Գաղութային

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի  Քարոզչական Յանձնախումբ.  Լսարան-Հանդիպում` «Հայաստան – Արցախ  Ռազմավարական Դաշինք» Նիւթով

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Լսարան-Հանդիպում` «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Զալքայի ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանային հանդիպում մը` «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» նիւթով, որուն զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Հայաստան - Արցախ ռազմավարական դաշինք»-ի կազմակերպական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: ՀՅԴ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Զարեհ Պոյաճեան ողջունելէ ետք ներկաները,...

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Եօթը  Պատկերներու Համադրումով Ծնունդ Առած  Իւրայատուկ Եւ Հետաքրքրական  Թատերախաղը` «Տը Կուտ Տաքթըր»

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Եօթը Պատկերներու Համադրումով Ծնունդ Առած Իւրայատուկ Եւ Հետաքրքրական Թատերախաղը` «Տը Կուտ Տաքթըր»

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը արդէն իսկ սկսաւ լիբանանահայ արուեստասէրին հրամցնել իր այս տարուան ներկայացումը` Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութիւնը, զոր բեմադրած եւ անոր մէջ բեմագրական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է Յակոբ Տէր Ղուկասեան: Հինգշաբթի, 30 եւ ուրբաթ, 31 մայիսին թատերախումբին հին եւ նոր անդամները` Հրայր Գալեմքէրեան, Ժան Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Սարին Պագալեան, Սիլվա Ատուրեան, Դալար Տէր Սարգիսեան, Զաւէն Պաաքլինի, Նժդեհ...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (2).   Ընդհանուր Ծանօթացում «Ազդակ»-ին  Եւ Օրաթերթի Աշխատանքային Եղանակին

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ընդհանուր Ծանօթացում «Ազդակ»-ին Եւ Օրաթերթի Աշխատանքային Եղանակին

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլը կը շարունակուի: «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հաւաքուած Ապագայ լրագրողները երէկ ծանօթացան «Ազդակ»-ին եւ օրաթերթի աշխատանքի եղանակին: Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի պատասխանատու, «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան ներկայացուց «Ազդակ»-ի ընդհանուր բովանդակութիւնն ու էջերուն դիմագիծը, տարեկան տարբեր հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ շօշափելի օրինակներով եւ նմուշներով իրազեկ դարձուց զանոնք «Ազդակ»-ի որդեգրած աշխատանքային եղանակին մասին: Ապագայ լրագրողները իրենց ուշիմ հարցումներով...

Արմենոֆաս Հիմնադրամի Յանձնախումբի  Երկու Անդամներ Կը Պարգեւատրուին  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով

Արմենոֆաս Հիմնադրամի Յանձնախումբի Երկու Անդամներ Կը Պարգեւատրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով

Կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս «Արմենոֆաս» հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռենֆերն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայոն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով: Ձեռնարկին խօսք առաւ «Արմենոֆաս»-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան: Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը «Արմենոֆաս»-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան շրջանին Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական...

Ջութակի Մենահամերգ` «Բարսեղ Կանաչեան»  Երաժշտական Քոլեճի  Շրջանաւարտ Նարօտ Սերուժեանի

Ջութակի Մենահամերգ` «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Շրջանաւարտ Նարօտ Սերուժեանի

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ուսանող Նարօտ Սերուժեանի ջութակի մենահամերգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միքայէլ Աշճեան, Հենրի Իշխանեան եւ Էլիաս Հասուանի: Այս առիթով խօսք...

