Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ.  Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ  Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ. Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը գումարուեցաւ կիրակի, 2 յունիս 2019-ի միջօրէի ժամը 12:30-ին, Ազգային  առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմերուն: Նիստը յատկացուած էր Բերիոյ հայոց թեմի նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութեան: Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը սկսաւ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրաքեանի աղօթքով, ապա կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նամակը, ուր...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ.  Միջհամալսարանական Զարգացման Մրցում

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ. Միջհամալսարանական Զարգացման Մրցում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ) չորեքշաբթի, 5 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ «Ուսանողական-համալսարանական զարգացման մրցում», Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Մրցումին մասնակցեցան Լիբանանի տարածքին գտնուող տարբեր համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներէ կազմուած խումբեր: Մրցակից 9 խումբերը կը ներկայացնէին հետեւեալ համալսարանները` Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանը («Էլ. Էյ. Եու.») իր երկու ճիւղերով` Պէյրութ եւ Ժիպէյլ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (Էյ. Եու....

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբը Գիւմրիի, Վանաձորի  Եւ Երեւանի Մէջ Ելոյթներ Պիտի Ունենայ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Գիւմրիի, Վանաձորի Եւ Երեւանի Մէջ Ելոյթներ Պիտի Ունենայ

Կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներէն խումբ մը հասաւ Հայաստան,  ուր պիտի ներկայացնէ Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութիւնը, զոր բեմադրած եւ անոր մէջ բեմագրական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է Յակոբ Տէր Ղուկասեան: «Տը կուտ տաքթըր»-ի հայաստանեան առաջին ներկայացումը պիտի ըլլայ այսօր` երկուշաբթի, 10 յունիսին, Գիւմրիի «Վարդան Աճեմեան»-ի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, անոր պիտի յաջորդէ, վանաձորեան ներկայացումը`...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.   Կիթառի Եւ Լարային Քառեակի  Համերգ` «Նռան Ձայնը»

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Կիթառի Եւ Լարային Քառեակի Համերգ` «Նռան Ձայնը»

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 9  յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիթառի եւ լարային քառեակի համերգ` գեղարուեստական խմբավարութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ եւ ներկայիս ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Քառեակի խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեան անցնող տարիներուն միջազգային մակարդակներու վրայ արժանացաւ բարձր մրցանակներու: Այս տարի անոր աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեցին...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2).  Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին հետեւող խմբակը շարունակեց ճշդուած ծրագիրին հետեւիլ: Տեսական, դասախօսական ներկայացումներէն անդին, ծրագրուած էր խմբակին մաս կազմող անդամներուն ծանօթացնել տպագրական մարզի կարգ մը գործնական աշխատանքներ: Նիւթին ներկայացումը կատարեց Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ հրատարակչատան մէջ ընդունելով խմբակին անդամները, բարի գալուստ եւ բարի երթ մաղթեց լրագրութեան մարզով...

«Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն»  Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունքի Նոր Կեդրոնի Բացում Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի նոր կեդրոնի բացումը: Սրբազան հայրը կատարեց օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու` ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան: Ան նկատել...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»  Հրատարակչատուն.  Բողբոջ Դասարանի Նոր Դասագիրքի  Ծրարի Ներկայացում

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Բողբոջ Դասարանի Նոր Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

Չորեքշաբթի, 5 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նոր լոյս ընծայած բողբոջ դասարանի նոր դասագիրքի ընդհանուր ծրարի ներկայացման հանդիպումը: Հանդիպումին ներկայ էին լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, մանկապարտիզպանուհիներ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ  ծրարը պատրաստող խումբը, որուն մաս կը կազմեն Թալին Եահնիեան, Անի Կէօքկէօզեան, Սօսէ Ճինպաշեան, Սեդա Մածունեան եւ Իրմա Ճէրէճեան: Իսկ ծրարի...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում  Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան  Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

Երեքշաբթի, 4 յունիս 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի (ՍՇՕՎ) Կեդրոնական  մարմինին հետ: Հանդիպումէն Ճամբորդութեան պատճառով կը բացակայէին Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն առաջնորդները: Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ ողջունեց ՍՇՕՎ-ի Կեդրոնական մարմինի եօթը տարիներու ծաւալուն գործունէութիւնը եւ գնահատեց անոր պատմական վեհ առաքելութիւնը,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ «Նարեկ»  Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ  Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ «Նարեկ» Աղօթամատեան Զետեղուեցաւ Գէորգ Չաւուշի Շիրիմին Վրայ

Հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, խումբ մը ազգայիններ, առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեցին Գէորգ Չաւուշի գերեզմանը: Անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անմահանուն հերոս Գէորգ Չաւուշին եւ այս առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ, «Նարեկ» աղօթամատեան մը զետեղեցին անոր շիրիմին վրայ, եռագոյն դրօշի կողքին: Ծանօթ են մեր ժողովուրդին Գէորգ Չաւուշի` Սրբոց Առաքելոց վանքի եւ...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 153.  «Սեւրի Համաձայնագիրի 100-ամեակին Ընդառաջ. Սահմաններ` Սեւրէն Առաջ Եւ Ետք. Հայաստան  Եւ Միջին Արեւելք» Նիւթով Քննարկում

Մամլոյ Լսարան Թիւ 153. «Սեւրի Համաձայնագիրի 100-ամեակին Ընդառաջ. Սահմաններ` Սեւրէն Առաջ Եւ Ետք. Հայաստան Եւ Միջին Արեւելք» Նիւթով Քննարկում

Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 153-րդ լսարանը` Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ: Կլոր սեղան-քննարկումի բնոյթ կրող մամլոյ լսարանին նիւթն էր «Սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք»: Քննարկումը վարեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան, իսկ օրուան զեկուցաբերներն էին` Միշիկըն-Տիրպոռն համալսարանի դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան` «Հայաստան. սահմաններ եւ...

