Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի արուեստի կեդրոնի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջանաւարտ Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան եւ ազդեցութեան արձագանգներ» խորագիրով առաջին անհատական ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէր mixed-media 18 գեղանկարներ եւ 86 դիմանկարներ, կը ներկայացնէ գեղեցկութեան, մարդկային էութեան, պատմութեան եւ աշխարհի մասին մեր պատկերացումները ձեւաւորող փորձառութիւններու անհատական ընկալումը: Խտըրլարեան ոգեշնչուած է գեղեցկութեան երեք դրսեւորումներէն` բնութիւն, մարդկային քաջութիւն եւ տոկունութիւն, նաեւ մարդու ձեռքով ստեղծուած արուեստէն` միաժամանակ անդրադառնալով պատմական այն գործիչներուն եւ իրադարձութիւններուն, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են կեանքի եւ շրջապատող աշխարհի վերաբերեալ անոր ընկալումներուն վրայ:
Ցուցահանդէսին առանձին բաժինով մը ներկայացուած են ընտանիքի անդամներուն, ընկերներուն եւ պատմական նշանաւոր գործիչներուն մատիտով գծուած դիմանկարները, որոնք կը միաւորեն արուեստագէտին ստեղծագործութեան անհատական եւ պատմական ուղղութիւնները:
Բնութագրելով ցուցահանդէսը` իբրեւ ցոլացում իր ներքին ենթակայական ըմբռնումի առարկայական իրականութեան, Խտըրլարեան կը հրաւիրէ այցելուները խորհրդածելու գեղեցկութեան, պայքարի, ձեռքբերումներու եւ բարդութիւններու մասին, որոնք ձեւաւորած են մարդկային մեր ընդհանուր փորձառութիւնը:
Ցուցահանդէսը յատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ Հայկազեան համալսարանին համար, որովհետեւ Խտըրլարեան կը վերադառնայ իր հարազատ կրթօճախը` այս անգամ իբրեւ արուեստագէտ: Արդարեւ համալսարանը քաջ կը գիտակցի, որ շրջանաւարտներուն աջակցիլը եւ արուեստի ու մտաւոր փոխանակման կարելիութիւններ ստեղծելը համալսարանի առաքելութեան անբաժանելի մէկ մասը կը կազմեն:
Ցուցահանդէսին, յատկապէս արուեստագէտին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով, «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Հրանդ Խտըրլարեանի հետ, որ յայտնեց, թէ իր մէջ գծելու արուեստը արթնցած էր ութ տարեկան հասակին, սակայն ուսումնական շրջանին չէր կրցած իրագործել զայն: 1990-ին, երբ ճամբորդած է Միացեալ Նահանգներ, հոն սկսած է գծել: Հետեւաբար իր գործերուն 1/3-ը կը պատկանին 1990-ական թուականներուն, իսկ մնացեալ գործերը` 2000-2005 տարիներուն: Մատիտով գծուած դիմանկարները իրագործուած են «Քորոնա» ժահրի ժամանակաշրջանին, իսկ գունաւոր նկարները` 2020-2021-ին: Արուեստագէտներ Ռէմպրէնտ, Վան Կոկ, Փիքասօ, Մարտիրոս Սարեան եւ Միրօ մեծ ազդեցութիւն ձգած են Խտըրլարեանին վրայ: Արուեստագէտը ըսաւ, որ իր ոճը կը պատկանի արտայայտչական դպրոցին, որուն մէջ կայ ժամանակակից արուեստը, գոյներու մշակումը, նաեւ` տպաւորապաշտ դպրոցը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 3 հոկտեմբեր ամէն օր առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:


