Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարան – Աշխատանոց` Արդիական Ձեւերով Անդրադառնալու Տեղահանումի, Ցեղասպանութեան Եւ Հայ Դատին

Մայիս 27, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 24 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-9:00, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած` «My Grandmother is my Archive» անգլերէնով լսարան-աշխատանոցը, մասնակցութեամբ հայ եւ օտար աշակերտներու, ուսանողներու, միութիւններու ու մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հետաքրքրուած հանրութեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին նպատակն էր նախ տեղահանումի եւ ցեղասպանութեան նիւթերը չսահմանափակել միայն հայկական իրականութեամբ եւ անոնց նայիլ համամարդկային դիտանկիւնէ, եւ երկրորդ` ներկաները ծանօթացնել նորօրեայ ու արդիական միջոցներու` վաւերագրելու, պահպանելու, պատմելու եւ փոխանցելու համար անցեալի դէպքերը, նախնիներու հաւաքական յիշողութիւնը եւ հանրութեան մատչելի դարձնելու մարդկութեան պատմութեան մէջ ծանր տեղ գրաւած տարբեր աղէտներու վաւերագրումը` օգտագործելով արհեստագիտութեան անսահման կարելիութիւնները:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հրակ Տէտէեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկին նպատակին եւ ընտրուած խորագիրին ներշնչումի աղբիւրին: Ան բացատրեց, որ խորագիրը կը պատկանի Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանի: Երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ էրտողան անցնող ապրիլ ամսուան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին հրապարակաւ կասկածի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ արխիւներու գոյութիւնը, Փայլան անոր պատասխանեց` ըսելով, թէ իր արխիւը իր մեծ մայրն է, որ վերապրած է Եղեռնէն: Այս խօսքը այնուհետեւ դարձաւ ցեղասպանութենէն վերապրողներու շառաւիղներուն կարգախօսը:

Տէտէեան աւելցուց, որ աշխատանոցի ընթացքին պիտի ներկայացուին երեք ծրագիրներ, որոնք կենդանի օրինակներ են օրուան նպատակին, եւ երեքն ալ իրենց կարգին նաեւ ներշնչուած եւ հիմնուած են անոնց հիմնադիրներու կամ նախաձեռնողներու մեծ մայրերու յուշերուն, պատմութիւններուն եւ վկայութիւններուն վրայ:

Ներկայացումներու մեկնարկը կատարեց գերմանական «Ֆրետերիք Նաուման» հիմնարկի խորհրդատու Եոհաննես Միթը` ներկայացնելով «Mayrig – Paths to Freedom» հեռաձայնային ծրագիրը: «Mayrig» էփը արաբերէնով եւ անգլերէնով դաստիարակչական խաղ-պատմութիւն մըն է, զոր կարելի է խաղալ հեռաձայնի կամ համակարգիչի վրայ: Խաղը կը պատմէ պատմութիւնը երիտասարդ մօր մը, որ յանկարծ կը ստիպուի իր տուն-տեղը լքել եւ տեղահանումի ենթարկուիլ` կարմիր դրօշակներ կրող զինուորներու կողմէ: Բռնագաղթի ճամբուն վրայ ան կը պարտաւորուի տալ  տարբեր որոշումներ, որոնք մահուան եւ կեանքի որոշումներ են: Խաղցողները առիթ ունին երիտասարդ մօր հետ մտածելու իր ընտրութիւններուն եւ յաջորդ քայլերուն մասին, մինչեւ որ ան հասնի ազատութեան: Խաղին աւարտին խաղացողները կ՛իմանան, որ այս խաղը 1915-ի Արեւմտեան Հայաստանի տեղահանումն է, եւ հիմնուած է իսկական դէպքերու` խաղի հիմնադիրին մեծ մօր պատմութեան վրայ:

Խաղին նպատակն է 21-րդ դարու արհեստագիտութիւնը օգտագործել տեղահանումի եւ գաղթականութեան մասին գիտակցութիւնը բարձրացնելու համար: Ոեւէ մէկը կրնայ խաղը ձրիօրէն ներբեռնել իր հեռաձայնին վրայ` փլէյ սթորէն կամ Ափըլ սթորէն:

Օրուան երկրորդ ներկայացումը կատարեց պաղեստինցի քարտէսագէտ Մաժըտ Շիհապի: Ան նախաձեռնած է «Palestine Open Maps» ծրագիրին, որ քարտէսներով օժտուած արդիական առցանց հարթակ մըն է` օժտուած Պաղեստինի պատմական եւ ներկայ զանազան քարտէսներով, որոնք յատուկ սոֆթուերի մը ճամբով կարելի է վրայ-վրայի դնելով մանրամասնօրէն սերտել եւ բաղդատել Պաղեստինի գիւղերու եւ քաղաքներու բռնագրաւումը, բնաջնջումը եւ անուններու բռնի փոփոխութիւնը Իսրայէլի կողմէ:

Օգտագործելով հարթակը` Մաժըտ ներկայացուց իր մեծ մօր Լուպիէ գիւղը, որ այսօր բոլորովին ջնջուած է աշխարհի քարտէսէն: Ան ներկաներուն ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն կարելի է մանրամասնել բնաջնջուած գիւղի մը կազմաւորումը եւ կորուստը` նշանակելով գիւղի բոլոր լիճերը, գետերը, տուները եւ նոյնիսկ ծառերն ու այգիները` հիմնուելով  բռնագրաւումէն առաջ գոյութիւն ունեցող քարտէսի մը վրայ:

Նախաձեռնութիւնը նախ յստակօրէն կը փաստէ, որ Պաղեստինը «անժողովուրդ հողատարածք» մը չէր, ինչպէս որ սիոնական շարժումը կը քարոզէր` արդարացնելու համար հողին բռնագրաւումը եւ հոն տեղափոխելու Եւրոպայի մէջ ապրող «անհող ժողովուրդը» (հրեաները): Եւ երկրորդ, պահանջատիրական գետնի վրայ, հարթակը կը հայթայթէ վնասի եւ հատուցման յստակ պատկերացում` թիւերով եւ տարածքներով:

Օրուան երրորդ ներկայացումը կատարեց լիբանանահայ արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան: Ներկայացումը Թութիկեանի «Exbroideries» արուեստի ցուցահանդէսին մասին էր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած:

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ արուեստագէտին մեծ մօր` Հռիփսիմէ Սարգիսեանի կեանքը, ծնունդէն մինչեւ Պոլիս հաստատուիլը, տեղահանումի, Ցեղասպանութեան եւ նոյնիսկ Տերսիմի ջարդերուն ժամանակ անոր կտրած տարագրութեան ճամբան, անոր իսկ ստեղծած ձեռագործներուն ընդմէջէն:

Ներկաները նախ դիտեցին ծրագիրի բացատրողական տեսահոլովակը: Ապա առիթը ունեցան սքայփի միջոցով կապ հաստատելու Անիթա Թութիկեանի հետ, որ Գերմանիայէն պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Թութիկեան խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս արուեստի ճամբով ան կրցաւ նշել Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ իսկ, եւ թուրք ու քիւրտ հանդիսատեսին ներկայացնել տեղահանումի ցաւը` առանց գործածելու քաղաքական բառամթերք, այլ զուտ մարդկային դիտանկիւնէ` ընտանիքի մը անհատական պատմութեան ընդմէջէն: Թութիկեան ներկայացուց իր մօտեցումը արուեստի միջոցով անձնական յիշողութիւններ հաւաքական դարձնելու մասին: Աշխատանոցի ընթացքին Անիթա Թութիկեանի դստեր` Թաթիանային նախաձեռնութեամբ, ներկաները ստեղծեցին փոքր խմբային ձեռագործ մը` բուրդի թելերով գրելով իրենց մեծ մայրերուն անունները:

Ձեռնարկի աւարտին առիթը ստեղծուեցաւ ամփոփելու օրուան բանալի գաղափարները, որոնց շուրջ օրուան դասախօսները զրուցեցին` ոսպնեակի կեդրոնացումը փոխադրելով յատուկ ծրագիրներէն դէպի ընդհանուր դաշտ:

Աշխատանոցը եզրափակուեցաւ չորս գաղափար- առաջարկներով` Հայ դատի քարոզչութեան նոր տարողութիւն մը տալու նպատակով`

ա) ստեղծագործ միջոցներու եւ արուեստի օգտագործում` ներկայացնելու համար պատմական դէպքեր եւ դատեր,

բ) արհեստագիտութիւնը եւ թուային աշխարհի օգուտները գործիքներ` իրազեկելու համար հանրութիւնը անցեալին պատահած անարդարութիւններու մասին,

գ) անհատական յիշողութիւնները վերածել հաւաքական յիշողութեան, այդպիսով անձնական դժուարութիւնները դարձնելով հանրային խնդիրներ` ճիշդ ընկալելու համար ցեղասպանութիւններու եւ տեղահանութիւններու ունեցած ազդեցութիւնը ընկերութեան վրայ,

դ) փոխարինել զոհի տրամաբանութեան վրայ հիմնուած ճառախօսութիւնը համաշխարհային մարդասիրական դատերու ճառախօսութեամբ` իրարու կապելով տարբեր ժողովուրդներու դատերը եւ զանոնք դիտելով իբրեւ ո՛չ միայն վնասուած ժողովուրդները յուզող, այլեւ ամբողջ մարդկութեան առնչուող հարցեր:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Առողջապահական Օր` ԶՈՄ-ի Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?