Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի Բացում

July 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 27 յունիս 2017-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ եռուզեռ կը տիրէր: Մանուկներ, պատանիներ ու ծնողներ անհամբեր կը սպասէին «Հ. Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի բացման մեկնարկին:

Արդարեւ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին հերթաբար ժամանեցին «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմնի անդամ Ազատուհի Սիմոնեան, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Հուսկ կատարուեցաւ ամառնային դպրոցի տասնմէկերորդ տարեշրջանի պաշտօնական բացումը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ամառնային դպրոցի ծրագիրի պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ խոստացաւ հաճելի ու օգտաշատ ժամանց տրամադրել փոքրիկներուն:

Սրտի խօսք արտասանեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան ուրախութիւն յայտնեց ի տես ամառնային դպրոցի տասնմէկերորդ տարեշրջանի բարեյաջող ծրագիրին: Ան նշեց, որ այս տարի 280 աշակերտներ պիտի մասնակցին դպրոցական ծրագիրին, պիտի զինուին օգտակար գիտելիքներով եւ պիտի վայելեն բնութեան բարիքները` դաստիարակիչ պտոյտներու ճամբով: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրին նեցուկ կանգնող բոլոր անհատներուն եւ միութիւններուն, ի մասնաւորի Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին:

Ապա դպրոցին աշակերտները փոքր ներկայացում մը կատարեցին:

Օրհնութեան խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան նշեց, որ այս եղանակին մեծաթիւ մանուկներու մասնակցութիւնը այս դպրոցական ծրագիրին ինքնին հաւատքի ցուցանիշ է «Գարակէօզեան» հաստատութեան առաքելութեան: Առաջնորդ սրբազանը լուսարձակի տակ առնելէ ետք «Գարակէօզեան» հաստատութեան բազմակողմանի մարդասիրական աշխատանքները բարձրօրէն գնահատեց «Գարակէօզեան»-ի դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան:

Բացման հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դիմայարդարում եւ հիւրասիրութիւն:

Նշենք, որ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի ծրագիրին տեւողութիւնը եօթը շաբաթ է, որուն ընթացքին աշակերտները խաղերու եւ աշխատանքային թերթիկներու ճամբով կ՛իւրացնեն որոշ գիտելիքներ եւ կ՛ունենան արտադասարանային պտոյտներ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Ծրագիրի աւարտին` 10 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ փակման պատշաճ հանդիսութիւն:

 

Նախորդը

Սողովմէ

Յաջորդը

Գրիգոր Ակոբեանի Նուէրը «Ազդակ»-ին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.