Ամէն տարի, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, կը վերաբացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի դռները` վերանորոգ ոգիով շարունակելու Հայ եկեղեցւոյ ազգային ու հոգեւոր առաքելութիւնը: Առ այդ, կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր Ծ. վրդ. Շէրնէզեան մատուցեց ս. պատարագ եւ յաւուր պատճաշի քարոզեց:
Հայր Պարոյր իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Եզէկիէլ մարգարէի տեսիլքը, ուր Աստուած, մարգարէին մագաղաթ մը տալով, կը թելադրէ ճաշակել զայն: Ան բացատրեց մագաղաթը ճաշակելու խորհրդանշական իմաստը եւ կապեց թարգմանչաց սերունդին գործունէութեան` ինչպէս նաեւ` անոր իմաստը քրիստոնէական կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ տեսիլքը տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի ժողովուրդի գերութեան ընթացքին, երբ ժողովուրդը, տագնապով տարուած, հեռացած էր Աստուծմէ: Եզէկիէլ մարգարէի մագաղաթի ճաշակումը կը հաստատէ մարգարէին կողմէ Աստուծոյ խօսքին ամբողջական ըմբռնումը, որուն իրականացումէն ետք միայն ան պիտի կարենար Իսրայէլի ժողովուրդը առաջնորդել ամէնէն դաժան օրերուն ընդմէջէն: Իսկ մագաղաթի ճաշակումէն ետք մեղրի քաղցր համը մարգարէի քիմքին վրայ դիտել կու տայ Աստուծոյ խօսքին քաղցրութիւնը:
Այս աստուածաշնչական դէպքը առնչելով թարգմանչաց սերունդին գործունէութեան` հայր Պարոյր հաստատեց, որ հայ գիրերու գիւտը տեղի ունեցաւ` կանխելով հայ ազգի պատմութեան տագնապալի ժամանակամիջոցները, որպէսզի հայ ժողովուրդը, մայրենի լեզուով ճաշակելով Աստուծոյ խօսքը, կարենայ ամուր մնալ իր հաւատքին մէջ եւ դիմագրաւել յառաջիկայ բոլոր տագնապները: Վերջապէս, ան ըսաւ, որ դպրեվանքը շաղախուած է թարգմանչաց հայրերու տեսիլքին եւ առաքելութեան հետ, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն եւ տարագրութենէն ետք դպրեվանքը նոյնպէս ապրած է գերութեան դաժան պայմաններ եւ հաստատուելով Լիբանան` լծուած է հոգեւոր ու աշխարհական առաջնորդներ պատրաստելու սրբազան գործին: Հայր սուրբը նաեւ աւելցուց, որ այսօր եւս նուազ տագնապալի օրեր չենք ապրիր` որպէս հայութիւն, եւ այս տագնապներուն դիմաց դպրեվանքը, թարգմանիչ հայրերու գիտակցութեանբ ու ոգիով, պատասխանատուութին կը ստանձնէ` պատրաստելու ազգն ու եկեղեցին առաջնորդող այնպիսի ղեկավարներ, որոնք Աստուծոյ խօսքին թարգմանը պիտի հանդիսանան:
Սուրբ պատարագի աւարտին հաւատացեալները եւ հայրապետական թափօրը, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր` աստուածաշնչական ընթերցում, ասմունք, շարականներ ու ազգային երգեր եւ տեսուչ հայր սուրբի խօսք:
Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ գիրերու գիւտը հայու ինքնուրոյն մշակոյթի կազմաւորման ճառագայթող արեւածագ է, ուրկէ կը շողան Աստուծոյ մեծահրաշ զօրութիւնն ու հայու ոգին դրսեւորող անշեղ կամքը: Այս գիւտով սկիզբ դրուեցաւ ազգային եւ եկեղեցական կեանքին` «ապացուցելով բոլորին, որ արեւածագ կերտելու համար պէտք է նախ արեւածագը տեսնել միտքի ու հոգիի խորքերուն մէջ»:
Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս հետեւեցաւ այս օրինակին եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերածնունդն ու արեւածագը տեսաւ դպրեվանքի հիմնադրութեամբ: «Նոյն արեւածագներու յոյսով է, որ դպրեվանքը իր տարեշրջանի բացումը կը կատարէ այսօր` իր առաքելութեան սլացքը միախառնելով մեսրոպեան տեսիլքին, Սահակ կաթողիկոսի աննկուն կամքին, Բաբգէն Կիւլէսէրեան աթոռակից կաթողիկոսի ուսումնատենչ շունչին եւ առաջին տեսուչ Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեանի վաստակին: Կը գիտակցինք, որ մեզի այդ արեւածագերը ժառանգել ու վայելել չէ կտակուած միայն, այլ վստահուած է նոր արեւածագեր կերտելու կոչումն ու պարտականութիւնը: Եւ ահա այդ գիտակցութեամբ, դպրեվանքի տարեմուտի արեւելքին հետ, կը վերանորոգենք մեր ուխտը` վառ պահելու մեսրոպեան շունչը եւ թիավարելու ներկայ կեանքի պայմաններու ալեկոծող դժուարութիւններուն ընդմէջէն»:
Աւարտին ան խնդրեց, որ հայ ժողովուրդի զաւակները, հաւատարիմ մնալով մեսրոպեան ուխտին, մնայուն քաջալեր հանդիսանան այս դարբնոցին, որպէսզի սփիւռքահայութեան կեանքը կենսաւորուի նոր մարդուժով եւ գիտակից սերունդներով: Վերջապէս, ան կաթողիկոսը հրաւիրելով` ըսաւ. «Վեհափա՛ռ տէր, ձեր կաթողիկոսական ցուպին տակ, աւելի քան երեսուն տարի, դպրեվանքը իր դռները լայն բացած է բոլորին ընդառաջ` ազգին տալով առաջնորդներ, վարդապետներ, քահանաներ, ուսուցիչներ եւ նուիրեալ զաւակներ: Վստահելով ձեր առաջնորդութեան, դպրեվանքի մեծ ընտանիքը` տեսչական կազմով, ուսուցիչներով, Տիկնանց խորհուրդով եւ աշակերտութեամբ, այստեղ եկած ենք խնդրելու ձեր հայրական օրհնութիւնն ու լսելու ձեր պատգամը, որպէսզի ձեզմով առաջնորդուելով եւ ձեզմէ ներշնչուելով` այս տարեշրջանը մեկնարկենք մեսրոպեան շունչով եւ զայն աւարտենք փայլուն բերքով` ի սպաս մեր ազգին ու եկեղեցիին»:
Այս առիթով իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ընդգծեց ինքնութեան կարեւորութիւնը հաւաքական կեանքի բարգաւաճման մէջ: Հայրապետը վերյիշեցուց, որ ինքնութիւնը ազգի մը գոյատեւման եւ հզօրացման երաշխիքն է, մանաւանդ` պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց: Ինքնութեան կերտման հիմնական ազդակները կը հանդիսանան` ազգային արժէքները, խորհրդանիշները, աւանդութիւններն ու իտէալները, որոնք լոկ պիտակներ ու տեսութիւններ չեն, այլ կը պահանջեն հաւատարմութիւն, յանձնառութիւն եւ կենսագործում: Ան խօսեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր յեղափոխութեամբ ընթացք առած հայու ինքնութեան մասին, որ ա՛լ աւելի հզօրացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային յեղափոխութեամբ. «Հոգեւորը, ազգայինը, մշակութայինը դարձան մէ՛կ ամբողջութիւն. անանջատելի, բայց` անխառն ամբողջութիւն», հաստատեց ան: Անդրադառնալով Հայոց պատմութեան` հայրապետը նշեց, թէ պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, որ երբ հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւնը զօրեղ է, զօրեղ է նաեւ ազգը. ի դէպ, պատմութեան ընթացքին կատարուած այս ամբողջութիւնը պառակտելու ներքին եւ արտաքին քանդիչ ուժերու փորձերը յաղթուած են միայն այն ժամանակ, երբ մեր ժողովուրդը գիտակից կեցուածք ցուցաբերած է իր պատմութեան հանդէպ եւ կառչած մնացած է լուսաւորչեան ու մաշտոցեան հոգեւոր ու ազգային յեղափոխութեանց:
«Եւ այսօր մեր Եկեղեցին, եւ այս պարագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր դպրեվանքով ու միաբանութեամբ, լծուած է մեր ազգին ինքնութիւնը պահող ու պահպանող, հզօրացնող ու յաւերժացնող արժէքներու, իտէալներու, խորհրդանիշներու կենսագործման` մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս: Այս առաքելութիւնը սոսկ խօսքով կարելի չէ իրագործել, այլ մարդով` պատրաստուած մեր ազգին, հայրենիքին, Եկեղեցւոյ ծառայելու գիտակից կոչում ունեցող մարդով», ընդգծեց ան: Խօսքը ուղղելով դպրեվանքի աշակերտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ դպրեվանեցիներ, մենք ա՛յս տեսակ մարդ կը պատրաստենք դպրեվանքին մէջ, եւ դուք կոչուած էք այս տիպի մարդեր դառնալու. ո՛չ սովորական մարդիկ, այլ` առաքեալներ» եւ վստահեցուց, որ դպրեվանքը այս առաքելութեան ու կոչումին լծուած` պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը եզրափակեց` ըսելով. «Դպրեվանեան կեանքին ու առաքելութեան այս փուլին Մեր սպասումն է, որ տեսչութիւն, ուսուցչական կազմ եւ մանաւանդ աշակերտութիւն ա՛յս գիտակցութեամբ կառչած մնան դպրեվանքի առաքելութեան: Եւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդով պարուրուած, Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է, որ թարգմանչաց հոգին ձեր մէջ մնայ ծաղկող, հզօրացնող, կազմաւորող ներկայութիւն: Այդպէս եղաւ թարգմանչաց սերունդը մեր կեանքին մէջ. հոգի մը, որ մեր ժողովուրդին ուժ տուաւ, մեր ժողովուրդին յոյս տուաւ խաւարին դիմաց եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդեց փոթորիկներուն ընդմէջէն: Ահա` դպրեվանքի առաքելութիւնը: Մենք բոլորս ա՛յս տեսլականով ու նուիրումով պիտի շարունակենք դպրեվանքի առաքելութիւնը` Աստուծոյ փառքին, մեր ազգին անսասանութեան եւ մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր»:
Աւարտին հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, դպրեվանքը եւ ներկաները` այսպիսով պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով դպրեվանքի 2026-2027 տարեշրջանը:


