Գաղութային

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երեկոյ» խորագիրով երգահանդէս` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. անկախութեան: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, դիտել տուաւ, որ վարչութիւնը տարբեր առիթներով նախաձեռնած է նման երգահանդէսներու, աւելցնելով, որ սոյն թատերասրահը եղած է թատրոնի, նաեւ երգի...

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ.  «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ»  Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ. «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանեան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Զրոյցը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ շրջանին մէջ շարունակուող ապահովական անկայունութեան եւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին վրայ: «Չեմ ուզեր յոռետեսութեամբ սկսիլ զրոյցս, բայց կրնայ ըլլալ, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ որոշ տարակարծութիւններ կային վարչակարգի թէ իշխանութեան գծով, սակայն ներկայիս հիմնական...

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

Համատեղ թղթակցութիւն` ՆԱՆՕՐ ԹԱՇՃԵԱՆ, ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ, ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ եւ հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով յառաջացած «Օշական» գիրքի ակումբի երկուշաբթի, 7 սեպտեմբերին տեղի ունեցած առաջին «Զում» ձեւաչափով հանդիպումը համախմբեց երկու տասնեակէ աւելի ընթերցասէրներ` սփիւռքէն եւ Հայաստանէն: Հանդիպումը, զոր վարեց հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, սկսաւ ծանօթացման օրակարգով: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ օրուան քննարկումի հատորը` Յակոբ Օշականի «Ծակ Պտուկը»: Յայտնենք, որ այս...

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2026-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  նոյն ցուցասրահի բարերար Լիւսի Թիւթիւնճեանին նուիրուած «ԼիաԼուսին» հատորին շնորհահանդէսը եւ այս առիթով կազմակերպուած անոր գործերու ցուցահանդէսը: Ձեռնարկի հանդիսավար Իզապէլ Տիարպի բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ յայտնեց, որ «ԼիաԼուսին» հատորը հրատարակուած է «Լիւսի Թիւթիւնճեան ֆոնտ»-ին կողմէ: Թիւթիւնճեան ընտանիքի խօսքը արտասանեց Քարլա Թիւթիւնճեան, որ  սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար`...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Մուսա Լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն յիշատակին, եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ Խաչվերացը յիշատակն է 7-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտի ազատագրութեան: Ան...

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, աւանդական դարձած տոհմիկ երեկոն տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի Այնճարի «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզահամալիրին մէջ` պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներուն յաջորդեց...

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 2026-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Գրիգորեանի եւ Յովհաննէս Խօշեանի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան Ազգային կուսակցութիւններու, ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումին մօտ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը կը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները

Չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2026-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Վենեզուելայի դեսպան Խոսէ Կրեկորիօ Պիոմորկի, իր խորհրդականներուն ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վենեզուելայի հայոց հոգեւոր տեսուչ Պետրոս եպս. Մանուէլեան: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Վենեզուելայի հետ աղերս ունեցող հարցերուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին:...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Մուսա Լեռը` Անսասան Կամքի Ու Ազգային Միասնութեան Խորհրդանիշ

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտը կը մնայ իբրեւ ազգային կամքի, հաւատքի, միասնականութեան եւ ինքնակազմակերպումի վկայութիւն մը: Արդարեւ, աւանդութեան վերածուած Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակը անգամ մը եւս առիթ հանդիսացան համախմբելու Այնճարի հայութիւնը եւ աշխարհի տարածքին սփռուած եւ այս առիթով Այնճար ժամանած  մուսալեռցիներու սերունդները` ոգեկոչելու իրենց պատմութեան հերոսական էջերը եւ վերարժեւորելու այն ազգային արժէքները,...

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ընկերային ցանցի իր պաշտօնական հարթակին վրայ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. ՀՄԸՄ Լիբանանի մարզական 2026-2027 տարեշրջանին կը պատրաստուի լրջօրէն: Իրենց փորձերուն սկսած են արդէն մասնաճիւղերու խումբերը, տարիքային խումբերը, ակադեմիաները եւ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ կը կազմակերպուին Նաւասարդեան մարզախաղեր: Այդ խումբերէն ոմանք տարիներէ ի վեր կը մրցէին ախոյեանական իրենց դասակարգերուն մէջ, յատուկ արտօնութեամբ շրջանցելով արհեստավարժ դրութեամբ չգործելու ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2026-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուի: Նորին Սուրբ Օծութեան եւ դեսպանին քննարակումները ընդգրկեցին, բնականաբար, Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, Լիբանանի նախագահին վերջերս Յունաստան տուած այցելութիւնը, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետզհետէ աճող ներկայութիւնը շրջանէն ներս եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ Յունաստանի...

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, Այնճար հայաւանին մէջ տեղի ունեցան Մուսա լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակի հիմնական հանդիսութիւնները եւ արարողութիւնները: Ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2026-ին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ տոհմիկ երեկոյ, ՀՄԸՄ Այնճարի «Սարգիս եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքերը ուղղեցին յաջորդաբար...

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակին առիթով, կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2026-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Կիլիկեան ուխտի միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք (Գոհաբանական աղօթք) եւ Հայաստանի Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Օրուան...

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-րդ ամեակի առիթներով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2026-ին  երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիւղի արուեստագէտներէն Կարպիս Քենտիրճեանի անհատական ցուցահանդէսի բացում: Բացման խօսքը արտասանեց Կարինէ Շաննագեան, որ ծանօթացուց օրուան արուեստագէտը` իբրեւ գիւղի զաւակ եւ մարդկային արժէքներու տէր անձ: Ապա «Օրհնանք»-ի աղօթքէն...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան եւ հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեան այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ տեսակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանի հետ: Ալպեր Պալապանեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ներկայացուց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող կառոյցներն ու գրասենեակները: Ապա, խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան տարածաշրջանային, լիբանանեան նորագոյն զարգացումներուն, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան...

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, Մուսա Լերան Ազգագրական թանգարանի յանձնախումբին  կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Մովսէս Աւագ քահանայ Շրիգեանի` վերջերս հրատարակուած «Յուշեր» հատորի գինեձօնը, խմբագրութեամբ` Վարուժան արք. Հերկելեանի: Բացման խօսքին մէջ երեկոյի հանդիսավար Հիլտա Տումանեան նախ յոտնկայս  հրաւիրեց ներկաները յարգելու յիշատակը վերջերս մահացած Մեսրոպ Քենտիրճեանին, որ երկար տարիներ նուիրումով եւ անձնազոհութեամբ վարած էր  Մուսա Լերան...

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2026-ին, Ազունիէի Տիկնանց օժանդակ մարմինը (ԱՏՕՄ) կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան: Պէյրութէն, Պոլոնիայէն եւ Այնճարէն պտոյտին մասնակիցները առաջին հերթին ուղղուեցան բուժարանի մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ նորակառոյց խորանին ծածկոցի օրհնութիւնը` ձեռամբ Մովսէս վրդ. Եօսուլքանեանի: Ան հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ խորանը զարդարող իրերուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ բուժարանին կարեւորութեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն, որ այս հաստատութիւնը դառնայ բոլորին...

85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ

85-Ամեայ Առաքելութենէն Դէպի Նոր Ծրագիրներ

ԺԱՆԻՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հինգշաբթի, 10 սեպտեմբերին «Գարակէօզեան» հաստատութեան 85 պաշտօնեաները ՔՋԱԿ-ի մէջ ունեցան կարեւոր հանդիպում մը` նուիրուած նոր ծրագիրներու պատրաստութեան եւ ապագայ աշխատանքներու ծրագրաւորման: Հանդիպումը առիթ եղաւ` մէկտեղելու մեր պաշտօնեաները, վերանայելու մեր կատարած աշխատանքները, անդրադառնալու մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ միասին մտածելու այն նոր քայլերուն մասին, որոնք պիտի օգնեն մեզի` աւելի արդիւնաւէտ կերպով շարունակելու մեր առաքելութիւնը: Այս հանդիպումը յատկապէս նշանակալից էր,...

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

«Ծիլ» համահայկական ստեղծագործական ծրագիրը լեզուի, ինքնութեան եւ պատանեկան ստեղծարարութեան նոր ուղի մըն է 14-17 տարեկան հայ պատանիներուն համար: Անոր նախաձեռնողն է «Ամրոց» հիմնադրամը, որ ստեղծուած է 2021 թուականին Հայաստանի մէջ, իսկ հիմնադիրներուն մեծամասնութիւնը հայաստանցի գործարարներ են: «Ծիլ» ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու միտումով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ «Ամրոց» հիմնադրամի տնօրէն Անի Ղարաբաղցեանի հետ: Ան դիտել տուաւ, որ «Ծիլ» ծրագիրը «Ամրոց»...

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

Կիրակի, 23 օգոստոսի այնճարաբնակ Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեան ամոլին «Հիւղը», որ արդէն 14 տարի է ամէն ամառ կը հիւրընկալէ արուեստասէրներ ու գրասէրներ, ունեցաւ ընթացիկ ամրան իր չորրորդ մեծարենցեան երեկոն` հիւր բանախօս ունենալով դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեանը: Այս հանդիպումին համար  բանախօսը ընտրած էր Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» անզուգական հատորը (1921) եւ Վահագն Դաւթեանի «Գինու երգը» (1966): Սկսելով առաջինէն` ան ներկայացուց հատորին ոդիսականը...

Page 3 of 364 1 2 3 4 … 364

Արխիւներ