Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

October 14, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 11 հոկտեմբերին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու մեծ ընտանիքին:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս շաբաթ կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց տօնին` գիրերու գիւտի յիշատակին: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց այդ ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս աստուածային աջը Մեսրոպ Մաշտոցի դիմաց պատկերեց հայոց այբուբենը, որուն միջոցով թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը, որպէսզի մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն ճանչնայ իր լեզուն, այլեւ իր կեանքի ճամբան կերտէ:

Սրբազանը յայտնեց, որ դարերու ընթացքին, տեսակաւոր վերիվայրումներու բովէն անցնելով հանդերձ, մեր ժողովուրդը իր հաւատքով, իր պատմութեան հաւատարմութեամբ ինքզինք կանգուն պահեց, աւելցնելով, որ հակառակ այն իրողութեան, որ մենք կը գտնուինք մեր հայրենիքէն հեռու, տակաւին կը խօսինք, կը գրենք եւ կ՛աղօթենք հայերէնով:

Անդրադառնալով կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին` սրբազանը դիտել տուաւ, որ կիրակնօրեայ վարժարանը հայ ընտանիքին լաւագոյն եւ ամէնէն ապահով յենարանն է, եւ այս մէկը պէտք է մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս մեր ծնողները լաւ ըմբռնեն, աւելցնելով, որ մեր Եկեղեցւոյ սրբազան հաւատքը անարատօրէն կը պահպանուի եւ խնամքով նոր սերունդին կ՛աւանդուի, որպէսզի նոր սերունդը, իր կարգին, իր մասնակցութեամբ նոր կեանք տայ հայոց մշակոյթին եւ ապահովէ Հայոց պատմութեան շարունակականութիւնը:

Սրբազան հայրը օրհնեց կիրակնօրեայ վարժարանները եւ մասնաւորաբար թեմի ա՛յն բոլոր նուիրեալները, որոնք հոգեւոր եւ ազգային մտայղութեամբ գուրգուրանքով կ՛առնչուին կիրակնօրեայ վարժարանին, որպէսզի անոր ընդմէջէն ընտիրը եւ արժէքաւորը փոխանցեն մեր սերունդներուն, որպէսզի այդպիսով ամրութիւն տան մեր համայնական կեանքին: Սրբազան հայրը օրհնեց նաեւ բոլոր անոնք, որոնք կիրակնօրեայ վարժարանին կողքին կը մնան եւ իրենց մասնակցութեամբ կը զօրակցին Հայ եկեղեցւոյ աւանդը սերունդներուն փոխանցելու նուիրական աշխատանքին:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած մշակներու հոգիներուն համար:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

October 12, 2026
Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

October 12, 2026
Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.