Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փարոս» Արհեստական Բանականութեան Ուսուցման Կեդրոնի Բացումը` Նուիրուած Մինաս Պուտագեանի Յիշատակին

October 16, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ռաուտայի ժողովրդային տան կողքին տեղի ունեցաւ «Փարոս» արհեստական բանականութեան ուսուցման կեդրոնի բացումը` նուիրուած Մինաս Պուտագեանի յիշատակին:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Մեղրի Պասմաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յատկապէս` շրջանի մնայուն բարերար Սարգիս Պուտագեանին: Ան նկատել տուաւ, որ կոմիտէն անմիջապէս պիտի նախաձեռնէ արհեստական բանականութեան անվճար դասընթացքներու` պատանիներու եւ երիտասարդներու համար:

ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Անդօ Թաշճեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս օրը իրենց համար շատ յատուկ եւ հպարտութեան օր է, որովհետեւ ոչ միայն նոր կեդրոն մը կը բանան, այլ նաեւ նոր դուռ մը` մեր համայնքին եւ մեր երիտասարդներուն առջեւ` դէպի գիտելիք, նորարարութիւն, ապագայ:

Ան ըսաւ, որ «Շուշի» ակումբը միշտ փորձած է կարեւոր առաքելութեամբ մը առաջնորդուիլ` մտածել ժողովուրդին, շրջանին եւ մանաւանդ մանուկներուն եւ պատանիներուն մասին, առ այդ ալ փորձած է գտնել նոր միջոցներ, գաղափարներ եւ ուղիներ, որպէսզի մեր ժողովուրդը շարունակէ զարգանալ, սորվիլ եւ յառաջ երթալ:

Թաշճեան շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը կոմիտէին համար առաջնահերթութիւն է, մանաւանդ որ կան շատ տաղանդաւոր, խելացի եւ ստեղծագործ երիտասարդներ, բայց անոնց համար պէտք է ստեղծել համապատասխան միջավայրը, փոխանցել ճիշդ գիտելիքը եւ նոր հնարաւորութիւնը: Ան դիտել  տուաւ, որ արհեստական բանականութիւնը այսօր մեր կեանքին մէկ մասը դարձած է, հետեւաբար չենք ուզեր, որ մեր երիտասարդները միայն հետեւին այս փոփոխութիւններուն, այլ մասնակից դառնան անոնց, եւ աւելի՛ն, ըլլան ապագային նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ եւ նոր լուծումներ ստեղծողները:

«Մեր ծնողները մեզի շատ բան կտակած են` դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, միութիւններ եւ, ամէնէն կարեւորը` հայ մնալու կամքը: Հիմա հերթը մերն է: Մենք պէտք է մտածենք` ի՞նչ պիտի ժառանգենք յաջորդ սերունդին», ըսաւ Թաշճեան` աւելցնելով, որ մենք կ՛ուզենք աշխատիլ` ունենալու կրթուած, ինքնավստահ, ժամանակակից եւ պատրաստ երիտասարդութիւն մը, որ կը ճանչնայ իր արմատները, բայց միաժամանակ պատրաստ է նայելու դէպի ապագայ, եւ ասիկա մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է:

Ա. Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակով, աշխատանքով, գաղափարներով եւ աջակցութեամբ օգնեցին, որ այս օրը իրականութիւն դառնայ, յատկապէս` կեդրոնի բարերար Սարգիս Պուտագեանին, որուն նիւթական աջակցութիւնը եւ վստահութիւնը` այս նախաձեռնութեան նկատմամբ, մեծապէս նպաստեցին, որ այս գաղափարը վերածուի իրականութեան: «Իր աջակցութեամբ Ս. Պուտագեան ոչ միայն նպաստեց կեդրոնի մը ստեղծման, այլ նաեւ ներդրում մը կատարեց մեր երիտասարդներուն կրթութեան, զարգացման եւ ապագային համար», ըսաւ ան:

««Շուշի» ակումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ, փնտռել նոր գաղափարներ, բերել նոր ծրագիրներ եւ ըլլալ միշտ երիտասարդներուն կողքին, որովհետեւ մեր ժողովուրդին ուժը իր երիտասարդութիւնն է, մեր երիտասարդութեան ուժը կրթութիւնն է, իսկ կրթուած եւ միացած երիտասարդութիւնը մեր ապագայի մեծագոյն երաշխիքն է», եզրափակեց Թաշճեան:

Արհեստական բանականութեան ուսուցիչ Կորիւն Ժինեան խօսք առնելով` դիտել տուաւ, որ ներկայ դարաշրջանին ժամանակը հասած է մեր երիտասարդներուն լրջօրէն սորվեցնելու եւ բացատրելու, թէ ի՛նչ է արհեստական բանականութիւնը, ինչպէ՛ս կը գործածենք զայն եւ ի՛նչ է անոր դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ երբ համացանց կը գործածենք, արդէն անուղղակիօրէն մասամբ մը գործածած կ՛ըլլանք արհեստական բանականութիւնը: Ժինեան ըսաւ, որ արհեստական բանականութիւնը, նման` այլ բաներու, ունի իր դրական եւ ժխտական կողմերը, հետեւաբար հարկ է սորվիլ ճիշդ ձեւով գործածել զայն: Ան հաստատեց, որ արհեստական բանականութիւնը բոլորին կեանքը կը տանի դէպի յառաջ, հետեւաբար կարեւոր է անոր գործածութիւնը մեր կեանքէն ներս:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեան ըսաւ, որ «Փարոս» կեդրոնը, գիտելիքի, նորարարութեան եւ ստեղծագործութեան վայր մը ըլլալու կողքին, պիտի ըլլայ երիտասարդութեան համար ապագայ կերտելու վայր մը:

Ան դիտել տուաւ, որ կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ աշխարհը կը փոխուի աննախընթաց արագութեամբ, իսկ այդ փոփոխութեան կարեւորագոյն ուժերէն մէկը արհեստական բանականութիւնն է, աւելցնելով, որ արհեստական բանականութիւնը այլեւս ապագայի գաղափար մը չէ, այլ ան մեր ներկայի անբաժան մասնիկն է: Ան կը փոխէ` աշխատանքի ձեւերը, կրթութեան եղանակները, գիտութեան զարգացումը, բժշկութիւնը, ճարտարարուեստը, հաղորդակցութիւնը եւ նոյնիսկ այն ձեւը, որուն միջոցով մենք կը ստեղծենք ու կը տարածենք գիտելիքը:

Սոմունճեան նկատել տուաւ, որ 1800-ական թուականներէն սկսեալ իւրաքանչիւր դարու գիտական մեծ յառաջխաղացք մը յեղափոխութիւն ստեղծած է մարդկային կեանքին մէջ, իսկ այսօր արհեստական բանականութիւնը մարդկութիւնը կը դնէ նոր եւ հսկայ փոփոխութեան դէմ յանդիման: Ոչ ոք անմասն կը մնայ անոր ազդեցութենէն, առ այդ, բոլորս կարիքը ունինք ծանօթանալու անոր եւ օգտուելու անոր ընծայած դիւրութիւններէն:

Սոմունճեան բացատրեց, թէ արհեստական բանականութիւնը կը սահմանուի իբրեւ  համակարգչային այն ոլորտը, որ կը ստեղծէ ծրագիրներ կամ համակարգեր, որոնք ընդունակ են սովորաբար մարդկային բանականութիւն պահանջող խնդիրներ կատարել, աւելցնելով, որ անիկա օրէ օր կը զարգանայ, եւ ամէն ամիս նոր թարմացումներով անոր կարելիութիւնները կը բազմապատկուին աննկարագրելի արագութեամբ:

Սոմունճեան ըսաւ, որ քայլ պահելու համար այս սրընթաց յառաջխաղացքին հետ, այս կեդրոնը առիթ պիտի տայ երիտասարդութեան` մօտէն ծանօթանալու արհեստական բանականութեան եւ պէտք եղած հմտութիւնները ձեռք ձգելու` լաւագոյնս օգտուելով անոր ծառայութիւններէն: Ան դիտել տուաւ, որ արհեստական բանականութեան ընձեռած անծայրածիր կարելիութիւններուն ճշգրտօրէն տիրապետելու համար անհրաժեշտ է ունենալ նման կեդրոններ, ուր երիտասարդը կրնայ զարգացնել իր գիտելիքները: «Այս կեդրոնը կրնայ անոնց տալ գիտելիք, գործիքներ եւ հմտութիւններ: Բայց ամենակարեւոր բաները, որոնք այստեղ պիտի զարգանան, անոնց հետաքրքրասիրութիւնը, քննադատական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը պիտի ըլլան», նշեց ան:

«Պէտք չէ վախնալ նոր արհեստագիտութիւններէն: Բայց նաեւ պէտք չէ ընդունիլ զանոնք առանց հարցադրելու: Արհեստական բանականութիւնը կրնայ շատ արագ պատասխան մը տալ, բայց մարդն է, որ պէտք է որոշէ` այդ պատասխանը ճի՞շդ է, օգտակա՞ր է, արդա՞ր է եւ պատասխանատո՞ւ է: Այս պատճառով մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ միայն երիտասարդներուն սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս օգտագործել զայն, այլ` սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս մտածել արհեստական բանականութեան այս դարաշրջանին, եւ հո՛ս է, որ կրթութիւնը կը ստանայ նոր նշանակութիւն», շեշտեց Ա. Սոմունճեան` աւելցնելով, որ նորաբաց «Փարոս» կեդրոնը  ոչ միայն համակարգիչներու եւ ծրագիրներու վայր մըն է, այլ նաեւ` քննական միտք ստեղծելու վայր մը, ուր կարելի է փորձել, սխալիլ, կրկին փորձել եւ նոր բան մը ստեղծել, ուր երիտասարդը ոչ միայն սպառող է, այլ` ստեղծող:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սոմունճեան ըսաւ, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ մեր դիմաց նոր աշխարհներ բանալ, բայց մենք պէտք է ըլլանք անոնց պատասխանատու կառուցողները: Ան յոյս յայտնեց, որ նորակառոյց կեդրոնին մէջ ծնին նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ, նոր նախաձեռնութիւններ եւ, ամենակարեւորը, նոր վստահութիւն մեր երիտասարդութեան ուժին նկատմամբ:

Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց կեդրոնի բարերար Սարգիս Պուտագեան, որ նկատել տուաւ, թէ այս օրը իրեն համար շատ խորհրդանշական օր մըն է, եւ փափաք յայտնեց, որ «Փարոս» կեդրոնի խորհուրդը չսահմանափակուի միայն իր հօր` Մինաս Պուտագեանի յիշատակով, այլ նաեւ խոնարհում մը ըլլայ բոլոր այն հայրերուն եւ նուիրեալներուն յիշատակին առջեւ, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ, առանց աղմուկի, առանց ցուցադրութեան եկեղեցի կառուցեցին, դպրոց հիմնեցին, մշակութային կեդրոններ ստեղծեցին, կազմակերպութիւններ զօրացուցին եւ ամբողջ համայնքներու գոյատեւման հիմքերը դրին: «Անոնք եկան, աշխատեցան, ծառայեցին եւ  մեկնեցան, իսկ այսօր մենք կը վայելենք անոնց կառուցած եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային, հոգեւոր եւ կուսակցական կեդրոնները եւ կարօտով կը յիշենք այդ նուիրեալ սերունդը, որուն ամբողջական նուիրումին շնորհիւ կազմուեցաւ մեր գաղութը` լիբանանահայութիւնը», ըսաւ ան:

Պուտագեան դիտել տուաւ, որ արհեստական բանականութիւնը, թուային գործիքները, նոր գիտութիւնները, լեզուները եւ աշխարհին հետ անմիջական հաղորդակցութիւնը դարձած են նոր սերունդի առօրեային մէկ մասը, աւելցնելով, որ մեր զաւակներուն համար պէտք է ստեղծենք այնպիսի միջավայր, ուր անոնք կրնան սորվիլ, զարգանալ, ստեղծագործել եւ իրենց կարողութիւնները բացայայտել, եւ այս մտածումէն կը ծնի «Փարոս»-ը, որ միայն սրահ մը պիտի չըլլայ, այլ նաեւ պիտի դառնայ տեղ մը, ուր շրջանի պատանիներն ու երիտասարդները պիտի համախմբուին գիտելիք ստանալու, մտածելու, ուսումնասիրելու, նոր արհեստագիտութիւններու ծանօթանալու եւ իրենց ներուժը զարգացնելու:

Պուտագեան կոչ ուղղեց ծնողներուն` իրենց զաւակները բերելու կեդրոն, որպէսզի իրենց գիտելիքները հարստացնեն, գիրքի, մշակոյթի, նոր մտածողութեան եւ ժամանակակից գիտութեան հետ կապ ստեղծեն, եւ մեր շրջանը միայն բնակավայր մը չմնայ, այլ նաեւ գիտելիքի եւ զարգացման միջավայր դառնայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ «Փարոս» կեդրոնի ժապաւէնի հատում:

Նախորդը

Քառասուն Տարի. Ձայն Մը, Որ Երբեք Չլռեց

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն  Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

October 15, 2026
Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

October 14, 2026
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում
Գաղութային

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.