Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչականին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Այնճարի ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճին եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Այնճարի արժանաւոր զաւակ Գէորգ Հաճեանին, որ 6 տարի առաջ նոյն օրը հերոսաբար նահատակուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Արցախի Վարանգաթաղի բարձունքին վրայ:

Զոյգ վարժարաններուն մէջ աշակերտները առիթը ունեցան դիտելու ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կողմէ վաւերագրական տեսանիւթ մը, որուն ընդմէջէն անոնք աւելի մօտէն ծանօթացան Գէորգ Հաճեանի կեանքին, անոր տարած ազգային եւ մշակութային բեղուն գործունէութեան եւ, վերջապէս, անոր նահատակութեան:

Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճին մէջ կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը արտասանեց ԼԵՄ-ական, 12-րդ կարգի աշակերտ Մեղրի Թասլաքեանը, որ աշակերտներուն ներկայացուց Գէորգ Հաճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, անոր նուիրումը հայ երգին, հայ դպրոցին ու հայ մշակոյթին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` անոր հայրենասիրական անկոտրում ոգին:

Յիշեց, որ Գէորգ Հաճեան նաեւ ուսուցիչ եղած է նոյն վարժարանին մէջ` իր գիտելիքն ու տաղանդը փոխանցելով աշակերտներուն, անոնց մէջ վառ պահելով հայ երգին ու մշակոյթին հանդէպ սէրն ու մեր ազգային արժէքները պահպանելու կարեւորութիւնը:

Մեղրի Թասլաքեան նշեց, որ Գէորգ Հաճեան այն սերունդի ներկայացուցիչն էր, որ իր գիտելիքն ու տաղանդը ծառայութեան վերածեց: Երգեց, ուսուցանեց, դաստիարակեց, ստեղծագործեց եւ իր կեանքով օրինակ հանդիսացաւ` մինչեւ այն օրը, երբ նոյնիսկ իր ամէնէն թանկագինը` կեանքը, նուիրեց հայրենիքի պաշտպանութեան: Արդարեւ, 6 հոկտեմբեր 2020-ին, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ծանր օրերուն, Գէորգ Հաճեան հերոսաբար նահատակուեցաւ` իր անունը դրոշմելով մեր նորօրեայ պատմութեան էջերուն:

Ան շեշտեց, որ Գէորգ Հաճեանին կեանքն ու  նահատակութիւնը  նաեւ կարեւոր պատգամ կը փոխանցեն աշակերտներուն, թէ նահատակներու յիշատակը միայն անցեալը յիշելը չէ,  այլ` գիտակցիլ, որ նոր սերունդը եւս ունի պատասխանատուութիւն, որուն ընդմէջէն ալ` ապագային փոխանցելիք սրբազան ժառանգութիւն:

Խօսք առաւ նաեւ տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ լուսարձակի տակ բերաւ գիւղի զաւակ, արցախեան նահատակ Գէորգ Հաճեանի նկարագրային գիծերը, անոր նուիրումը ազգին, հայ մշակոյթին, հայրենիքին եւ անոր սրբազան հողին:

Ապա ան կամրջում մը կատարեց մերօրեայ իրավիճակին` շեշտելով, որ խաղաղութիւն պիտակին տակ եղած զիջումները, յանձնուողական քաղաքականութիւնը, զորս կը վարէ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնը, իսկական վտանգ ու սպառնալիք են, որովհետեւ խաղաղութիւնը պէտք չէ ըլլայ ի գին մեր ազգային արժէքներուն, սկզբունքներուն եւ խորհրդանիշներուն: Արմէն Թաշճեան դիտել տուաւ, որ խաղաղութիւնը պէտք է խարսխուի` արդարութեան վրայ, արցախցիներուն տունդարձի իրաւունքի յարգումին վրայ, մեր ազգային արժէքներու պահպանման վրայ:

Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը արտասանեց 11-րդ դասարանի աշակերտ Էլենա Ապու Ռըժէյլի, որ ըսաւ, թէ հայրենիքը այն է, ինչ որ ժողովուրդ մը կը պահէ իր հոգիին մէջ` իր լեզուով, մշակոյթով, յիշողութեամբ, պատմութեամբ եւ սերունդներուն փոխանցուած պատասխանատուութեամբ:

Իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` Էլենա Ապու Ռըժէյլի ըսաւ, թէ այսօր մենք պարտաւոր ենք սորվելու մեր պատմութիւնը` գիտակցելով, որ հայրենիքը միայն զգացումով չի պահպանուիր, այլ` գիտութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, միասնականութեամբ, աշխատանքով եւ մանաւանդ պետական մտածողութեամբ ու տեսլականով:

Աւարտին վարժարանի տնօրէն վերապատուելի Յակոբ Ագպաշարեան իր պատգամը ուղղեց աշակերտներուն` շեշտելով, որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը կը սկսի փոխադարձ սիրով ու միասնականութեան ոգիով, ինչ որ թոյլ չի տար, որ թշնամին թափանցէ մեր հաւաքականութեան ամուր շարքերէն ներս:

Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճ
Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 8 Հոկտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.