Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ բժշկական առաքելութեան ղեկավար Պերճ Աբգարեան 7 հոկտեմբերին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։

Ան Լիբանան ժամանած է Երեւանէն, ուր կայացած էր բժշկական առաքելութեան 16-րդ գործուղումը։ Հայրենիքի մէջ իրականացուցած առաքելութիւնը ունէր չորս ուղղութիւն՝ բժշկական միջազգային գիտաժողով, գործակցութեամբ Երեւանի պետական բժշկական համալսրանին , մանուկներուն յատուկ վիրահատական մասնագիտութեան նորարարութիւններ, մարզաբուժակներու (ֆիզիոթերափիսթ) եւ վիրահատական բուժումներ։ Չորրորդ ուղղութիւնը կը վերաբերէր Ֆրեզնոյի քաղաքապետին ղեկավարած պատուիրակութեան եւ առեւտուրի պալատի անդամներու Հայաստանի Հանրապետութիւն այցելութեան։

Պերճ Աբգարեան հաստատեց, որ միջազգային ճանաչում ունեցող 39 բժիշկներու խումբը կը բաղկանար ոչ միայն Ֆրեզնոյի, այլ նաեւ Ամերիկայի տարբեր նահանգներու մէջ գործող անուանի մասնագէտներէ։ Աշխատանքային այս այցելութեամբ կարելի եղած է ստեղծել Հայաստանի եւ տարբեր ազգութիւններու պատկանող մասնագէտ բժիշկներու միջեւ ցանցային կապ մը, մնայուն խորհրդակցութիւններ եւ գործակցութիւններ ապահովելու նպատակով։

Ֆրեզնոյի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը առիթ ունեցած է պետական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ ունենալու հանդիպումներ եւ յատկապէս վերաթարմացնելու Ֆրեզնօ-Վաղարշապատ քոյր քաղաքներու միջեւ կայացած համաձայնութիւնները։

Պերճ Աբգարեան «Ազդակ»-ին յայտնեց նաեւ, որ առաքելութիւնը կը նախապատրաստուի յառաջիկայ յունուարին այցելել Լիբանան եւ իրականացնել իր հերթական աշխատանքները բժշկական մարզին մէջ։ Ան վերահաստատեց, որ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Լիբանանի կամ Սուրիոյ համայնքներուն համար տարուող աշխատանքները ունին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնն ու քաջալերանքը։

Նախորդը

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

Յաջորդը

Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով. Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.