Վերամուտի առիթով ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէները, փափաքելով բարի տարի մաղթել հայ աշակերտներուն, նախաձեռնեցին դպրոցական իրերու եւ գրենական պիտոյքներու բաշխման:
ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի քարոզչական եւ դաստիարակչական յանձնախումբերուն նախաձեռնութեանբ, դպրոցական վերամուտի նախօրեակին, շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին շուրջ համախմբուած համակիր ընտանիքներու զաւակներուն ուսման անհրաժեշտ կարիքներու նիւթական բեռը որոշ չափով թեթեւցնելու նպատակով, կարելի եղաւ աւելի քան 150 հայ աշակերտի դպրոցական անհրաժեշտ առարկաներ, ներառեալ պայուսակ եւ գրենական անհրաժեշտ պիտոյքներ ցրուել:
Նոր ուսումնական տարեշրջանին առիթով, ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2026-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտներուն տրամադրուեցան գրենական պիտոյքներ:
ՀՅ Դաշնակցութեան համակիրները միշտ բոլոր պարագաներուն կառչած եւ յենած կը մնան շրջանի իրենց ակումբին: Մեր պատանիներուն եւ աշակերտներուն կը մաղթենք դպրոցական յաջող տարեշրջան, պատուաբեր նիշեր եւ արդիւնքներ, իսկ ծնողներուն` ուժ եւ կարողութիւն: Կը հաւատանք, որ հայ ընտանիքը հայ ազգի գոյատեւման ու զարգացման երաշխիքն է, եւ ասիկա անհերքելի փաստ է:



