յայտագիրին վրայ կային Սասունի, Վան-Վասպուրականի, Ջաւախքի, Ախալցխայի, Շատախի, Մոկաց աշխարհի, Մուշի, Բալուի, Թալինի ժողովրդական երգերէն բացի Կոմիտասի եւ Արմէն Մովսիսեանի ստեղծագործութիւններէն ու երաժշտական պատշաճեցումներէն բաժիններ:
Անոնք իրենց համերգներուն ընթացքին յիշեցին, որ իրենք նաեւ աշխատանք կը տանին հայ երգը ներկայացնելու օտարին` նշելով, որ Նիւ Եորք Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը հրաւիրած է զանոնք, համաշխարհային սիմֆոնիք նուագախումբին եւ Նիւ Եորք Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին զոյգ ամեակներուն առիթով կազմակերպուած մրցումի մը, որուն շահողներէն հանդիսացած է «Զուլալ»-ը` 200-է աւելի խումբերու մէջ:
Եռեակը այս առիթով յօրինած է երգ մը, որ կը սկսի Համաշխարհային սիմֆոնիք նուագախումբի Տվորժաքին առնչուած մեղեդիով, ապա կը շարունակուի դէպի նոր աշխարհ «Ջանիման» երգով, որուն մէջ հին աշխարհէն նոր աշխարհ փոխանցում կայ, տխրութիւնը ձգելու եւ յառաջ շարժելու հայուն յատուկ, նաեւ համամարդկային մարտահրաւէր, իսկ երգը կ’աւարտի տուն շինելու պատգամով:
«Զուլալ»-ի անդամները նաեւ յայտնեցին, որ ունեցած են փորձառութիւն մը, երբ աւելի քան 7 հազար օտար երեխաներու վերաբերող նախաձեռնութեան մը մասնակցած են, մանուկներուն նախ դասի պէս էջեր տրուած են, որպէսզի գիտնան, թէ որո՛նք են հայերը, ծանօթանան Հայաստանին, անոր մշակոյթին, երգերուն իմաստներուն, սորվին երգերը, ապա խումբին հետ երգեն «Հա Նինա», «Թամզարա» եւ «Տոնի եար» երգերը, ինչ որ շատ խորհրդանշական էր եւ զգացական եղած է «Զուլալ»-ին համար:
Զոյգ նախաձեռնութիւններ, որոնք առիթ եղան լիբանանահայութեան եւ «Զուլալ»-ին միջեւ հարազատ տեսակցութեան եւ հանդիպման, ծանօթացումէ աւելի անդին անցնելով` մտերմութեան, հարազատն ու զուլալը պահելու, ընկալելու եւ տարածելու կարեւորութեան վրայ լոյս սփռելու, ապրելու եւ ապրեցնելու արուեստի բարձրորակ պահեր: «Զուլալ»-ը եկաւ ու անցաւ Լիբանանէն, սակայն իր դրոշմը ձգեց լիբանանահայուն սրտին մէջ` զայն պահելով նորանոր հանդիպումներու յոյսին կառչած: