Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Յուշատախտակ Մը Տեղադրուած Է

May 22, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 մայիսին` ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին նախօրէին, Ազնաւուր ընտանիքի Փարիզի առաջին բնակարանի պատին յուշատախտակ մը տեղադրուած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ  եղած են  Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն, քաղաքային իշխանութիւններու եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, նշանաւոր անձնաւորութիւններ եւ, բնականաբար, Ազնաւուր ընտանիքի անդամները:

Յուշատախտակը տեղադրուած է Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին, ուր Փարիզ հասնելէ ետք  բնակութիւն հաստատած է Ազնաւուրեան ընտանիքը, ուր Շարլ Ազնաւուր անցուցած է իր մանկութիւնը:

«Զգացուած եմ, որ մեր սերունդներուն համար զետեղուեցաւ աշխարհահռչակ հայու յուշատախտակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալ եմ Ֆրանսային` իր զաւակները չմոռնալու համար», «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին ըսաւ  ձեռնարկին ներկայ ֆրանսաբնակ օփերայի երգիչ Ատամ Պարրոն:

Աւելցնենք, որ մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին  աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ անոր  արուեստին նուիրուած ձեռնարկներ` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անուանակոչութիւն պիտի կազմակերպուին:

22 մայիսին կ՛ամբողջանայ յայտնի արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի  95-ամեակը:

Նախորդը

Փիոթր Սվիթալսքի. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ընդունի Նիկոլ Փաշինեանի Վճռական Յանձնառութիւնը Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու»

Յաջորդը

Ոստիկանութիւնը Հրանդ Մարգարեանի Վրայ Յարձակման Գործով Նիւթեր Կը Նախապատրաստէ

RelatedPosts

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 14, 2026
Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում
Գաղութային

Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

February 14, 2026
Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով
Գաղութային

Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով

February 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.