Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի միջեւ: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ լիբանանեան ծագում ունեցող եւ Լիբանանի հարցերուն մօտէն ծանօթ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ ուղղակի կապ ունեցող...

«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին

«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ռաուտայի ժողովրդային տան կողքին տեղի ունեցաւ «Փարոս» արհեստական բանականութեան ուսուցման կեդրոնի բացումը` նուիրուած Մինաս Պուտագեանի յիշատակին: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Մեղրի Պասմաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յատկապէս` շրջանի մնայուն բարերար Սարգիս Պուտագեանին: Ան նկատել տուաւ, որ կոմիտէն անմիջապէս պիտի նախաձեռնէ արհեստական բանականութեան անվճար դասընթացքներու` պատանիներու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն  Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. պապին ուղղած յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց` ողջունելէ ետք անոր ունեցած յաջող վիրահատումը: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց նաեւ, որ աղօթող է Աստուծոյ, որպէսզի կատարեալ առողջութիւն պարգեւէ պապին, եւ ան վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակէ իր հովուապետական առաքելութիւնը:

Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

Ամէն տարի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, կը վերաբացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի դռները` վերանորոգ ոգիով շարունակելու Հայ եկեղեցւոյ ազգային ու հոգեւոր առաքելութիւնը: Առ այդ, կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր Ծ. վրդ. Շէրնէզեան մատուցեց ս. պատարագ եւ յաւուր պատճաշի քարոզեց: Հայր Պարոյր իր քարոզին...

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

Կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակ, մուսալեռցի-այնճարցի Գէորգ Հաճեանին եւ անոր հետ նոյն օրերուն Արցախի համար նահատակուած ութ մուսալեռցի տղոց` Յարութիւն Թիլքեանի, Արմէն Սահակեանի, Գէորգ Բաղդիշեանի, Համլեթ Նգրուրեանի, Նուպար Հանեանի, Ռուբէն Չաթալեանի, Սուրէն Գալոյեանի, եւ Յովհաննէս Ալիշեանի եւ Արցախի բոլոր նահատակներուն յիշատակին: Ս. պատարագը մատուցեց Եզեկիէլ...

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով.  Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 հոկտեմբերին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս շաբաթ կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին` գիրերու գիւտի յիշատակին: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս աստուածային...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

Շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2026-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի Բժշկական առաքելութեան խորհուրդի ղեկավար Պերճ Աբգարեանի, որուն Լիբանան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Հայաստանի մէջ իրականացուած բժշկական առաքելութեան աւարտին ստանալ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ բժշկական խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն: Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց եւ քաջալերեց յիշեալ խորհուրդին գործունէութիւնը եւ...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Շաբաթ, 3 հոկտեմբեր 2026-ին Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները: Այցելութեան ընթացքին վարչութեան ներկայացուցիչները կաթողիկոսին ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեամբ 18 հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունենալիք Նաւասարդեան խաղերու բացման հանդիսութեան մանրամասնութիւնները եւ հրաւիրեցին վեհափառը` ներկայ գտնուելու ձեռնարկին: Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան, յատկապէս` նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, մարզական ոգիի...

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

Չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2026-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Հայ բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը, որ տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նելլի Աղասարգիսեանի եւ կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեանի հետ: Հանդիպումը կը միտէր աւելի մօտէն ծանօթանալ նորընտիր Շրջանային վարչութեան եւ միասնաբար խորհրդակցիլ բժշկական առաքելութեան յառաջիկայ այցելութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին: Հայ բժշկական առաքելութեան...

Վերամուտի Սեմին. Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Երկօրեայ Համագումար

Վերամուտի Սեմին. Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Երկօրեայ Համագումար

Շաբաթ, 3 եւ կիրակի, 4 հոկտեմբեր  2026-ին Տուհրուշուէրի Աւետարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու երկօրեայ համագումարը, որուն նպատակներն էին` համախմբել կիրակնօրեայ վարժարաններու ծառայողները, վերանորոգել անոնց հոգեւոր ու ուսուցչական տեսլականը, անդրադառնալ վարժարաններու առաքելութեան կարեւորութեան եւ միասին պատրաստուիլ 2026-2027 տարեշրջանի նոր աշխատանքներուն: Համագումարի բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն

Լիբանանի կառավարութիւնը 8 հոկտեմբեր 2026-ին նախագահական պալատին մէջ իր գումարած ժողովին կատարեց կարգ մը նշանակումներ, որոնց շարքին ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն: Տիանա Վարդանեան-Մարատեան իր մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն` հանրային կառավարման (Public Administration) մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը` նոյն համալսարանէն` հանրային կառավարման մասնագիտութեամբ եւ հոգեբանութեան երկրորդ մասնագիտութեամբ: Ան շուրջ քսան տարուան...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով  Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն

Երէկ` ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիրքի համահայկական ցուցահանդէսին: Կրօնական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ընթերցասէրներու ներկայութեան կայացած այս հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց հրատարակչատան անձնակազմէն Մեղեդի Պետրճիքեան, ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու...

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչականին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Այնճարի ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճին եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Այնճարի արժանաւոր զաւակ Գէորգ Հաճեանին, որ 6 տարի առաջ նոյն օրը հերոսաբար նահատակուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Արցախի Վարանգաթաղի բարձունքին վրայ: Զոյգ վարժարաններուն մէջ աշակերտները առիթը ունեցան դիտելու ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կողմէ վաւերագրական...

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ բժշկական առաքելութեան ղեկավար Պերճ Աբգարեան 7 հոկտեմբերին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Ան Լիբանան ժամանած է Երեւանէն, ուր կայացած էր բժշկական առաքելութեան 16-րդ գործուղումը։ Հայրենիքի մէջ իրականացուցած առաքելութիւնը ունէր չորս ուղղութիւն՝ բժշկական միջազգային գիտաժողով, գործակցութեամբ Երեւանի պետական բժշկական համալսրանին , մանուկներուն յատուկ վիրահատական մասնագիտութեան նորարարութիւններ, մարզաբուժակներու (ֆիզիոթերափիսթ) եւ վիրահատական բուժումներ։ Չորրորդ ուղղութիւնը...

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հիւրն էր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «10452» փոտքասթին, որ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Բագրատունի հարցազրոյցին սկիզբը հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն թէեւ կը հասկնայ համաներման օրէնքի մարդասիրական կողմը, սակայն սկիզբէն դէմ եղած է անոր: Ան բացատրեց, որ կուսակցութեան այդ օրէնքին դէմ ըլլալը կը բխի...

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

Վերամուտի առիթով ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէները, փափաքելով բարի տարի մաղթել հայ աշակերտներուն, նախաձեռնեցին դպրոցական իրերու եւ գրենական պիտոյքներու բաշխման: ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի քարոզչական եւ դաստիարակչական յանձնախումբերուն նախաձեռնութեանբ, դպրոցական վերամուտի նախօրեակին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին շուրջ համախմբուած համակիր ընտանիքներու զաւակներուն ուսման անհրաժեշտ կարիքներու նիւթական բեռը որոշ չափով թեթեւցնելու նպատակով, կարելի եղաւ աւելի քան 150 հայ աշակերտի դպրոցական...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ անդամներ Արամ Սոմունճեանի, Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2026-ին այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան հետ։ Պատուիրակութիւնը ընդունեցին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան նախագահ Ժերար Թիւֆէնքճեան, ինչպէս նաեւ անդամներ՝ Վազգէն Հատիտեան, Մայք Վայէճեան, Յակոբ Տանձիկեան, Սիլվա Լիպարիտեան, Ժան Օղասաբեան, Դալար Աթէշեան,...

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը

Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի արուեստի կեդրոնի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջանաւարտ Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան եւ ազդեցութեան արձագանգներ» խորագիրով առաջին անհատական ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէր mixed-media 18 գեղանկարներ եւ 86 դիմանկարներ, կը ներկայացնէ գեղեցկութեան, մարդկային էութեան, պատմութեան եւ աշխարհի մասին մեր պատկերացումները ձեւաւորող փորձառութիւններու անհատական ընկալումը: Խտըրլարեան ոգեշնչուած է գեղեցկութեան երեք դրսեւորումներէն` բնութիւն, մարդկային քաջութիւն եւ տոկունութիւն,...

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ասմահանի Եւ Ֆարիտ Աթրաշի Նուիրուած Երեկոյ

Կիրակի, 13 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մեծարենցեան հերթական երեկոն տեղի ունեցաւ Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեաններու հիւրասէր բնակարանին մէջ: Երեկոն իր շուրջ համախմբեց մշակոյթով եւ երաժշտութեամբ հետաքրքրուող ներկաներ, որոնք առիթ ունեցան ունկնդրելու արաբական երաժշտութեան երկու նշանաւոր դէմքերու` Ասմահանի եւ Ֆարիտ Աթրաշի կեանքին ու արուեստին նուիրուած հետաքրքրական դասախօսութիւն մը: Նաթալի Քենտիրճեան, ողջունելով եւ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ներկայացուց օրուան բանախօսը` Ուաժտի Պըրպերին,...

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս*

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած` Արցախի նուիրուած երեք հատորներու`  «Արցախ անաւարտ պատերազմ», հեղինակ` Դաւիթ Ղահրամանեան, «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 2», հեղինակ` Րաֆֆի Քորթոշեան,  շնորհահանդէսը եւ արցախցի նկարիչներու ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին գործերը` Յովիկ Գասպարեանի, Հրանդ Մնացականեանի, Սամուէլ Թաւադեանի, Լիանա...

Page 2 of 364 1 2 3 … 364

Արխիւներ