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ Վերահաստատեց Բարձր  Ոգիով, Հպարտ Ճակատով Եւ Հայակերտման Սրբազան  Առաքելութեան Կառչած Մնալով  Նոր Հարիւրամեակ Սկսելու Վճռակամութիւնը

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ Վերահաստատեց Բարձր Ոգիով, Հպարտ Ճակատով Եւ Հայակերտման Սրբազան Առաքելութեան Կառչած Մնալով Նոր Հարիւրամեակ Սկսելու Վճռակամութիւնը

Երէկ` 26 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մայիսեան փառատօնը, որ հոգեպարար ու յուսադրիչ էր արտասանուած խօսքերով, հպարտալի, յուզիչ եւ խոստմնալից էր խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող տարազաւորներով, մարզիկներով, աշակերտներով ու միութենականներով, ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն սփռող էր պաշտօնական բաժինէն ետք կայացած տօնակատարութեամբ:  Մայիսեան յաղթանակի ոգին կը թեւածէր հայութեան...

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան Դ. Լիագումարի

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դ. Լիագումարի

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Դ. լիագումար նիստերը տեղի ունեցան 8 եւ 9 մայիս 2019-ին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան: Լիագումարը ծանրացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն արժեւորման վրայ` շեշտելով իրագործուած ձեռնարկներուն պատմական տարողութիւնն ու ապագայի իմաստով փորագրուած դրոշմին իրողութիւնը: Արդարեւ, միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկին զոյգ վեհափառ հայրապետներուն հովանաւորութիւնը եւ անոնց ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած նախագահութիւնն ու իր...

Մայիս 28-ի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի  Տեսլականին Առաջին Իրագործումը  Արցախի Միացո՛Ւմն Է Հայաստանին»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 28-ի Նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Առաջին Իրագործումը Արցախի Միացո՛Ւմն Է Հայաստանին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին խորհրդանիշը ո՛չ միայն իր էութեան մէջ է, այլ նաեւ այն յատկութեան, որ այս անկախութիւնը ընդելուզուած է մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հետ, որուն համար մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Հանրապետական մաղթանք: Այս արարողութեամբ, եկեղեցին աղօթք կը բարձրացնէ առ բարձրեալն Աստուած Հայաստանի իշխանաւորներէն անդին ու վեր հայրենիքին համար, որ հողին ու ժողովուրդին անքակտելի ամբողջութիւնն է: Իսկ...

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադիրներէն Լիբանան  Թաղուածներուն Յիշատակին

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիրներէն Լիբանան Թաղուածներուն Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը կիրակի, 26 մայիս 2019-ին,  կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 101-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն 9-ը: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի,   Բարսեղ Կանաչեանի Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, Աւետիք Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի եւ Լոլա Սասունիի  շիրիմներուն: Մայիսեան յաղթանակներու ծիրին մէջ մասնաւորապէս Լիբանանի...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Ծնողական Հաւաք` «Ելեկտրոնային Գործիքներն Ու Ընկերային Ցանցերը Աշակերտներուն Առօրեային Մէջ» Ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ելեկտրոնային գործիքներն ու ընկերային ցանցերը մեր աշակերտներուն առօրեային մէջ» խորագիրով հաւաքը` ներկայութեամբ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն ծնողներուն: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ծնողները եւ բարձր գնահատեց անոնց գործակցութիւնը` միասնաբար քննարկելու ելեկտրոնային գործիքներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը...

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարան – Աշխատանոց`  Արդիական Ձեւերով Անդրադառնալու  Տեղահանումի, Ցեղասպանութեան Եւ Հայ Դատին

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարան – Աշխատանոց` Արդիական Ձեւերով Անդրադառնալու Տեղահանումի, Ցեղասպանութեան Եւ Հայ Դատին

Ուրբաթ, 24 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-9:00, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած` «My Grandmother is my Archive» անգլերէնով լսարան-աշխատանոցը, մասնակցութեամբ հայ եւ օտար աշակերտներու, ուսանողներու, միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հետաքրքրուած հանրութեան: Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին նպատակն էր նախ տեղահանումի եւ ցեղասպանութեան նիւթերը չսահմանափակել միայն հայկական իրականութեամբ...

Առողջապահական Օր` ԶՈՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Առողջապահական Օր` ԶՈՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան, տեղի ունեցաւ առողջապահական օր մը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կից: Առողջապահական օրը կ՛ընդգրկէր արեան խմբաւորման, շաքարախտի, արեան ճնշման եւ սրտի զարկի, մարմնի ծանրութեան ցուցակի քննութիւններ: Այս աշխատանքին հսկեց բժշկական խմբակ մը` կազմուած ԶՈՄ-ականներէ ու համակիրներէ, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի անձնակազմէն օժանդակներէ: Ժամը 11:00- 2:00...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (1). Արմէն Սարգսեան Եւ Սամուէլ Սարեան Ներկայացուցին Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Իբրեւ Կառոյց Եւ Գործունէութիւն

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Դասախօսներն էին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կառոյցներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեան, եւ նոյն նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կցորդ Սամուէլ Սարեան: Ըստ աւանդութեան, երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցած այս հանդիպումին ընթացքին զոյգ դասախօսները անդրադարձան Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան...

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

Երէկ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ընթացք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքը, կազմակերպութեամբ ռատիոկայանի տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժինի 17 աշակերտներու: Դասընթացքին բացումը կատարելով, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ դասընթացքը իր տեսակին մէջ եզակի է, որովհետեւ ան կը նպատակադրէ բանաւոր մեր մամուլին համար ժամանակակից հմտութիւններով մարդուժ պատրաստել: Դասընթացքը կը նպատակադրէ հանդիպումներու շարքով մը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Համազգայինի Պալէի Դպրոցի Տարեկան Ողջունելի Ելոյթը

Երէկ` ուրբաթ, 24 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Նեպիլ Քահհալէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու պալէի դպրոցի աշակերտներուն հետաքրքրական ելոյթը`  գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժաքլին Մակինեանի: Հերթաբար բեմ բարձրացան տարբեր տարիքի աշակերտներ, որոնք, միջազգային երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, հանդէս եկան տարբեր պարերով, որոնք բաւական բծախնդրութեամբ պատրաստուած էին: Ոգեւորիչ ու խանդավառող էր բոլորին ներկայութիւնը բեմին վրայ, իւրաքանչիւրը իր տարիքին...

Բագրատունի Ընդունեց Քուպայի Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Քուպայի Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուպայի դեսպան Ալեքսանտր Փիլիքըր Մորական, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Քուպայի միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Այցելութեան ընթացքին դեսպանին առաջարկով երեսփոխան Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան իրավիճակին, ՀՅ Դաշնակցութեան անցեալին եւ դերակատարութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային կացութեան:

Լոյս Տեսած Է «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում  (1918-1920)» Հատորը

Լոյս Տեսած Է «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)» Հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում  (1918-1920) հատորը։ Մենագրութեան հեղինակն է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող Գուրգէն Վարդանեան։ Այս մենագրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մշակոյթի պատմութեան։ Գիրքին մէջ առաջին անգամ ամփոփ կերպով ներկայացուած են ազգային պետական շինարարութեան գործընթացին մէջ իրականացուած միջոցառոմւները կրթական համակարգի եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ։...

Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան  Տան Պատին Յուշատախտակ Մը Տեղադրուած Է

Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Յուշատախտակ Մը Տեղադրուած Է

21 մայիսին` ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին նախօրէին, Ազնաւուր ընտանիքի Փարիզի առաջին բնակարանի պատին յուշատախտակ մը տեղադրուած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ  եղած են  Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն, քաղաքային իշխանութիւններու եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, նշանաւոր անձնաւորութիւններ եւ, բնականաբար, Ազնաւուր ընտանիքի անդամները: Յուշատախտակը տեղադրուած է Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին, ուր...

Ժիպէյլի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ`  Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Ժիպէյլի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ` Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու, երէկ` 21 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մամա»-ն հանդիսացող Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` անոր դամբարանին դիմաց: Սամուէլ Պոյաճեան Բացման խօսքով...

Page 190 of 365 1 … 189 190 191 … 365

Արխիւներ