Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը կը շարունակէ իր 6-րդ տարուան աշխատանքները: Այս տարի «Ազդակ»-էն երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքին կը մասնակցի Սիլվի Աբէլեան: «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի չորս ուղղութիւններուն պէս լրագրութեան բաժանմունքն ալ իր աշխատանքներուն սկսաւ 3 յուլիս 2017-ին: Ծրագիրը կը բաղկանայ երկու մասէ` տեսական եւ գործնական: Առաջին օրէն լրագրողները իրենց գործնական աշխատանքը ծաւալելու համար բաժնուեցան երեք խումբի` պատկերասփիւռի լրագրութիւն, ձայնասփիւռի լրագրութիւն եւ տպագիր մամուլ:
Անցնող հինգ օրերուն ընթացքին լրագրողներուն տրուեցան շարք մը օգտաշատ դասախօսութիւններ. Նաղաշ Մարտիրոսեան ներկայացուց Հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցները արդի փուլին մէջ (ձայնասփիւռ եւ պատկերասփիւռ), Արծրուն Յովհաննիսեան` Ռազմական լրագրութիւնը, Սամուէլ Մարտիրոսեան` տեղեկատուական պատերազմները եւ տեղեկատուական անվտանգութիւնը, Մարի Պօղոսեան` ստեղծագործական գրութիւններու ձեւերը, Աստղիկ Աւետիսեան` հասարակութեան հետ կապեր եւ զանգուածային լրատուամիջոցներ փոխյարաբերութիւնները, եւ այլն: Լրագրողները հեռահար հանդիպում մը ունեցան նաեւ «Ռատիօ Այգ»-ի հիմնադիր Շաքէ Մանկասարեանի հետ: Ուշագրաւ էին հայ ազգային պարերու դասաժամերը, երբ «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթի արհեստավարժ անդամներէն մէկուն օգնութեամբ մասնակիցները առիթ ունեցան ծանօթանալու հայ ազգային պարերու ձեւերուն եւ եղանակներուն:
Այցելութիւններու ծիրին մէջ ամէնէն խորհրդաւորն էր «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բոլոր մասնակիցներուն այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր, ուր մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին Արցախի քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու գերեզմաններուն:
Հաճելի այցելութիւն կատարուեցաւ «Թումօ» կեդրոն, ուր առիթ ընծայուեցաւ մօտէն տեսնելու կեդրոնի բաժանմունքները:
Իսկ երէկ` ուրբաթ, 7 յուլիս 2017-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան հիւրընկալեց «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողները եւ երիտասարդ առաջնորդները: Հանդիպումի ընթացքին Շաւարշ Քոչարեան անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ շրջանային կացութեան: Ան պատասխանեց նաեւ ներկաներուն ուղղած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի անվտանգութեան, Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններուն ազգային-քաղաքական շահերու հետապնդման: