Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասպետ» Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով Լիբանանահայ 15 Աշակերտներ Ուղղուեցան Արցախ

July 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 15 աշակերտներ երէկ կէսօրին հասան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան եւ ուղղուեցան Արցախ` մասնակցելու համար «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարին:

2016-ին կամքէ անկախ պատճառներով արձանագրուած մէկ տարուան դադարէ ետք, այս տարի 7-րդ տարին ըլլալով դարձեալ կազմակերպուած է այդ ճամբարը:

Լիբանանահայ գաղութին համար արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած մարզահայրենասիրական այս ճամբարին ընթացքին լիբանանահայ աւարտական դասարաններու աշակերտները (Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. կարգեր) առիթը պիտի ունենան կապ հաստատելու իրենց տարեկից արցախցի եւ հայաստանցի պատանիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ հայ զինուորին առօրեային:

Արցախի պետութեան հիւրերը նկատուող լիբանանահայ աշակերտները ճամբարին մասնակցութեան ընդմէջէն առիթ պիտի ունենան հաստատելու, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս լիբանանահայութիւնը, զօրավիգ է եւ մասնակից Արցախի պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման:

«Ասպետ» ճամբարին մասնակցող երկրորդական վարժարաններն են.

– Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ (5 աշակերտ)

– Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան (3 աշակերտ)

– Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան (3 աշակերտ)

– Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան (2 աշակերտ)

– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ (1 աշակերտ)

– Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարան (1 աշակերտ):

«Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը կը սկսի այսօր` երեքշաբթի, 11 յուլիս 2017-ին եւ կ՛աւարտի երեքշաբթի, 18 յուլիս 2017-ին:

Նշենք, որ «Ասպետ» ճամբարին մասնակիցները նախապէս հանդիպում մը ունեցած էին «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեղեկացած ճամբարին մանրամասնութիւններուն մասին:

 

Նախորդը

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Կրթական Վերջին Բերքը` 30 Շրջանաւարտներ

Յաջորդը

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.