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի  Ամավերջի Աշակերտական Ցուցահանդէսն  Ու Վկայականաց Բաշխում

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Աշակերտական Ցուցահանդէսն Ու Վկայականաց Բաշխում

Հարցազրոյց` Դպրոցի Պատասխանատու Վազգէն Մուղալեանին Հետ Երէկ` հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի ամավերջի աշակերտական ցուցահանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Այս առիթով խօսք արտասանեց «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի պատասխանատու Վազգէն Մուղալեան: Ան ըսաւ, թէ 31 տարիէ ի վեր կը գործէ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը, որ տարիներու ընթացքին տուած է արուեստագէտներ, որոնք...

Հանդիպում ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան»  Ուսանողական Միաւորի Եւ ՀՅԴ Զաւարեան  Ուսանողական Միութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Հանդիպում ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» Ուսանողական Միաւորի Եւ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ի երեկոյեան, «Աբրահամ Աշճեան» ուսանողական-երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ԵՌԱԿ-ի «Մ. Փորթուգալեան» ուսանողական միաւորի եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը ծանօթացման նպատակ ունէր, անոր ընթացքին զոյգ միութիւնները ծանօթացուցին իրենց ներկայացուցած կառոյցները, տարած աշխատանքները եւ ապագայի ծրագիրները: Քննարկուեցան համագործակցութեան վերաբերող ծրագիրներ: Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ժամանակակից...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի  Այցելութիւններն Ու Հանդիպումները Հալէպի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Այցելութիւններն Ու Հանդիպումները Հալէպի Մէջ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Հանդիպումը Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Մարմիններուն Եւ Ուղեկից Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ Կիրակի, 2 յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Օրուան պատարագիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի ազգային մարմիններու, պատկան մարմինի անդամներ,...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանէն  Եւ Կիպրոսէն Լիբանան Եկած Ազգայիններ

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանէն Եւ Կիպրոսէն Լիբանան Եկած Ազգայիններ

Երկուշաբթի, 3 յունիս 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն եկած չորս ազգայիններ` առաջնորդութեամբ Կոմիտաս արք. Օհանեանին: Անոնք Լիբանան եկած էին իբրեւ զեկուցաբերներ` մասնակցելու Հայկազեան համալսարանին կողմէ կազմակերպուած Յունաստանի եւ Կիպրոսի հայ գաղութներուն նուիրուած համագումարին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ ազգայինները լայն տեղեկութիւններ հաղորդեն վեհափառ հայրապետին յիշեալ գաղութներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ...

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական  Քոլեճի Աշակերտուհին Արձանագրած Է  Պատուաբեր Արդիւնք Մը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Աշակերտուհին Արձանագրած Է Պատուաբեր Արդիւնք Մը

10-20 ապրիլ 2019-ին Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցան արուեստի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնի լսումները, որոնց «լարային գործիքներ» դասակարգին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն 10-ամեայ Սելա Սվաքճեանը եւ տիրացաւ միջազգային մրցանքի 2-րդ դիրքին: Ան կազմակերպիչներուն որոշումով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքին մէջ 8-19 յուլիսին տեղի ունենալիք միջազգային մրցումին ու վարպետութեան դասերուն: Յիշեցնենք, որ...

Հալէպի Մէջ.  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Համախմբուինք  Մեր Պետականութեան Շուրջ` Իրականացած  Տեսնելու Համար Մեր Ազգային Իղձերը»

Հալէպի Մէջ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Համախմբուինք Մեր Պետականութեան Շուրջ` Իրականացած Տեսնելու Համար Մեր Ազգային Իղձերը»

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 1 յունիս 2019-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ արժանավայել հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը` կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդական միութեան: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ տէր Կոմիտաս Տատաղլեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած  Ժողովրդային Փառատօն

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Ժողովրդային Փառատօն

«ՀՅԴ-ն Կոչ Ուղղեց Բոլորին` Համախմբուելու, Սարդարապատեան Ոգիին Վերստին Հաղորդակից Դառնալով Դիմագրաւելու Արտաքին Ամէն Տեսակի Մարտահրաւէր» Ըսաւ Տոքթ. Էլի Թաշճեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Սարդարապատ»  կոմիտէի  քարոզչական յանձնախումբին, նախագահութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, երէկ` կիրակի 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին,  Պուրճ Համուտի «Աբրահամ Աշճեան» փողոցի «Արին» կեդրոնին կից  տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած ժողովրդային փառատօն, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ կերտուած...

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան»  Երաժշտական Քոլեճի  «Տաւիղ» Նուագախումբին Համերգը

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի «Տաւիղ» Նուագախումբին Համերգը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` կիրակի, 2 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաւիղ» նուագախումբի համերգը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Յայտագիրին պաշտօնական բացումը կատարեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ իր խօսքը սկսաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին անունով բարի...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը մայիս 2019 ամսուան ընթացքին ընդառաջած է 24 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ ապրիլ 2019 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացած է 352 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում կատարած են 4 զոյգեր, որոնք պայմանները լրացուցած ըլլալով արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարած են 17 պարագաներ, որոնք...

Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդ.  «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական  Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ կատարուեցաւ 2 մարտ 2019-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հարազատներուն ու ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ...

Page 189 of 365 1 … 188 189 190 … 365

Արխիւներ