Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

May 25, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ընթացք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքը, կազմակերպութեամբ ռատիոկայանի տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժինի 17 աշակերտներու:

Դասընթացքին բացումը կատարելով, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ դասընթացքը իր տեսակին մէջ եզակի է, որովհետեւ ան կը նպատակադրէ բանաւոր մեր մամուլին համար ժամանակակից հմտութիւններով մարդուժ պատրաստել: Դասընթացքը կը նպատակադրէ հանդիպումներու շարքով մը լիբանանահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ծանօթացնել ռատիոկայանի մէջ աշխատանքի պայմանները, յայտագիրներու պատրաստութեան եւ ներկայացման ձեւերը: Դասընթացքին ծրագիրը կ՛առաջադրէ լեզուական, հնչիւնային հիմնական գիտելիքներ ներկայացնել, նիւթերու հաւաքման ու մշակման խմբագրական եւ թեքնիք ծանօթութիւններ փոխանցել բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են լսողատեսողական մարզի աշխատանքով:

Դասընթացքը, ըստ Աւագեանի, պիտի երկարի քանի մը շաբթուան վրայ: Նիւթերը պիտի փոխանցեն «Վանայ Ձայն»-ի հանրածանօթ, փորձառու խօսնակները: Դասընթացքի աւարտին, մասնակիցները «Վանայ Ձայն»-էն պիտի ստանան հաստատագիրներ, իսկ լաւագոյն խօսնակը կամ խօսնակուհին առիթը պիտի ունենայ ռատիոկայանէն հանդէս գալու յատուկ հաղորդումով մը:

Վիգէն Աւագեանի բացման խօսքէն ետք, «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակներէն Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան ներկայացուց դասընթացքին առաջին նիւթը` «Ընդհանուր ծանօթացում խօսնակի մը աշխատանքին (Յայտագիրի պատրաստութիւն, ներկայացում, ձայնի հաղորդավարի հետ աշխատանք, մոնթաժ եւ յայտագիրի ծանուցողական աշխատանք)»: Ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ կարճ զրոյց մը վարեց անոնց հետ:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Պալէի Դպրոցի Տարեկան Ողջունելի Ելոյթը

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (1). Արմէն Սարգսեան Եւ Սամուէլ Սարեան Ներկայացուցին Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Իբրեւ Կառոյց Եւ Գործունէութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Յայտարարութիւն

September 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Յունաստանի Դեսպանը

September 22, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.